Քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ հայ զինեալներուն զօրակցութիւնը հարցականներ կը ստեղծէ

 

Էմիլ Դանիէլեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի կայքին վրայ 14 Սեպտեմբերին զետեղուած (http://www.azatutyun.am/a/27984234.html), ապա նոյն օրն իսկ վերցուած իր վերոնշեալ խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ Հայաստանի ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ եւ Արեւմուտքի հետ աւելի սերտ կապեր ջատագովող գլխաւոր ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները ինչո՞ւ գործնական կերպով զօրակցութիւն ցուցաբերեցին այն ծայրայեղ ազգայնական զինեալներուն, որոնք կառավարութիւնը տապալելու ձախող փորձի մը ընթացքին գրաւեցին Երեւանի մէջ ոստիկանատուն մը։ Հարցում մը, որ կրնայ տակաւին երկար ատեն հալածել զիրենք կամ անոնց ամերիկացի եւ եւրոպացի նուիրատուները։

Մեծ մասամբ արեւմտեան ֆինանսաւորում ունեցող քաղաքացիական խմբակները հայաստանեան իշխանութիւններուն եւ լուսանցքային ընդդիմադիր խմբաւորումի մը զինեալ անդամներուն միջեւ երկու շաբաթ տեւողութեամբ եւ երեք ոստիկաններու մահուան պատճառ դարձած դիմակայութեան ընթացքին բազմաթիւ յայտարարութիւններ հրապարակեցին։ Անոնք շարունակ դատապարտեցին Երեւանի մէջհակակառավարական ցոյցերու ընթացքին զանգուածային ձերբակալութիւնները եւ ոստիկանութեան կողմէ զինեալներու համակիրներուն դէմ անհամաչափ ուժի կիրարկումը։

Սակայն, ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան, ոչ իսկ անգամ մը դատապարտեցին քաղաքի հարաւային Էրեբունի արուարձանին մէջ ոստիկանատան դէմ մահաբեր յարձակումը։ Այդ խմբաւորումներէն ոմանք մինչեւ իսկ արդարացուցին բժշկական անձնակազմը պատանդ բռնելու զինեալներու որոշումը, որ մասնաւորաբար բուռն քննադատութեան արժանացաւ արեւմտեան ուժերու կողմէ։

17 Յուլիսի կանուխ առաւօտուն ոստիկանատունը գրաւելէ անմիջապէս ետք, զինեալները պահանջեցին, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ազատ արձակէ «Հիմնադիր Խորհրդարան» շարժումի ղեկավար Ժիրայր Սեֆիլեանը եւ հրաժարի։ Դիմատետրեան գրառումի մը մէջ անոնք կատարեցին այն սխալ պնդումը, որ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են ամբողջ Երեւանի շրջանն ու «անոր յարակից մասերը»։

«Բանակային զօրամասեր միացած են մեզի։ Ըմբոստութիւնը կը տարածուի ամբողջ երկրի տարածքին», ստեցին անոնք յայտարարութեան մէջ։

Երեսուն զինեալները նաեւ հայերուն կոչ ուղղեցին դուրս գալ փողոց, զինուիլ, յաւելեալ ոստիկանատուներ գրաւել եւ «չէզոքացնել» իրենց դիմադրող ոեւէ մէկը։ Զինեալներու բանբեր Վարուժան Աւետիսեան հետագային ընդդիմադիր ԿԱԼԱ պատկերասփիւռի կայանէն բացատրեց, թէ մարդիկ պէտք է «ֆիզիքապէս քանդեն» իրաւապահ մարմիններու ոեւէ անդամ, որ իրենց դէմ ուժ կը կիրարկէ։

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով քննադատեց Էրեբունիի յարձակումը, նաեւ Երեւանի մէջ իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց «պատշաճ ինքնազսպում» ցուցաբերելու։ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը իր կարգին զայն «անընդունելի» նկատեց։

Հայաստանի քաղաքացիական խմբաւորումներու հակազդեցութիւնները նկատառելի կերպով տարբեր էին։ Աւելի քան տասնեակ մը այդպիսի խմբաւորումներ 20 Յուլիսին հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ իշխանութիւններէն պահանջելով գրաւուած ոստիկանատունը չներխուժել եւ այդ ատեն պատանդ բռնուած ոստիկանները չփորձել ազատ արձակել։ Անոնք ըսին, որ այդ քայլը արգելակելու համար հայկական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու գործիչներուն պէտք է արտօնուի շրջափակուած տարածքին շուրջ «ապահովութեան մարդկային պատուար» մը կազմել։

Յայտարարութիւնը ստորագրողներու շարքին էին Վանաձորի մէջ հաստատուած մարդկային իրաւանց դիտարանի մը՝ Հելսինքիի քաղաքացիներու համախմբումը, երկու ոչ կառավարական կանանց կազմակերպութիւններ, որոնք կը պայքարին ընտանեկան բռնութեան դէմ, միասեռականներու իրաւունքներու պաշտպան «Վարդագոյն Հայաստան» կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ Կիւմրիի մէջ հաստատուած «Ասպարէզ» լրագրողներու ակումբը։ Վերջինիս ատենապետ Լեւոն Բարսեղեան, հետագային դարձաւ Էրեբունիի զինեալներու զօրակցութեան ամէնօրեայ հաւաքներու ամենէն ականաւոր բանախօսներէն մէկը։

Նշեալ խմբաւորումներուն մեծամասնութիւնը առնչուած են նաեւ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը վայելող քաղաքացիական հասարակութեան համախմբումին, որ կը ջատագովէ Հայաստանի եւրոպական համարկումը։ Անոր ղեկավարներէն մէկը՝ Յովսէփ Խուրշուտեանը նաեւ գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ հաւաքներուն։

Համախմբումը 21 Յուլիս թուակիր յայտարարութեան մը մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները այպանեց Էրեբունիի մէջ ստեղծուած կացութեան համար, յայտնելով որ համատարած ընտրական կեղծիք, կառավարական փտածութիւն եւ երկրին մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներ գոյութիւն ունին։ Յայտարարութիւնը նշեց, որ յարձակումին առաջին զոհ ոստիկանը (գնդ. Արթիւր Վանոյեանը) մահացաւ 17 Յուլիսին, սակայն արարքին համար չքննադատեց զինեալները։ Փոխարէնը պահանջեց «յստակ երաշխիքներ», թէ իշխանութիւնները յարձակում գործողներուն դէմ ուժ պիտի չկիրարկեն։

«Եւրոպան օրէնքի մէջ» կոչուած մէկ այլ հայկական խմբաւորում մը իշխանութիւններէն պահանջեց զինեալներուն սննդեղէնի եւ ծխախոտի մատակարարումը արգելակելէ դադրիլ։ Խմբաւորումը ըսաւ, որ իշխանութիւնները ակնյայտօրէն կը փորձեն զանոնք սովի մատնել։

Արեւմտեան եւ հայկական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հակազդեցութիւններուն միջեւ հակասութիւնը աւելի ակնյայտ դարձաւ, երբ զինեալ խմբակը պատանդ բռնեց հիւանդատար ինքնաշարժի մը անձնակազմը, որուն ապահովական ուժերուն կողմէ արտօնուած էր վիրաւոր անդամներուն բժշկական օժանդակութիւն տրամադրել։ Թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը, թէ՛ Միացեալ Նահանգները բժիշկներուն անմիջական ազատ արձակումը պահանջեցին։

Անոնք բոլորն ալ ազատ արձակուեցան 31 Յուլիսի առաւօտեան։ Էրեբունիի ոստիկանատան մէջ մնացած մնացեալ շուրջ քսան զինեալները այդ օրուան մէջ զէնքերնին վար դրին։

29 Յուլիսին հայկական աւելի քան քսան խմբաւորումներ միջազգային ընտանիքին ուղղուած դիմումի մը մէջ յայտնեցին‚ որ «ըմբոստացողները ստիպուեցան բժշկական անձնակազմը պատանդ բռնել»‚ որովհետեւ իշխանութիւնները իրենց ընկերներէն ոմանք վիրաւորած էին եւ այդպիսով ստիպած‚ որ անձնատուր ըլլան։ Դիմումը ստորագրած անձերուն շարքին էին ոչ միայն Երեւանի մամլոյ ակումբի նման տեղական դիտարաններ‚ այլ նաեւ ամերիկացի մարդասէր ՃորՃ Սորոսի Open Society Foundations-ի հայաստանեան մասնաճիւղը։

Արեւմտամէտ քաղաքացիական հասարակութեան կեցուածքը քննադատութեան արժանացաւ այլ ընդդիմադիր ու ազատական շրջանակներէ‚ որոնք դատապարտած էին Էրեբունիի յարձակումը։ Ընդդիմադիր Հայ Ազգային Քոնկրէսի (ՀԱՔ) բանբեր Արման Մուսինեան զինեալներու արարքներուն այդ դիմումին «գրեթէ բացայայտ արդարացումը» կոչեց երկշաբաթեայ ճգնաժամին «ամենէն հակասական» երեւոյթը։

«Կազմակերպութիւններ‚ որոնք տարիներ շարունակ հասարակութեան ժողովրդավարական արժէքներ‚ օրէնքի իշխանութիւն եւ բռնութեան բացառում քարոզած են, անմիջապէս մէկդի նետեցին Հայաստանի սահմանադրութիւնը», ըսաւ Մուսինեան 10 Օգոստոսին, Ilur.am-ին վրայ տեղադրուած յօդուածի մը մէջ։

Անկախ երեսփոխան եւ արեւմտեան ֆինանսաւորում ստացող երեւանեան Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի նախկին տնօրէն Թեւան Պօղոսեան համամիտ գտնուելով ըսաւ.«Այդ մէկը անպարկեշտ մօտեցում մը կը նկատեմ»։

Պօղոսեան յայտնեց‚ որ թէեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները իրաւացի էին դատապարտելու կառավարութեան դէմ բողոք կատարող ցուցարարներուն նկատմամբ ոստիկանութեան բրտութիւնը‚ անոնք պէտք է նաեւ դատապարտէին կառավարութիւնը բռնի կերպով տապալելու փորձն ու անոր հետեւանքով ոստիկաններու սպանութիւններն ու պատանդներ բռնելը։ «Երբ կը խօսիս պէտք է ամբողջ ճշմարտութիւնը ըսես»‚ ըսաւ ան «Ազատութիւն»-ի։

Սակայն Միջազգային թափանցիկութեան հայաստանեան Փտածութեան դէմ կեդրոնի գործադիր տնօրէն Սոնա Այվազեան պաշտպանեց Էրեբունիի մէջ յարձակումին նկատմամբ քաղաքացիական հասարակութեան հակազդեցութիւնը, յայտնելով որ ատիկա արտացոլումն է համատարած յուսահատութեան։ «Մարդիկ կը տեսնեն‚ թէ չեն կրնար կառավարութիւնը փոխել ընտրութիւններու ճամբով… եւ պարզապէս փոփոխութեան իրագործման (խաղաղ) ձեւ չկայ»‚ ըսաւ ան։

«Այդ իշխանութիւնները ժողովուրդին այլընտրանք չեն ձգեր»‚ ըսաւ Այվազեան։ «Անոնք կը թալանեն եւ կը վարկաբեկեն ժողովուրդը‚ զանոնք աղքատութեան կը մատնեն‚ կը ստիպեն, որ գաղթէ։ Կարիքը ունինք փոփոխութեան‚ եւ շատեր այդ մէկը համարեցին փոփոխութիւն յառաջացնելու միջոց մը»։

Հիմնադիր խորհրդարանը երբեք ալ առաջնահերթ չէ նկատած Հայաստանի արեւմտեան ֆինանսաւորում ստացող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ջատագոված ազատական ժողովրդավարական արժէքները եւ փոխարէնը ջատագոված է Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամին վրայ հիմնուած արմատական ազգայնական օրակարգ մը։ Սեֆիլեանի կողմէ կազմուած այս եւ նախկին կազմակերպութիւնները բուռն կերպով ընդդիմացած են Ազրպէյճանի որեւէ հող զիջելուն։

Սեֆիլեան խոստացաւ «Ջարդել գլուխը ոեւէ մէկու‚ որ կը յանդգնի հող յանձնել»‚ երբ 2006-ին կազմեց 1991-1994-ի ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններու նոր միութիւն մը‚ որ օրուան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ամբաստանեց այդպիսի զիջումներ կատարելու պատրաստակամութեան յանցանքով։ Կարճ ժամանակ ետք‚ Լիբանան ծնած գործիչը վիճայարոյց կերպով ձերբակալուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ 18 ամսուան բանտարկութեան։

Սեֆիլեան այս տարուան Յուլիսին դարձեալ բանտարկուեցաւ՝ զինեալ յարձակում մը ծրագրելուն համար‚ որ իր զինակիցները գործեցին նուազ քան մէկ ամիս ետք։

Զինեալներու ղեկավարը՝ Աւետիսեան, 31 Յուլիսին իշխանութիւններու անձնատուր ըլլալու ընթացքին կոչ ուղղեց՝ ղարաբաղեան ճգնաժամին մէջ յաւելեալ հողեր ձեռք բերելու։ Ան խօսեցաւ Նախիջեւանի հետագայ «վերահայացման» եւ Ղարաբաղի հիւսիսը եւ արեւելքը գտնուող ազրպէյճանական մեծ տարածքներու վրայ հայկական «Կուր-Արաքս հանրապետութեան» հաստատման մասին։

Ամերիկացի‚ ռուս եւ ֆրանսացի միջնորդներու կողմէ վերջին տասնամեակին ընթացքին կատարուած խաղաղութեան հաստատման առաջարկներուն կորիզը կը կազմէ ազատագրման գաղափարը Ղարաբաղի շուրջ գտնուող ազրպէյճանական գերթէ ամբողջ եօթը շրջաններու‚ որոնք Ղարաբաղի հայկական ուժերու կողմէ գրաւուած էին 1991-1994-ին։ Ասոր դիմաց Ղարաբաղի մեծամասնութեամբ հայ բնակչութիւնը պիտի կարողանայ ապագայ հանրաքուէի մը ընթացքին ճշդել տարածքին միջազգայնօրէն ճանչցուած կարգավիճակը։

Այս փոխզիջումային խաղաղութեան տարազը անընդունելի է ոչ միայն հայ ազգայնականներուն‚ այլ նաեւ կարգ մը ազատական գործիչներու կողմէ։ Էրեբունիի ճգնաժամի գագաթնակէտի ընթացքին մարդկային իրաւանց ջատագով վեթերան Արթիւր Սաքունց եւ Աւետիք Իշխանեան‚ ինչպէս նաեւ երկու այլ գործիչներ հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ զգուշացնելով Հայաստանի կառավարութիւնը Պաքուի «որեւէ միակողմանի զիջում» կատարելէ։

Հակառակ «խորհրդարան» կոչուելուն՝ Սեֆիլեանի շարժումը երբեք չէ մասնակցած ընտրութեան եւ այդպիսով ժողովրդային լիազօրութիւն ստացած՝ Հայաստանի մէջ վարչակարգի փոփոխութեան ձգտելու։ Ապրիլ 2015-ին Երեւանի մէջ սակաւաթիւ մարդոց հաւաք ապահովեց‚ երբ փորձեց Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան համազգային ոգեկոչումը օգտագործել նախագահ Սերժ Սարգսեանը իշխանութենէն հեռացնելու համար։

Հիմնադիր խորհրդարանը միայն քանի մը հարիւր համակիրներ ապահովեց, նոյնիսկ երբ Դեկտեմբերին միացաւ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի «Ժառանգութիւն» ընդդիմադիր կուսակցութեան հետ՝ կատարելու համար հակակառավարական ցոյցերու շարք մը‚ որ Սեֆիլեանի կողմէ յորջորջուած էր իբրեւ «յեղափոխութիւն»։

Ուշադրութեան արժանի է այն երեւոյթը‚ որ ոստիկանութեան դէմ մահաբեր յարձակում մը հարկ եղաւ‚ որպէսզի հազարաւոր հայեր փութան աջակցելու Հիմնադիր խորհրդարանին։ Այդ ցոյցերը անմիջապէս մարեցան զինեալներուն անձնատուութենէն ետք։

Հայաստանի մէջ բարելաւում պիտի արձանագրուէ՞ր‚ եթէ զինեալները հրաշքով մը յաջողէին տապալել կառավարութիւնը։ Հարցում մը‚ որուն Միջազգային թափանցիկութեան անդամ Այվազեանը կը դժուարանայ պատասխանելու։

Ինք հաստատապէս վստահ է, թէ Էրեբունիի դէպքը կրնար ունենալ տարբեր‚ աւելի արիւնալի աւարտ մը։ «Կարծեցի անձնատուր պիտի չըլլան եւ մինչեւ վերջ պիտի երթան‚ եւ այդ մէկը շատ վախնալիք էր»‚ ըսաւ փտածութեան դէմ պայքարող յարգուած գործիչը, աւելցնելով. «Եւ կը կարծեմ լաւագոյն ձեւով աւարտեցաւ»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.