Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի յիշատակին նուիրուած «Komitas: Arménie, Allemagne, Québec» հոգեպարար համերգը

«Ողբերգական Կոմիտասով կը տառապիմ, ստեղծագործ Կոմիտասով կ’ազատագրուիմ»

– Տ. Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեան

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Օրհնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, բարձր հովանաւորութեամբ Մոնթրէալի մէջ Գերմանիոյ Հիւպատոսութեան, կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեանի եւ Հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ համագործակցութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 14 նոյեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Église Saint-Viateur-ի մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի յիշատակին ու վաստակին նուիրուած «Komitas: Arménie, Allemagne, Québec» հոգեպարար համերգը։

Համերգը ներկայացուեցաւ «Les Rugissants» համոյթին կատարողութեամբ եւ Xavier Brossard-Ménard-ի խմբավարութեամբ, նախագահութեամբ պրն. Մանուկ Չուխաճեանի եւ նուիրատուութեամբ՝ պրն. Յակոբ Իսփէնճեանի, տ. եւ տիկ. Ճորճ Արմոյեանի, բժ. Սարգիս Երէցեանի, տ. եւ տիկ. Կարօ Շահինեանի, տ. եւ տիկ. Շանթ Թոպիի, տ. եւ տիկ. Աւետիս Թաշճեանի եւ տիկ. Շաքէ Պէնօհանեան-Կէօնճեանի։

Հանդիսութիւնը կը վայլէր ներկայութիւնը Գերմանիոյ հիւպատոս Christian Wagner-ի, պատկան մարմիններու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ աւելի քան 550 երաժշտասէր եւ արուեստասէր հոծ բազմութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կորիւն Գոյունեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ Կոմիտաս Գերմանիոյ մէջ կատարելագործած էր իր երաժշտական ուսումը եւ այդ տարիներուն գերմաներէն բնագիրներու վրայ ակադեմական յօրինումներ կատարած էր: Ապա աւելցուց, թէ սոյն համերգին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն ընտրանի մը ներկայացնելով՝ գերմանական երաժշտութեան որոշադրիչ ազդեցութիւնը կը բացայայտուի Կոմիտասի արուեստին վրայ: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց համոյթին, խմբավարին, կազմակերպողին, ինչպէս նաեւ երաժշտահան Պետրոս Շուժունեանին, որ յատուկ այս առթիւ, հայ եկեղեցւոյ ժամերգութենէն «Ալէլուք»-է մը ներշնչուած, յօրինած էր ստեղծագործութիւններէն մէկը:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Գերմանիոյ հիւպատոս Christian Wagner, որմէ ետք համոյթը ելոյթ ունեցաւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն՝ «Լոռուայ գութաներգ», «Կալերգ եւ սայլերգ», «Neuer Frühling», «Ընտրեալ», «Սուրբ, սուրբ» (Վերջին երկուքին վերադասաւորումը՝ Վաչէ Շարաֆեանի), «Ehre dir – Heilig, heilig» երգերով: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Շուժունեանի «Ալէլուիա թիւ 3» ստեղծագործութեան կատարմամբ, ապա հերթաբար հնչեցին Պախի «Singet dem Herrn ein neues Lied», Մաքս Ռէժէրի «Der Mensch lebt und bestehet», Ռիխարտ Շթրաուսի «Freundiche Vision» եւ Կուսթաւ Մահլէրի «Ich bin der Welt abhanden gekommen» ստեղծագործութիւնները: Համոյթի խմբավարը մերթ ընդ մերթ բացատրութիւններ փոխանցեց երգուելիք կտորներուն մասին:

Երեկոյթը եզրափակուեցաւ ներկաներուն բուռն ու երկարատեւ ծափողջոյններով, որոնք վառ արտայայտութիւնն էին կատարողներու վարպետութեան հանդէպ հանդիսականներուն հիացմունքին, անոնց ապրած խոր յուզումին եւ Կոմիտասի անմահ յիշատակին հանդէպ խոնարհումին։

Ձեռնարկը բծախնդրօրէն կազմակերպած Տ. Գառնիկ այդ առիթով հետեւեալ դիպուկ խօսքը ըսած է. «Ողբերգական Կոմիտասով կը տառապիմ, ստեղծագործ Կոմիտասով կ’ազատագրուիմ»: Այս խօսքը խտացած բանաձեւումն է կոմիտասեան արուեստին բուժիչ ու ազատագրող զօրութեան: Կոմիտասեան արուեստը պատմական ցաւէն վեր կը բարձրացնէ հայու հոգին։ Համերգին թողած տպաւորութիւնը անջնջելի պիտի մնայ ներկաներուն սրտերուն մէջ:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն Մետիա»