Էջեր Հալէպահայի մը օրագրէն – ԺԹ.
March 06, 2014Գիրքը, զոր նուէր ստացայ, Օրհան Փամուքի «Սեւ Գիրք»ն է: Հակառակ սովորութեանս, քանի մը օր դրուած տեղը մնաց այս գիրքը: Յետոյ առի ձեռքս վարանումով, շօշափեցի կողքը ... Կը յիշեմ, որ Մոնթրէալի հին գիրքերու խանութին մէջ նոյն վարանումով ձեռք առեր ...