Հայ Դատի յանձնախումբի նամակարշաւ ուղղուած Գանատայի արտգործ նախարարին դատապարտելու թուրք-ատրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւնները
September 30, 2020Սեպտեմբեր 30-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ Գանատայի արտգործ նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին ուղղուած ստորագրահաւաք-նամակարշաւ մը, որպէսզի ան դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններն ու կասեցնէ գանատական զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ։ Նամակին մէջ կը նշուի, որ Գանատայի ...