Ռուսիա Իր Դիւանագիտական Խօսոյթին Մէջ «Զանգեզուրի Միջանցք» Եզրը Չ՛օգտագործեր
March 28, 2024Ռուսիա կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ առաւելագոյն զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ յարձակողապաշտ հռետորաբանութենէն խուսափելու: Այս մասին 27 Մարտին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` անդրադառնալով հայկական եւ ատրպէյճանական մամուլին մէջ տեղ գտած այն հրապարակումներուն, ըստ ...