«Մեր ապագան մեզմէ կախեալ է». Ռուբէն Վարդանեանի կոչը հայ ժողովուրդին
- (0)

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանյան, որ արդէն երրորդ տարին անընդմէջ իր ծննդեան օրը կը դիմաւորէ Պաքուի բանտին մէջ, հայերէն ուղերձով դիմած է հայ հանրութեան՝ խօսելով Հայաստանի առջեւ կանգնած մարտահրաւէրներուն, իշխանութիւններուն վարքագիծին եւ ազգային անտարբերութեան վտանգին մասին։
Վարդանեան իր ուղերձին մէջ յայտարարած է, թէ «Քաջ Նազարին թագաւոր կ’ընտրէ ժողովուրդը, ինք չի դառնար թագաւոր», շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը պէտք չէ մոռնայ իր պատասխանատուութիւնը սեփական ապագային նկատմամբ։ Ան խիստ քննադատութեան ենթարկած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ զայն մեղադրելով բարոյական, քաղաքական եւ ազգային ծանր ձախողումներու մէջ։
Արցախի նախկին պետական նախարարը նաեւ զգուշացուցած է, թէ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած եւ կը շարունակուի այլ միջոցներով։ Վարդանեան շեշտած է՝ եթէ Հայաստանը չփոխէ իր ընթացքը, երկիրը աստիճանաբար պիտի դառնայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կախեալ «վիլայէթ» մը՝ տնտեսական, տեղեկատուական եւ քաղաքական իմաստներով։
Վարդանեան անդրադարձած է նաեւ մայիս 28-ին նախատեսուած ռազմական շքերթին՝ զայն անբարոյական որակելով այն պայմաններուն մէջ, երբ հայ գերիներ տակաւին կը գտնուին ատրպէյճանական բանտերու մէջ։ Ան կոչ ուղղած է հայրենասէր քաղաքացիներուն՝ չմասնակցելու շքերթին։
Ուղերձի աւարտին Վարդանեան ընդգծած է, թէ «ամենամեծ վտանգը անտարբերութիւնն է», եւ շեշտած, որ հայ ժողովուրդին ապագան իր սեփական ձեռքերուն մէջ է։