«Թուրքիոյ ներկայութիւնը աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը» յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, եւրոպացի խումբ մը լրագրողներու հետ հանդիպման
October 14, 2020Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ եւրոպացի խումբ մը լրագրողներու հետ, որոնք վերջին օրերուն Արցախ կը գտնուէին: Նախագահը պատասխանեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած ռազմական յարձակումներուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ անոնց ուղղած հարցումներուն: Ան յատկապէս ցաւ յայտնեց, ...