ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԷՆ՝ «ԵՐԿՈՒ ԴՐԱԽՏՆԵՐԸ»
October 18, 2017Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի «100-ամեակ»ի մատենաշարը հարստացաւ նոր հրատարակութեամբ մը։ Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները» կու գայ միանալու ցարդ տպագրուած չորս հատորներուն՝ Քասիմի «Օրուան մտածումներ», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» եւ նոյնպէս Թէքէեանի «Կեսարիա» հատորներուն։ «Ժամանակ»ի հրատարակութեան 100-ամեակին առթիւ կը ...