Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Հիմնադիր–Նախագահ Կարօ Քեպապճեան Պարգեւատրուեցաւ Ոսկի Մետալով


 

«Հայերն Այսօր».– 4 Սեպտեմբերին սփիւռքի նախարարը ընդունեց Հայ սեւ գօտիներու միութեան հայկական ակադեմիոյ նախագահ ու հիմնադիր, աշխարհի քոնկ ֆու-ուու շուի դաշնակցութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնական ներկայացուցիչ, լիբանանահայ Կարօ Քեպապճեանը:
Հանդիպման ներկայ էին միութեան համաշխարհային մասնաճիւղերու ղեկավարները, Սեւ գօտիներու հայկական ակադեմիոյ հանրային կապերու պատասխանատու Աբրահամ Գասպարեանը եւ այլ հիւրեր:
Ողջունելով հիւրերը՝ սփիւռքի նախարարը շեշտեց. «Անգնահատելի է Կարօ Քեպապճեանի ներդրումը Սփիւռքում հայապահպանութեան, հայի ոգին բարձր պահելու, քաջարի, անկոտրում սերունդ կրթելու գործում: Քառասուն տարի շարունակ այս ակադեմիայի թիմը կարողացել է մրցանակներ շահել, յաղթել: Հայ սեւ գօտիների միութեան ակադեմիան հայեցի դաստիարակութեան, հայակերտման մեծ ճամբար է»:
Աբրահամ Գասպարեանը նշեց, որ ակադեմիան իր մասնաճիւղերը ունի Լիբանանի, Քանատայի, Կիպրոսի, Միացեալ Նահանգներու, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Նախատեսուած է Հայաստանի մէջ եւս գրասենեակ հաստատել։
Օգոստոսին Հայ սեւ գօտիներու միութեան ներկայացուցիչ մարզիկները տիրացած են աշխարհի ախոյեանութեան եւ այդ յաղթանակը նուիրած են միութեան 40ամեակին, որ 2 Սեպտեմբերին մեծ շուքով նշուած է Շուշիի մէջ՝ Արցախի անկախութեան 23ամեակի տօնակատարութիւններուն ընթացքին։
Հայ սեւ գօտիներու միութեան 40ամեակին առիթով եւ հայապահպանման իմաստով ունեցած անգնահատելի ներդրման համար միութեան հիմնադիր նախագահ Կարօ Քեպապճեանը, որ կը կրէ «Մասթըր» տիտղոսը, պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով։
Կ. Քեպապճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւին համար եւ նշեց. «Շնորհակալ եմ նաեւ Հայաստանի նախագահին, որ մեզի կ՛աջակցի տակաւին պաշտպանութեան նախարար եղած օրերէն։ Մեր յոյսը մենք ենք, ոչ ոք կրնայ մեզի յաղթել։ Մենք պէտք է ուժեղ ըլլանք ու միասնաբար անպայման պիտի յաղթենք»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.