Թուրք վարձկան ցուցարարներ Ապրիլ 24-ին Հակացոյցի կը պատրաստուին Գանատայի մէջ


Յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով, Գանատայի Թրքական համախմբումին կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 24-ին հակացոյցի հրաւիրուած է Օնթարիոյի թուրք համայնքը։

 Անցնող տարիներուն, թրքական այս հակացոյցին նպատակը եղած է աղմուկ բարձրացնելով խանգարել գանատահայութեան Ապրիլ 24-ի Օթթաուայի հաւաքը, ուր անոնք հայկական հաւաքին հետ միատեղ միեւնոյն ժամուն կը սկսին իրենց հաւաքը Գանատայի խորհրդարանի շէնքին դիմաց։

 «Հորիզոն»ի ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, հակացոյցին մասնակից 200-300 ցուցարարները յատուկ հանրակառքերով կը փոխադրուին Օթթաուա եւ կը վճարուին 150 տոլար, իսկ ցոյցի աւարտին վարձկան ցուցարարները կը հիւրասիրուին թրքական դեսպանատան մէջ։

 Նշենք, որ վարձկան ցուցարարներու կողքին՝ Գանատայի մէջ կը գործեն նաեւ Անգարայի ֆինանսաւորումը վայելող գանատացի ակադեմականներ։ Արդարեւ, մարտ 5, 2016-ին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) անդամները՝ գործակցաբար «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան եւ Քարլթըն համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան անդամներուն, զանգուածաբար հեռացան Քարլթըն համալսարանի սրահէն իրենց բողոքը արտայայտելու համար հակահայ դասախօսութեան մը դէմ։ Համալսարանի վարչութիւնը եւ Թուրք-գանատացիներու խորհուրդին (ԹԳԽ) հետ համալսարանին մէջ այդ օր կազմակերպած էր թուրք-գանատական յարաբերութիւններուն շուրջ երկօրեայ խորհրդաժողով մը, որ իրականութեան մէջ կը ծառայէր հակահայ քարոզչութեան։ Այդ օր Քոսթըլ Քարոլայնա համալսարանի դասախօս Քրիսթըֆըր Կանի եւ Քարլթըն համալսարանի դասատու Լալէ Էսքիճիօղլուի արժանի պատասխաններ տուին հայ երիտասարները, որոնց սրահէն հեռացումէն ետք՝ սրահին մէջ մնացին երկտասնեակ մը ներկաներ միայն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.