Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին ապասեփականացնելու որոշումը ի՞նչ կը նշանակէ


Պատրիարքական Ընդ. Փոխանորդ Արամ Սրբազան առարկեց ու պահանջեց որ որոշումը հաղորդուի գրաւոր կերպով

Պատրիարքական Ընդ. Փոխանորդ Արամ Սրբազան առարկեց ու պահանջեց որ որոշումը հաղորդուի գրաւոր կերպով
«Մարմարա» – Երկու օրէ ի վեր լրատու գործակալութիւնները լուրեր կը հաղորդեն Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին ապասեփականացնելու որոշման մը մասին։ Լուրը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ հայաշխարհէ ներս։ Բայց կարելի չէր հասկնալ թէ յստակ ինչ կար այս լրատուութեան տակ եւ թէ իշխանութիւնները ի՞նչ ըսել կ՛ուզէին երբ կը խօսէին եկեղեցիներ ու աղօթատեղիներ պետականացնելու որոշումին մասին, երբ այդ կալուածները ունէին իրենց տէրերը, որոնք պատկան համայնքներն էին։

Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան նախագահ Ատնան Էրթեմ պարզաբանումներ ընելով այս հարցի առընչութեամբ, նշեց որ Տիարպաքըրի Սուր շրջանին մէջ, բազմաթիւ շինութիւններ, այդ կարգին նաեւ Ս. Կիրակոս եկեղեցին, նախարարներու խորհուրդի կողմէ շտապ կերպով ապասեփականացուած է, որպէսզի այդ շինութիւնները պահպանուին։ Ըստ Էրթեմի, որոշումը իրաւասութիւն կուտայ որպէսզի փլցուին կամ ջնջուին պատմական շինութիւններու շրջակայքը կատարուած ապօրինի կառուցապատումը, նաեւ ապահովուի այդ շինութիւններու տեսանելիութիւնը։ Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնը աւելցուց նաեւ որ պատմական շինութիւնները պետականացնելու իրաւական գործընթացը շատ դժուար գնացք մը պիտի ունենայ։ Ապա- սեփականացուած  են նաեւ Սուրի մէջ ՝ Ս. Սարգիս հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ասորիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ պատմական այլ ուխտատեղիներ ու անոնց պատկանող ամբողջ գոյքը։ Այսպէս, Տիարպաքըրի մէջ չկայ գործող ոչ-մահմետական որեւէ աղօթատեղի, բացի Ս. Կիրակոս եկեղեցիէն։

Հաղորոդւեցաւ որ այս հարցով HDP–ի երեսփոխան Կարօ Փայլան հարցագիր մը ներկայացուց Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին, ապասեփականացման մանրամասնութիւնները յստակացնելու նպատակով։ Հարցագիրը կը բաղկանայ ինը կէտերէ եւ Փայլան զայն հրապարակած է Դիմատետր-ի իր էջին վրայ։ Ան Վարչապետին մասնաւորաբար հարցում ուղղած է թէ ի՞նչ է դրդապատճառը որ Սուր գաւարակին մէջ ընդհանուր առմամբ 6300 արտավար հողամաս մը «անյապաղ պետականացուեցաւ» եւ թէ այդ որոշման հիման վրայ ի՞նչ կարգադրութիւններ եղած են ու ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին Սուրի մէջ բնակիչներու սեփականութեան իրաւունքները։

Կարօ Փայլան եւ անոր կողմնակիցները իրենց հարցագրով Տավուտօղլուէն նաեւ կը պահանջեն յստակացնել թէ ո՞ր չափանիշներով եւ օրէնքներով ընտրուած են «վտանգաւոր տարածքները»։ Փայլան հարց տուած է թէ արդեօք ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող եկեղեցիներնու սեփականութիւնը պետականացնելու որոշումը ներհակ չի՞ մնար օրէնսդրութեան ու Լոզանի համաձայնագրին։Այս մասին այս առաւօտ «Մարմարա» կապ հաստատեց Պատրիարքական Ընդ. Փոխանորդ Գերշն. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ, որ ըսաւ որ ինք եւս առարկած էր այս որոշումին դէմ, անընդունելի նկատած է զայն, պահանջած է որ որոշումը գրաւոր կերպով հաղորդուի իրեն։

Կը տեղեկանանք որ այս ուղղութեամբ բողոքի աշխատանք կը տանի նաեւ Փոքրամասնութիւններու Ներկայացուցիչ Տքթ. Թորոս Ալճան։
Կը սիրենք յուսալ որ Նախարարաց Խորհուրդի որոշումը չ՛ընդգրկեր այն ինչ որ «Պետականացնել» կամ «Ապասեփականացնել» բառերը կը նշանակեն։ Պետութիւնը այսպիսի իրաւունք մը չունի։ Կը սիրենք յուսալ նաեւ որ իշխանութիւնները շուտով պիտի յստականացնեն իրենց դիտաւորութիւնը։ Մեր կարծիքով, Պետութեան պարտականութիւնն է ապահովել յիշեալ կառոյցներուն անվտանգութիւնը, ատոր համար սակայն պէտք չունի զանոնք պետականացնելու։ Իրաւունք ալ չունի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.