USAID-ն Յաջողած Է Խոստացուած 250 Միլիոն Տոլարին Շուրջ 50 Տոկոսը Հայաստանին Փոխանցել
- (0)

2024ին, Հայաստան USAID-ի հետ դրամաշնորհային համաձայնագիրի ընդհանուր ծրարէն նախատեսուած 250 միլիոն տոլարի փոխարէն ստացած էր 110 միլիոն տոլար՝ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեան զարգացման ծիրին մէջ: Այս մասին «Սփութնիք Արմէնիա»ի գրաւոր հարցումին իբրեւ պատասխան յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Վերեւը նշուածը կը վերաբերի Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան առաքելութեան տնօրէն Ճան Ալելոյի միջեւ Սեպտեմբեր 2024ին ստորագրուած փաստաթուղթին, որուն միջոցով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող դրամաշնորհային համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարուեցան: Իբրեւ արդիւնք՝ USAID-ի (Միացեալ Նահանգներու ՄԶԳ) համաձայնագիրով նախատեսուած գումարի շեմը գրեթէ կրկնապատկուած էր` 120 միլիոն տոլարէն հասնելով 250 միլիոն տոլարի, ինչպէս նաեւ ընդլայնուած էին միացեալ ծրագիրներու ուղղութիւնները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ իրենց եւ ՄԶԳի կողմէ ֆինանսաւորուող արտաքին աջակցութեան բոլոր ծրագիրները սառեցուած են, եւ գերատեսչութիւնը այլեւս գործակալութեան հետ համատեղ իրականացուելիք ծրագիրներ չունի: