Հայաստան-Ազրպէյճան Միացեալ Յայտարարութիւն. Ազրպէյճան Ազատ Կ՛արձակէ 32 Հայ Զինուորական Ծառայողներ
December 08, 2023Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմը միացեալ յայտարարութիւն տարածած են: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմէն, յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը համակարծիք են, որ շրջանին մէջ վաղուց սպասուած խաղաղութեան հասնելու պատմական կարելիութիւն կայ: ...