Ո՛չ միայն ընդդիմութիւն, այլեւ քաղաքական այլընտրանք

Համազգային համախմբումէն՝ դէպի ազգային իրապաշտութեան մը հնարաւորութիւնը

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

2026-ի նոյեմբերի առաջին օրերուն Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ ուշագրաւ զարգացում մը արձանագրուեցաւ։ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան՝ Սահմանադրութիւնը փոխելու նախաձեռնութիւնը կարծես սկսած է իրարու մօտեցնել ընդդիմադիր ուժեր, որոնք տարիներ շարունակ դժուարացած են հասարակաց լեզու գտնելու։

«Համազգային համախմբման» ձեւաւորումը առիթ կու տայ հարց տալու, թէ արդեօ՞ք Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը կրնան համաձայնութեան գալ ոչ միայն այն հարցերուն շուրջ, որոնց առնչութեամբ կը հակառակին, այլեւ այն սկզբունքներուն շուրջ, որոնց հիման վրայ կը պատկերացնեն երկրի ապագան։

Համախմբումին արդէն կը մասնակցին բազմաթիւ քաղաքական ուժեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ իր ներդրումը ունենալ։ Սակայն կ՚ուզեմ առանձնացնել երկուքը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Հայ Ազգային Քոնկրէսը։ Ոչ թէ որովհետեւ միւսները նուազ կարեւոր են, այլ որովհետեւ այս երկուքը կը ներկայացնեն հայկական քաղաքական մտածողութեան տարբեր աւանդութիւններ, որոնք առնչուած են մեր անկախ պետականութեան հիմնադիր երկու հանգրուաններուն։

Դաշնակցութիւնը, իր ազգային-ընկերվարական արմատներով, վճռորոշ ու հիմնարար դեր ունեցաւ 1918-ի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման եւ պետական կառոյցներու ձեւաւորման մէջ։ Արամ Մանուկեանը այդ շրջանի պետական մտածողութեան ամէնէն յատկանշական դէմքերէն մէկն էր։ Յեղափոխական եւ ազատագրական պայքարէն դէպի պետական պատասխանատուութեան անցումը անոր գործունէութեան մեծագոյն դասերէն մէկն է։

Հայ Ազգային Քոնկրէսը կը շարունակէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քաղաքական հոսանքը, որ 1988-ի շարժումէն հասաւ 1991-ի անկախութեան վերականգնումին։ Այդ սերունդին համար առաջնահերթ դարձաւ անկախ պետութեան ստեղծումը, միջազգային ճանաչումը եւ տարածաշրջանային ուժերու յարաբերակցութեան մէջ Հայաստանի տեղն ու դիրքը ճշդելը։

Քաղաքական երկու հոսանքներն ալ, տարբեր դերակատարութեամբ, իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան Արցախեան առաջին գոյամարտին եւ Արցախի Հանրապետութեան ստեղծման մէջ։ 1992-ին դաշնակցական Արթուր Մկրտչեանը ընտրուեցաւ Արցախի Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ՝ յաղթելով Հայաստանի իշխանութեան քաղաքական աջակցութիւնը վայելող Ռոպերթ Քոչարեանին։ Այդ շրջանի իրադարձութիւնները գնահատելու համար անհրաժեշտ է նկատի ունենալ Հայաստանի պետական ղեկավարութեան դերակատարութիւնը՝ միաժամանակ արժեւորելով Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ քաղաքական նշանակալի ներդրումը Արցախեան ազատամարտին։

Անշուշտ, քաղաքական դաշինքները միշտ չէ, որ գաղափարական մերձաւորութեան վրայ հիմնուած են։ Ռոպերթ Քոչարեանի քաղաքական ուղիին տարբեր հանգրուաններուն ձեւաւորուած համագործակցութիւնները՝ ՀՀՇ-ի շրջանակներուն հետ սկզբնական առնչութիւններէն մինչեւ Դաշնակցութեան հետ հետագայ գործակցութիւնը, կը յիշեցնեն, թէ քաղաքական դաշինքները կրնան պայմանաւորուիլ նաեւ ժամանակի քաղաքական հրամայականներով։

Դաշնակցութիւնն ու ՀԱՔ-ի քաղաքական հոսանքը 90-ականներու անկախութեան տարիներուն յաճախ հակառակ դիրքեր գրաւած են Արցախի, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն շուրջ։ Սակայն երկուքն ալ, Դաշնակցութիւնը՝ 1918-1920-ին, իսկ ՀՀՇ-ն՝ 1990-ականներուն, պետական պատասխանատուութիւն ստանձնելով, ստիպուած եղած են պատասխան փնտռելու նոյն հիմնարար հարցումին. ինչպէ՞ս պահպանել հայկական անկախ պետականութիւնը շատ աւելի հզօր դրացիներու միջեւ։

Հաւանաբար ճիշդ այս հարցումն է, որ այսօր կրնայ հասարակաց մտածողութեան հիմք դառնալ: Երկու հոսանքները պարտաւոր չեն հրաժարելու իրենց գաղափարական տարբերութիւններէն, որպէսզի համաձայնին հայկական պետականութեան պահպանման, անվտանգութեան եւ զօրացման հիմնական առաջնահերթութիւններուն շուրջ։

2020-ի պատերազմը եւ 2023-ի Արցախի հայաթափումը բացայայտեցին մեր անվտանգային համակարգին, արտաքին երաշխիքներուն, նախկին քաղաքական հաշուարկներուն եւ ռազմավարական պատկերացումներուն լուրջ սահմանափակումները։ Հայաստանը այսօր պէտք է իր տեղը գտնէ տարածաշրջանի մը մէջ, ուր ուժերու յարաբերակցութիւնը իրեն ի նպաստ չէ, իսկ արտաքին երաշխիքները միշտ չէ, որ վստահելի են։

Այս իրականութիւնը ընդունիլը պարտուողականութիւն չէ։ Ընդհակառակը, քաղաքական իրապաշտութեան առաջին պայմանն է։ Սակայն իրապաշտութիւնը նաեւ կը պահանջէ գիտակցիլ, թէ որո՛նք են այն կենսական ազգային շահերը, որոնք պէտք է պաշտպանուին նոյնիսկ ամենադժուար պայմաններուն մէջ ։

Հայաստանը կայուն խաղաղութեան եւ դրացիներուն հետ կարելի եղածին չափ բնականոն յարաբերութիւններու պէտք ունի՝ նոր պատերազմի վտանգը նուազեցնելու համար։ Սակայն խաղաղութեան ձգտիլը չի նշանակեր հրաժարիլ սեփական շահերը պաշտպանելու կարողութենէն: Ընդհակառակը, խաղաղութիւնը պէտք է նաեւ ժամանակ եւ հնարաւորութիւն ստեղծէ Հայաստանի անվտանգութիւնն ու պետական կարողութիւնները ամրապնդելու համար։

Այստեղ Դաշնակցութեան եւ ՀԱՔ-ի տարբեր փորձառութիւնները կրնան զիրար ամբողջացնել։

Դաշնակցութիւնը կրնայ բերել իր ազգային մօտեցումը, պատմական շարունակականութեան գիտակցութիւնը եւ քաղաքական պայքարի հարուստ փորձառութիւնը։ Ան ունի նաեւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ Սփիւռքի կառոյցներու միջոցով քաղաքական զօրաշարժ կազմակերպելու կարողութիւն։ Սակայն այս բոլորը պէտք է վերածուին պետականութիւնն ու անոր անվտանգութիւնը զօրացնող երկարաժամկէտ, իրապաշտ քաղաքականութեան մը։

ՀԱՔ-ը, իր կարգին, կրնայ բերել անկախ պետականութեան կառուցման փորձառութիւնը, ուժերու յարաբերակցութեան գիտակցութիւնը եւ դիւանագիտութեան ու փոխզիջումի կարեւորութիւնը։ Սակայն քաղաքական իրապաշտութիւնը միայն զիջելու պատրաստակամութիւն չէ, ինչպէս կը թուի ըլլալ Քաղաքացիական Պայմանագրի յետպատերազմեան քաղաքականութեան մէջ։ Ան պէտք է նաեւ պատասխանէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է աստիճանաբար զօրացնել Հայաստանի դիրքերը, պաշտպանել անոր շահերը եւ ընդլայնել քաղաքական ու դիւանագիտական ընտրութեան հնարաւորութիւնները։

Ազգային իրապաշտութիւնը կը պահանջէ նաեւ հակառակ կարծիքները լսելու պատրաստակամութիւն։ Նոյնիսկ մեր քաղաքական համոզումներէն եւ աշխարհայեացքէն էապէս տարբեր տեսակէտներու մէջ կրնան գտնուիլ դիտարկումներ, որոնք արժանի են լուրջ քննարկման, յատկապէս երբ կը վերաբերին Հայաստանի իրական կարողութիւններուն եւ սահմանափակումներուն։ Նման քննարկումը չի նշանակեր համաձայնութիւն կամ սկզբունքային դիրքերէ հրաժարում, այլ՝ սեփական մօտեցումները առաւել հիմնաւորելու եւ ամրապնդելու պատրաստակամութիւն։

Այս երկու աւանդութիւններուն միջեւ կառուցողական երկխօսութենէն կրնայ ծնունդ առնել պետականամէտ ազգային իրապաշտութիւն մը, որ առաջնահերթ կը նկատէ Հանրապետութեան գոյատեւումը, անվտանգութիւնն ու զարգացումը։ Հանրապետութեան քաղաքական իշխանութիւնը կը բխի իր քաղաքացիներէն, սակայն հայկական պետականութիւնը պատմաքաղաքական եւ քաղաքակրթական ձեռքբերում մըն է, որուն նշանակութիւնը կը տարածուի համայն հայութեան վրայ։

Նոյնքան կարեւոր է ինքնիշխանութեան հարցը։ Փաշինեանի իշխանութիւնը վերջին տարիներուն յաճախ գործածած է այս բառը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ իր քաղաքական ուղղութեան գլխաւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը։ Մինչդեռ ինքնիշխանութիւնը միայն անկախ որոշումներ կայացնելու իրաւունքը չէ, այլ նաեւ զանոնք իրականացնելու կարողութիւնը։

Փոքր պետութիւններու պարագային այդ կարողութիւնը սահմանափակուած է աշխարհագրութեամբ, տարածաշրջանային շահերով եւ արտաքին կախուածութիւններով։ Յարաբերութիւններու բազմազանեցումը կրնայ ընդլայնել ընտրութեան հնարաւորութիւնները, բայց չի վերացներ այդ սահմանափակումները։ Հայաստանի պարագային կարելի չէ անտեսել Ռուսաստանի, ԵՄ-ի, Իրանի, ԱՄՆ-ի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերն ու ազդեցութիւնը։ Սակայն այս իրողութիւններուն գիտակցիլը որեւէ արտաքին ուժի ենթարկուիլ չի նշանակեր. ընդհակառակը, անոնց ճշգրիտ գնահատումը պէտք է օգնէ մեզի՝ աւելի հիմնաւոր որոշումներ կայացնելու եւ հետզհետէ ընդլայնելու Հայաստանի քաղաքական ընտրութեան հնարաւորութիւնները։

Ուշագրաւ է, որ 2018-էն 2026 Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը վարած Արմէն Գրիգորեանն ալ իր վերջին յօդուածին մէջ հարցականի տակ դրած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան իրատեսականութիւնը՝ շեշտելով աշխարհագրական եւ տարածաշրջանային սահմանափակումները։ Նման դիտարկում մը ինքնին վերջնական պատասխան չէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ընտրութիւններուն վերաբերեալ, սակայն արժանի է ուշադրութեան, մանաւանդ երբ կու գայ նոյն իշխանութեան արտաքին քաղաքականութեան մշակման մէջ դեր ունեցած նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը կողմէ։

Համախմբման հրապարակած չորս առաջնահերթութիւնները՝ սահմանադրական պարտադրանքի մերժումը, առանց միակողմանի զիջումներու խաղաղութիւնը, ազգային ինքնութեան եւ Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական իրաւունքներու վերականգնումը, կարեւոր մտահոգութիւններ կ՚արտայայտեն։ Սակայն անոնք տակաւին ամբողջական քաղաքական ծրագիր մը չեն կազմեր։ Մենք անհրաժեշտութիւն ունինք նաեւ ըմբռնելու, թէ ինչպիսի՛ Հայաստան կ՚ուզենք կառուցել, եւ ինչպէ՛ս կարելի է ազգային անվտանգութեան, պետական կառավարման եւ երկրի զարգացման հիմնախնդիրները դիմագրաւել։

Սահմանադրութեան շուրջ ներկայ վէճն ալ այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել։ Սահմանադրութիւնը անփոփոխելի փաստաթուղթ չէ։ Սակայն անոր փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնն ու բովանդակութիւնը պէտք է որոշուին Հայաստանի ժողովուրդին ազատ կամքով, ոչ թէ այլոց պահանջներով։

Համախմբման յաջորդ կարեւոր քայլը կրնայ ըլլալ իր ռազմավարական նպատակներուն առաւել յստակացումը։ Կ՚ուզէ միայն կասեցնե՞լ իշխանութեան առաջարկած փոփոխութիւնները, խորհրդարանական իր ազդեցութեամբ բարեփոխումներ պահանջե՞լ, թէ՞ երկարաժամկէտ քաղաքական այլընտրանք մը ձեւաւորել։ Այս հարցումներուն պատասխանը կրնայ աւելի ամուր հիմք տալ արդէն իսկ ստեղծուած համագործակցութեան։

Պէտք է նաեւ վերադառնալ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ 2015-ին ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որոնց Դաշնակցութիւնն ալ աջակցած էր։ Այդ բարեփոխումները ներկայացուած էին որպէս խորհրդարանական կառավարման անցնելու եւ իշխանութեան կեդրոնացումը սահմանափակելու միջոց։ Սակայն յետագայ փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները ինքնաբերաբար չեն ապահովեր իշխանութեան հաւասարակշռութիւն եւ արդիւնաւէտ հակակշիռներ։

Այս իմաստով, համախմբումը կրնայ սկզբունքային պատրաստակամութիւն յայտնել քննարկելու Հայաստանի պետական կառավարման համակարգը բարելաւող սահմանադրական բարեփոխումներ եւ անհրաժեշտութեան պարագային ներկայացնել սեփական առաջարկները՝ միաժամանակ մերժելով արտաքին պարտադրանքով կատարուող փոփոխութիւնները։

Այս ծիրին մէջ, համախմբումը կրնայ Քաղաքացիական Պայմանագրէն պահանջել հրապարակել իր առաջարկած փոփոխութիւններն ու հիմնաւորումները՝ յստակօրէն բացատրելով, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը ծառայեն երկրի կառավարման համակարգի բարելաւման եւ ոչ թէ Պաքուի պահանջներուն ընդառաջելու նպատակին։ Այդպիսով կարելի է բանավէճի առարկայ դարձնել նաեւ վարչապետի լիազօրութիւններուն սահմանափակումը, խորհրդարանական վերահսկողութիւնը եւ դատական անկախութիւնը։ Արդեօ՞ք ընդդիմութիւնը պատրաստ է պաշտպանելու բարեփոխումներ, որոնք պիտի սահմանափակեն նաեւ իր սեփական իշխանութիւնը, եթէ օր մը կառավարութեան գլուխ անցնի։

Ազգային իրապաշտութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն յստակ նպատակներ, այլեւ անոնց հասնելու միջոցներուն եւ քաղաքական ուժերու իրական կարողութիւններուն գիտակցութիւն։

Այսօրուան մթնոլորտը կը յիշեցնէ 2020-ի նոյեմբեր 9-էն ետք ստեղծուած կացութիւնը։ Պատերազմի աղէտալի պարտութենէն ետք, ընդդիմադիր ուժերու միջեւ լայն եւ տեւական քաղաքական համաձայնութեան մը ձեւաւորումը չյաջողեցաւ՝ հակառակ այդ օրերու ազգային ծանր մարտահրաւէրներուն։ Արդեօ՞ք նման համաձայնութիւն մը կրնար ազդել 2021-ի եւ 2026-ի ընտրութիւններուն քաղաքական պատկերին վրայ, կամ աւելի ամուր դիրքեր ստեղծել Հայաստանի ու Արցախի շահերուն պաշտպանութեան համար։ Չենք գիտեր։ Սակայն անցեալի փորձառութենէն դասեր քաղելը անհրաժեշտ է, որովհետեւ պատմութիւնը միշտ երկրորդ առիթ չի տար։

Թերեւս 2026-ի յունիս 7-ի ընտրութիւններէն առաջ հասարակաց քաղաքական հարթակի մը ձեւաւորումը կրնար լրացուցիչ ուժ հաղորդել ընդդիմութեան։ Այդ հնարաւորութիւնը չիրականացաւ, սակայն այսօր ստեղծուած համագործակցութիւնը նոր առիթ մը կը ներկայացնէ։ Փոքր եւ խոցելի պետութիւն մը չի կրնար անվերջ վատնել իր քաղաքական ուժերը ներքին հակամարտութիւններու մէջ։

Համախմբումը, իր ներկայ ձեւով, կարեւոր սկիզբ մըն է, որուն յաջորդ հանգրուանը պէտք է ըլլայ հանրութեան ներկայացնել յստակ ու համապարփակ ծրագիր մը՝ անվտանգութեան, խաղաղութեան, տնտեսութեան, ժողովրդավարութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու վերաբերեալ։

Այսօրուան ազգային ճգնաժամին պատասխանատուութիւնը պէտք չէ բարդել սովորական հայ մարդուն ուսերուն։ Անիկա առաջին հերթին մեր քաղաքական մտքի եւ վերնախաւին պատասխանատուութիւնն է։ Սակայն անցեալի ձախողումներն ու յուսախաբութիւնները պէտք չէ մեզ մղեն միայն հակազդելու, կամ՝ մատնեն անգործութեան։ Պէտք է կարենանք նոր ուղիներ գտնել այս ճգնաժամէն դուրս գալու համար։

Այս առումով, Դաշնակցութեան եւ Հայ Ազգային Քոնկրէսի համագործակցութիւնը յատուկ նշանակութիւն կրնայ ունենալ։ Եթէ անոնք կարենան, անտեսելով ներքին ու արտաքին ճնշումները, անկեղծ ու լուրջ երկխօսութիւն ծաւալել իրարու հետ, ինչպէս նաեւ Համախմբումին մաս կազմող միւս ուժերուն հետ, արդէն իսկ կարեւոր քայլ մը առած կ՚ըլլան։ Նոյնիսկ եթէ այդ երկխօսութիւնը անմիջական համաձայնութեան չյանգի, ան կրնայ առնուազն շահեկան քաղաքական բանավէճի առիթ ստեղծել եւ երկու հոսանքներուն մէջ ալ վերաքննութեան ենթարկել վաղուց հաստատուած համոզումներ։ Անոնց պատմական տարակարծութիւնները կրնան նոր մտածողութեան աղբիւր դառնալ, եթէ կողմերը պատրաստ ըլլան ոչ միայն պաշտպանելու իրենց տեսակէտները, այլեւ սորվելու իրարմէ։

Ի վերջոյ, այս համախմբման պատմական արժէքը պիտի չափուի ոչ միայն այն բանով, ինչին կը հակադրուի, այլեւ այն քաղաքական այլընտրանքով, որ պիտի կարենայ ձեւաւորել։ Եթէ այդ յաջողի, ներկայ համախմբումը կրնայ դառնալ աւելին, քան իշխանութեան դէմ ժամանակաւոր դաշինք մը։ Ան կրնայ հիմք դնել ազգային իրապաշտ քաղաքականութեան մը, որ պատմութենէն դասեր կը քաղէ, Հայաստանի եւ հայութեան իրական կարողութիւնները կը գնահատէ եւ ազգային ձգտումները կը վերածէ իրագործելի քաղաքականութեան՝ շարունակելով հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարէն մինչեւ 1918 եւ 1991 երկարող պետականութեան կերտման պատմական ուղին։