Ստեփանաւանի մէջ եւս 10 ձերբակալութիւն. «Ուժեղ Հայաստան» կը դատապարտէ իշխանութիւններուն գործողութիւնները
October 23, 2026ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հակափտածութեան կոմիտէն հոկտեմբեր 23-ին յայտնած է, որ Ստեփանաւանի մէջ ընտրակաշառքի գործով ձերբակալուած է եւս 10 անձ՝ գործով մեղադրեալներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 24-ի։ Ձերբակալութիւնները տեղի կ՚ունենան հոկտեմբեր 25-ին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ընդամէնը երկու օր առաջ։ Հոկտեմբեր 21-ին իրաւապահ մարմինները ...