Թեւերդ բաց, լա՜յն թեւերդ…


Բառերը կու գան Պետոյի յիշատակին նուիրուած երգէն։ Կ՚ուղղուին Համազգայինին…

Առիթը, որ անգամ մը եւս կը մղէ զիս անդրդադառնալու առաքելութեանը Համազգայինի (անունը կը գործածեմ առանց չակերտներու)՝ Երեւանի մէջ 18-19 նոյեմբերին տեղի ունեցած այն երկօրեայ գիտաժողովն է որ, որուն բնաբանն էր «Հայերէն լեզուի հիմնախնդիրները»։ Նախաձեռնութիւնն էր Համազգայինի ու Երեւանի պետական համալսարանի։ Եւ մենք միայն շնորհակալ կրնանք ըլլալ նման նախաձեռնութեան իրացման համար։

Շնորհակալ՝ առաջին հերթին Համալսարանին, որ ընդառաջացած է Համազգայինի առաջարկին՝ նման կարեւոր գործի ձեռնարկելու համար։ Բայց մանաւանդ Համազգայինին ու անոր Երեւանի գրասենեակին՝ պաշտօնապէս իբր «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամ» գրանցուած կազմակերպութեան ափի մը մէջ սեղմուող անձնակազմին։ Այս գիտաժողովը, ինչպէս անոր նախորդող գիտաժողովները, նուիրուած մեր մշակոյթի տարբեր երեւոյթներուն ու երախտաւորներուն, ինչպէս բազմաթիւ հրատարակութիւնները, որ տարիներու ընթացքին հրապարակ դրուեցան, իրականացան շնորհիւ այդ անձնակազմի անխոնջ ջանքերուն ու անսահման նուիրումին։

Համոզուած եմ, որ հիմա՛ է ատենը, որ մենք վերանայինք Համազգայինի իրավիճակն ու աշխատանքային ծրագիրը Հայաստանի մէջ եւ ոչ միայն Հայաստանի մէջ։

Մեր այս կազմակերպութիւնը, որ հիմնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կարկառուն դէմքերուն՝ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի ու Համօ Օհանջանեանի եւ իրենց տեսիլքը բաժնող խումբ մը հաւատաւոր ազգայիններու կողմէ, բայց մանաւանդ ինքզինք շուքին մէջ պահած, բայց անոր ստեղծման գաղափարը յղացած ու անուան կնքահայրը հանդիսացող Վահան Նաւասարդեանի կողմէ, հիմնուեցաւ վառ պահելու համար Ամբողջական Հայաստանի ու Ամբողջական հայութեան գաղափարը, եւ ի զուր չէ, որ մկտրուեցաւ Համազգային անունով։ Այդ նուիրական գաղափարականը, յարգա՛նք հայ ժողովուրդին, դիմացաւ բոլոր փորձութիւններուն ու փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ ու խորհրդային կարգերու տապալումէն ետք վերընձիւղեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ։ Բայց տակաւին պէտք է շարունակենք զայն կենդանի պահել ու աւանդել գալիք սերունդներուն, որովհետեւ դեռ պէտք է ամբողջանայ Հայաստանը, եւ դեռ ամբողջանայ հայութիւնը։

Ահա այս գաղափարին դրօշակիրն է Համազգայինը, որ մշակոյթի ու կրթութեան ճամբով պիտի վարակէ սերունդները՝ Սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի։ Պիտի վարակէ ու համախմբէ հայութիւնն ու հայ երիտասարդութիւնը, իր ամբողջական ներուժով ծառայելու համար այդ նպատակի իրագործման։

Ահա թէ ինչո՛ւ մենք իրաւունք չունինք բաւարարուելու եղածով՝ մեր յաջողութիւններով ու նուաճումներով, եւ պարտաւոր ենք տեսնել Համազգայինը աւելի լայն դերակատարութեամբ թէ՛ հայրենիքէն դուրս, թէ՛ հայրենիքէն ներս։

Նախ անդրդադառնամ այս վերջինին։ Այնտեղ Համազգայինի գործունէութիւնը կը գտնուի ակադեմական մակարդակի վրայ առաւելաբար, ինչպէս նշուեցաւ վերեւը։ Սակայն աշխատանք կայ տարուելիք նաեւ այլ մակարդակներու վրայ, կամ ոլորտներու մէջ։ Ունինք այն թիւրիմացութիւնը, թէ երգի-պարի, թատրոնի, գիր ու գրականութեան եւ կերպարուեստի ոլորտներուն մէջ երկիրը օժտուած է արդէն բաւարար միաւորներով, որոնք այդ գործունէութիւնը կը ծաւալեն ընդհանրապէս, ու անհրաժեշտ չէ Համազգայինի ներդրումը կամ մասնակցութիւնը այդտեղ։ Իրականութիւնը այն է, որ հակառակ որակաւոր խումբերու գոյութեան, բոլորին պարագային ալ անոնք տնտեսական կռուաններու պէտք ունին՝ հովանաւորներո՛ւ՝ վերապրելու համար, քանի որ այլեւս պետութիւնը, մանաւանդ կիսապատերազմական դրութեան մէջ գտնուող երկիրը ամբողջովին չի կրնար հասնիլ անոնց կարիքներուն։ Այս ուղղութեամբ Համազգայինը կրնայ նախախնամական դեր խաղալ եւ աշխատիլ անհրաժեշտ տնտեսական միջոցները գոյացնելու տեղւոյն վրայ թէ արտասահմանէն՝ զօրավիգ կանգնելու համար այդ խումբերուն եւ մշակոյթի ու կրթութեան գործիչներուն։ Ան կրնայ յառաջացնել համահայկական անշահաբեր գործակալութիւն մը, որուն միջոցաւ խումբեր թէ անհատ արուեստագէտներ կրնան շրջիլ թէ՛ մեր երկրի տարբեր կողմերը, թէ՛ աշխարհի տարբեր կողմերը, ու վաստկիլ միջազգային ճանաչում եւ յարգանք։ Համազգայինը կրնայ նաեւ քաջալերել սիրողական խումբերու յառաջացումը կամ խրախուսումը Երեւանէն դուրս շրջաններուն մէջ, մարզերո՛ւն մէջ, փոխադարձ ծանօթացում հաստատելով կեդրոնին ու ծայրամասերուն միջեւ։ Իսկ գրականութեան մարզէն ներս, գրողները խրախուսելէ, անոնց տէր կանգնելէ զատ նաեւ գրատարածման աշխատանքին իր մասնակցութիւնը կրնայ բերել – հայաստանեան հրատարակութիւնները մատչելի դարձնելով Սփիւռքի մէջ, սփիւռքեանները՝ Հայաստանի, այլեւ նոյնինքն Սփիւռքի…

Տակաւին կայ ամբողջ անկոխ դաշտ մը Համազգայինի համար՝ ըլլա՛յ նախկին

խորհրդային տարածքին սփռուած ու դեռեւս բազմացող հայութեան զանգուածներուն մէջ, ըլլա՛յ Արեւմտեան Հայաստանի ցարդ գուցէ թաքնուած բայց հետզհետէ իրենց ինքնութեան գիտակցութեան եկող կամ ինքնութիւնը բացայայտող զանգուածներուն։

Դեռ 1994-ին, Համազգայինի Բ. պատգամաւորական ժողովը կը նախատեսէր Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի կամ ներքին սփիւռքի մէջ մասնաճիւղեր կամ ներկայացուցչական մարմիններ ստեղծել… Առաջադրանք, որ մնաց չիրականացած երազներու ցանկին վրայ։ Նման առաջադրանք, սակայն, կ՚ենթադրէ մարդուժ՝ կամաւորական բանակ եւ նիւթական կռուաններ անսպառ։ Կ՚ենթադրէ տեղւոյն պայմաններուն պատշաճող կազմակերպական կառոյց, որ կրնայ բոլորովին տարբեր ըլլալ մեր գիտցած կառոյցներէն։ Բայց ամենէն աւելի կ՚ենթադրէ տեսի՛լք…

Գալով արտերկրի, ուր Համազգայինը իր օրհնաբեր ցանցը տարածած է, այնտեղ հարցը կը դրուի ճի՛շտ հակառակ ուղղութեամբ։ Մարտահրաւէրը առաւել մասնագիտական, արհեստավարժ խումբերու ստեղծումն է, որակեալ արուեստագէտներու քաջալերումը, աշխարհին առջեւ հայ մշակոյթի բարձրագոյն մակարդակով ներկայանալու եւ չափուելու հարցն է։ Իսկ այս առաքելութիւնն ալ կրնայ սկսիլ դպրոցներէն, ինչ որ Համազգայինը կը դնէ իր կրթական առաքելութեան մէջ։

Միշտ ջատագոված եմ Համազգայինի կեդրոնները գերմանական Կէօթէ հիմնարկներու նմանողութեամբ վայրերու վերածելու գաղափարը, որով հայ թէ օտար, հայ մշակոյթի թէ կրթութեան, պատմութեան թէ քաղաքակրթութեան որեւէ հարցով պիտի գիտնան հոն դիմել ու ստանալ որոնուած տեղեկութիւնը կամ աղբիւրները, այնտեղ ճանչնալ տեղացի թէ այցելու հայ արուեստագէտները։ Համազգայինը, որ Սփիւռքի մէջ կրթա-մշակութային նախարարութեան մը դերը խաղաց անկախ պետականութեան բացակայութեան ամբողջ շրջանին, այժմ կրնայ դառնալ ՀՀ համապատասխան նախարարութիւններուն ու հաստատութիւններուն անմիջական գործակիցը։

Այս բոլորը անշուշտ կրնան իրականանալ իրապէս համահայկական ուժերով, որոնց համախմբումը եւ զօրաշարժի ենթարկելը պէտք է ըլլան Համազգայինի առաքելութիւնը՝ իր անուան իսկ բերումով, եւ կրնան իրականանալ իրապէս համահայկական կրթա-մշակութային հիմնադրամով, որուն ստեղծումը նոյնպէս Համազգայինի առաքելութիւնը պէտք է հանդիսանայ։

Ահա թէ ինչո՛ւ կ՚ըսեմ՝ բա՛ց թեւերդ, լա՜յն թեւերդ…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ   


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.