Քեսապի մէջ նշուեցաւ Դաշնակցութեան 125ամեակը
December 10, 2015Քեսապի «Սարդարապատ» սրահը Սուրիական Հայրենիքի հնգամեայ տագնապին պատճառոփ, բացի դպրոցական քանի մը ձեռնարկէ, ամայի մնացած էր։ Առնուազն չորս տարի անոր բեմը տօնական պատկեր չէր ունեցած։Հանդիսութիւն, ձեռնարկներ չկային։ Մանաւանդ քեսապցիներու 21 Մարտ 2014-ի տեղահանութենէն ետք, հոգեվիճակները անկում կրած էին․ ...