«Մեր զինուորները կը պաշտպանեն մեր սահմանները, իսկ մեր երաժիշտները կը պաշտպանեն մեր մշակոյթը»
Յուլիս 13-ի երեկոյեան Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տունը հաւաքուած էր հոծ բազմութիւն մը: Տեղի ունեցաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան «Նարեկացի» ժողովրդական նուագարաններու նուագախումբի համերգային երեկոն, որ նուիրուած էր հայ մեծանուն աշուղ-բանաստեղծ Սայեաթ-Նովային:
Համերգը կը կրէր «Ամէն սազի մէջն գոված…» խորագիրը: Նշենք, որ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է երաժշտահան, թառահար Արտեմ Խաչատուրը: Համերգը մեկնարկեց «Էշխեմէդ» ստեղծագործութեամբ, որմէ ետք նուագախումբին միացան արդէն յայտնի եւ սիրուած ժողովրդական երգիչներ Էտկար Խաչատրեանը, Մոնիքա Նազարեանը, Արմէն Դաւթեանը, Լուսինէ Գասպարեանը եւ Սմբատ Խալաթեանը:
Իր աւագ ընկերներուն ողջունելու եկած էր նաեւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան մանկապատանեկան «Նովա» ժողովրդական նուագարաններու անսամպլը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է թառահար, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Յովիկ Սահակեանը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեանը:
«Մեր զինուորները կը պաշտպանեն մեր սահմանները, իսկ մեր արուեստագէտները, մեր երաժիշտները կը պաշտպանեն մեր մշակոյթը, մեր երգերը, մեր ժառանգութիւնը, մեր ազգային արժանապատուութիւնը: Այդ առումով իրենցմէ ամէն մէկը հերոս մըն է, դեսպան մը, աստուածատուր տաղանդ…:
«Նարեկացի» արուեստի միութիւնը ունի իր շնորհակալական խօսքը առաջին հերթին տիրոջ, որովհետեւ մենք կը ծառայենք Աստուծոյ:
Յատուկ շնորհակալութիւն ծնողներուն, որոնք դաստիարակած են այսպիսի հրաշքներ, շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան մեզի ի սկզբանէ. անոնցմէ մէկն է Արա Գէորգեանը, որ այսօր այստեղ է…
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին, որոնք կը հաւատան…
Շնորհակալութիւն մենակատարներուն, որոնք սիրայօժար մասնակցեցան այսօրուան համերգին, շնորհակալութիւն բոլորիդ, որ այսօր այստեղ էք:
Ամենազօրաւոր բանակը կորսուած է առանց առաջնորդի, ամենալաւ նուագախումբը՝ առանց գեղարուեստական ղեկավարի: «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը աւանդոյթ մը ունի. մենք իւրայատուկ երաժիշտներուն, արուեստագէտներուն կը շնորհենք «Հայ մշակոյթի դեսպան» տիտղոսը, որովհետեւ իրենք են մեր ազգի ամենաիտէալական ներկայացուցիչները: Այս կոչումին համար մենք ունինք իւրայատուկ նուէր՝ փոքրիկ խաչքար, որուն ետեւի մասը «Նարեկացի» արուեստի միութեան խորհրդանշանն է, այսինքն՝ հաւատքը եւ արուեստը մէկտեղուած են: Այս նուէրը կը յանձնեմ «Նարեկացի» նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Արտեմ Խաչատուրին եւ «Նովա» ժողովրդական նուագարաններու անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար Յովիկ Սահակեանին», իր խօսքը այսպէս եզրափակեց միութեան հիմնադիրը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ռուբէն Մաթեւոսեանը, Արա Գէորգեանը, Ստեփան Շաքարեանը, Դանիէլ Երաժիշտը, Վաչական Նաւասարդեանը, Ռուբէն Յախվերթեանը, Ծովինար Յովհաննիսեանը եւ շատ այլ արուեստագէտներ…
«Այսօր երաժշտական հրավառութիւն էր ինծի համար: Աննախադէպ էր համերգը, անբացատրելի դրական ուժ ստացած եմ, նուագախումբը շատ հզօր է եւ նորովի կը ներկայանայ: Այն ադամանդը, զոր մեզի թողած է Սայեաթ Նովան, Արտեմը զարդի վերածած է՝ երաժշտական նոր մօտեցումներով, նոր լուծումներով, նոր որակով՝ նոր հարթութեան վրայ դնելով նուագախումբը: Չքնաղ էին թէ՛ երաժիշտները, թէ՛ երգիչները: Արտեմ Խաչատուրի նուագախումբ գալով մենք տեսանք, թէ ի՛նչ մեծ, դրական «պայթիւն» եղաւ անսամպլին մէջ:
Պէտք է անդրադառնամ հիմքերուն. Եթէ չըլլար «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը, չըլլար Նարեկ Յարութիւնեանի բարեգործութիւնը՝ չէր ըլլար այս ամէնը: Ես ոչ մէկ ուրիշ տեղ այսպիսի բանի չեմ հանդիպած, որ տրամադրեն անվճար դահլիճ եւ մնացած բոլոր անհրաժեշտ պէտքերը, որպէսզի արուեստագէտը պարզապէս ստեղծագործէ եւ ուրիշ բանի մասին չմտածէ: Ասոր արդիւնքն է այս հրաշալի պատկերը, զոր այսօր մենք ունինք…», համերգէն ետք իր տպաւորութիւնները յայտնած է փրոֆեսոր քանոնահարուհի Ծովինար Յովհաննիսեանը:
Հանդիսատեսը համերգի ամբողջ ընթացքին երաժշտական կատարումները ունկնդրեց համակ ուշադրութեամբ, հիացմունքով եւ հպարտութեամբ: