Պուրճ Համուտի Մէջ Նոր Կառուցուող Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տեսլականն Ու Առաքելութիւնը
Տեսլական
Ազգային Միացեալ վարժարանի տեսլականն է պատրաստել Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմ, բարոյական արժէքներու տէր, ազգային ու մարդկային առողջ դաստիարակութիւն ստացած գիտակից, յանձնառու եւ նուիրեալ հայեր ու պարկեշտ քաղաքացիներ:
Առաքելութիւն
Ա.- Ազգային Միացեալ վարժարանը նոր դպրոց չէ, այլ` բնական շարունակութիւնը լիբանանահայ գաղութին մօտաւորապէս դար մը ծառայած մեր ազգային վարժարաններուն:
Բ.- Ազգային Միացեալ վարժարանը կու գայ լիբանանահայ գաղութին ծառայած ազգային մեր վարժարաններուն պաշտպանած արժէքներն ու աւանդը տեղադրելու նոր հունի մէջ` զանոնք պատշաճեցնելով 21-րդ դարու պահանջներուն եւ պայմաններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերանորոգ կերպերով պատրաստել ապագայ սերունդներ, որոնք պիտի կարողանան լաւագոյնս դիմագրաւել գալիք ժամանակներու մարտահրաւէրները:
Գ.- Ազգային Միացեալ վարժարանը մանկավարժական հիմնարկ է եւ արդի մանկավարժական չափանիշներ հիմքը կը կազմեն անոր գործունէութեան:
Դ.- Միացեալ վարժարանը հայակերտումի՛ կեդրոն է: Անոր առաքելութիւնը ոչ միայն պատրաստելն է վաղուան հայը իր ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեամբ ու պատասխանատուութեանց յանձնառութեամբ, այլեւ` սփիւռքի տարածքին գործող հայկական կրթօճախներու եւ կառոյցներու համար հանդիսանալ կարեւոր աղբիւր ու ռահվիրայ:
Ե.- Միացեալ վարժարանի կրթական-ուսումնական համակարգը ուսանողներուն մօտ կը հետապնդէ ստեղծագործ մտքի, հետազօտութեան եւ քննական մտածողութեան զարգացում:
Զ.- Միացեալ վարժարանի կրթական-ուսումնական համակարգը կ՛ընդգրկէ այլազան ծրագիրներ, որոնք ուսանողներուն կը մատուցուին իրենց ունեցած կարիքներուն համաձայն:
Ազգային Միացեալ վարժարանէն ներս կը կիրարկուին`
– Լիբանանեան կրթական ծրագիր
– Միջազգային կրթական ծրագիր
– Արհեստից վարժարանի յատուկ ծրագիր
– Արեւմտահայերէնի եւ հայերէնագիտութեան նիւթերու արդիական ծրագիր: