Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի Արտգործ Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Տուն Կանչել Անգարայի մօտ Գանատայի Դեսպանը
April 06, 2020Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2020-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը յղեց Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Ֆրանսուա Ֆիլիբ Շամբայնին, յորդորելով՝ ջնջել տալ Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպանատան անխոհեմ թուիթըրեան գրառումը, որ կը վերաբերի Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքներուն: Աւելին, յանձնախումբը ...