Խաչքար Լեռներ
peopleofar.com կայքը կը գրէ, որ արեւելեան Թուրքիոյ մէջ (Արեւմտեան Հայաստան «Հ») կը գտնուի աշխարհի ամենէն գեղեցիկ լեռնաշղթաներէն մէկը, որ տակաւին կը պարունակէ իր հայկական անցեալէն հետքեր։ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու ընթացքին շրջանին մէջ թրքացման հոլովոյթի մը պատճառաւ հայկական աշխարհագրական եւ մշակութային անունները փոխուած են։ Կարգ մը ազգաբաններու գնահատմամբ առնուազն 3600 հայկական տեղանուններ փոխուած են 20-րդ դարու ընթացքին (Սեւան Նշանեան, 2011), մասնաւորաբար օսնմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներէն հայ բնակչութեան տեղահանումէն ետք։
Հայկական «Խաչքար» բառէն եկող Խաչքար լեռները այսօր կը վկայեն Արեւմտահայաստանի հայկական անցեալին մասին։ Պատմականօրէն մաս կազմելով Փոքր Հայքին՝ Խաչքար լեռնաշղթան յաճախ նկարագրուած է իբրեւ Թուրքիոյ ամենէն կանաչապատ եւ հոյակապ լեռնային շրջանը, որ հիւսիսէն սահմանակից է Սեւ ծովուն, իսկ հարաւէն՝ Ճորոխ գետին։ Անոր բարձրագոյն գագաթը Խաչքար տաղըն է (3937 մեթր), իսկ լեռնային բարձրաւանդակները շուրջ երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ են։ Խաչքարները սառոուցապատ լեռներ են, որոնք իրենց բնոյթով կը նմանին Ալպեան լեռներուն, ցից ու ժայռոտ գագաթներով, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ լիճերով։ Շրջանը 1994-ին հռչակուեցաւ ազգային արգելոց։
Իսլամացած համշէնահայերու նկատառելի թիւով բնակչութիւն մը տակաւին կ՚ապրի այդ լեռներուն վրայ։ Պատմականօրէն համշէնցի անունով ծանօթ այս ժողովուրդը հայկական Ամատունի նախարարական տոհմի շառաւիղներն են։ Անոնք կը խօսին հայերէնի բարբառ մը եւ քրիստոնեայ ու իսլամ խմբաւորումներու բաժնուած են։ Ի տարբերութիւն իրենց իսլամ եղբայրներուն, քրիստոնեայ համշէնցիները 1915-էն ետք իրենց բնօրրանէն վտարուած են եւ անոնց մեծամասնութիւնը այսօր կ’ապրի Հարաւային Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ մէջ։ Հայկական բազմաթիւ բնակավայրերու նման