Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքները հին ու նոր մարտահրաւէրներու առջեւ


8 փետրուար 2016-ին Լոնտոնի Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրը կազմակերպեց դասախօսութիւն մը, նիւթ ունենալով Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքները։ Այս նիւթին անդրադառնալը անխուսափելի է, նկատի առնելով Միջին Արեւելիքի եւ մանաւանդ Սուրիոյ մէջ տիրող վերջին տարիներու ճգնաժամը։ Լիբանան եւ Սուրիա բնակող հայ համայնքները վտանգի տակ են, հետեւաբար անոնց պատմութեան եւ ինքնութեան ծանօթանալը կենսական է, որպէսզի անոնց մշակոյթն ու յիշողութիւնը պահպանուի։ Այս դասախօսութեան համար Հռոմէն յատուկ հրաւիրուած էր ծանօթ ակադեմական Տոքթ. Նիքոլա Միլիորինօն։ Տոքթորականը ստացած է Institute of Arab and Islamic Studies, University of Exeter-էն։ Անոր ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ ժամանակակից արաբական աշխարհի էթնօ-մշակութային բազմազանութեան վրայ։ 1998-էն 2000, ան միջազգային անշահութաբեր կազմակերպութեան մը համար կ՚աշխատի, որ կ՚աջակցէր Սուրիոյ պաղեստինցի փախստականներուն։ Վերջերս ան վարած է օգնական-դասախօսի պաշտօնը Մարոքի Իֆրանէ քաղաքի Al Akhawayn համալսարանին մէջ, միեւնոյն ժամանակ ըլլալով անկախ ուսումնասիրող եւ խորհրդատու։ Տոքթ. Միլիորինոյի գիրքը՝ «(Re)Constructing Armenia in Lebanon and Syria: Ethno-Cultural Diversity and the State in the Aftermath of a Refugee Crisis» լոյս տեսաւ 2008-ին Berghahn Books հրատարակչութեան կողմէ։

DR NICOLA MIGLIORINO

Տոքթ. Միլիորինոյի առաջին հանդիպումը հայերու հետ կայացած է Սուրիա պաշտօնավարութեան օրերուն։ Ան այս տարածքաշրջանի հայերուն մէջ իւրայատուկ գիծեր կը նկատէ։ Անոնք մեծապէս կը տարբերին հոն ապրող ուրիշ ազգերէ։ Անոնց լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը հակադրութեան մէջ էր տեղւոյն բնակիչներուն հետ։ Զարմանալիօրէն, այս համայնքները չէին թուիր օտարացած կամ մեկուսացած ըլլալ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ գերիշխող հոսանքէն։ Անոնք կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ներգրաւուած էին, մանաւանդ Լիբանանի մէջ՝ արուեստի, վաճառականութեան, եւ նոյնիսկ քաղաքականութեան մէջ, այս վերջինս ըլլալով շատ զարմանալի երեւոյթ մը, քանի որ փոքրամասնութեան մը համար դժուար է քաղաքական ներկայութիւն մը ունենալ, յատկապէս երբ այս փոքրամասնութիւնը եկուոր էր։

Տոքթ. Միլիորինօ անդրադարձաւ երկու պատումներու, որոնք իր գիրքին մէջ իրարու հետ զուգահեռ կ՚ընթանան։ Առաջինը՝ կը հիւսէ պատումը արաբական հողերուն վրայ հաստատուած հայ հոծ գաղթականներուն, որոնք աքսորի մէջ իրենց ազգը պահպանելու համար յատուկ առաքելութիւն մը որդեգրած էին։ Այս շրջածիրին մէջ ան յղում ըրաւ Խաչիկ Թէօլէօլեանի կողմէ ստեղծուած «մնայուն սփիւռք» հասկացութեան։ Այս համայնքները վերածուեցան մշտական սփիւռքի երբ փախստականները դադրեցան զանգուած ըլլալէ եւ դարձան հաստատութիւններու եւ միութիւններու շուրջ գործող համայնքներու։ Ինչպէս նշուած է գիրքին խորագիրին մէջ, հայերը շատ մեծ աշխատանք տարին ոչ միայն վերականգնելու իրենց մշակոյթը, այլ նաեւ կերտելու ինքնութեան նոր ձեւեր։

Երկրորդ պատումը կը վերաբերի Լիբանանի եւ Սուրիոյ պետութիւններու մէջ հայ համայնքներուն ապրելաձեւին։ Հայերը ինչպէ՞ս փոխյարաբերեցան այս քաղաքական միաւորներուն հետ։ Իրենց ինքնութիւնը պահպանելու համար այս պետութիւններուն հետ ինչպէ՞ս բանակցեցան։ Ասոնք կարեւոր հարցադրումներ են, նկատի ունենալով որ լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւնները տակաւին նորակազմ էին։ Անոնք նախ կը կառավարուէին Ֆրանսայի կողմէ, իսկ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, յետ-գաղութատիրական պետութիւններ նկատուած են, որոնք փորձած են միասնական ինքնութիւններ կերտել։

Տոքթ. Միլիորինօ ինքն իրեն հարց տուաւ թէ արդեօք հայերը Լիբանանի եւ Սուրիոյ պետութիւններուն մէջ իրենց տեղը գտա՞ծ են։ Ան եզրակացուց որ պատասխանը «այո» է, հակառակ որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերու փորձառութիւնները եւ անոնց արդիւնքները տարբեր եղած են։ Լիբանանի մէջ հայերը շատ աւելի տեսանելի ներկայութիւն են. անոնք Լիբանանի համայնքային դրութեան վրայ խարսխուած քաղաքականութեան մէջ ընդունուած դերակատարներ են (consociational)։ Ան հակիրճ ներկայացուց consociational (հայերէն եզրը գոյութիւն չունի) քաղաքականութիւնը, որ քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտ Արէնտ Լէյբհարթի կողմէ ստեղծուած եզր մըն է, կը վերաբերի ընկերութեան մը մէջ մասնաւոր խումբերու կողմէ ընտրուած վերնախաւերու ներկայացուցչութեան։ Յետոյ այս վերնախաւը տուեալ ընկերութեան տարբեր փոքրամասնութիւններու կամ խումբերու հետ իշխանութեան բաժնեկցումի ծրագրի մը շուրջ կը բանակցի։ Այսպէս, հայերը լիբանանեան տարասեռ ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող իշխանութեան բաժնեկցումի իրենց բաժնեչափը ունին։ Իսկ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը բաւական տարբեր է, ուր հայերը քաղաքականութեան մէջ պաշտօնական դեր չունին։ Հոն կրցած են գոյատեւել եւ բարգաւաճիլ հակառակ ընկերային ոլորտին մէջ իրենց աննշան ներկայութեան։ Հայերը կրցած են յաջողութեամբ իրագործել իրենց մշակութային ծրագիրները, սորվեցնել հայերէն դպրոցներէ ներս եւ պահել իրենց քաղաքական ինքնութիւնները (յատկապէս Դաշնակցութիւնը), այնքան ժամանակ որ այս ամէնը տեղական ոլորտէն հեռու էր։

Դասախօսը իր խօսքը շարունակելով ըսաւ որ երեւութապէս կը թուի թէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հայերու ունեցած այս կարգավիճակը իրենց շնորհուած բարիք մըն է, բայց իրականութեան մէջ այս իրականութիւնը մարդասիրական բնոյթ չունի։ Լիբանանը եւ Սուրիան անշահախնդիր սկզբունքներէ անհրաժեշտօրէն մեկնելով չէ որ հայ գաղթականներ ընդունած են։ Հայերը նպաստած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ պետութիւններուն՝ իրենց օրինականութեան հաստատումին մէջ։ Քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներուն միջեւ ժողովրդագրական հաւասարակշռութիւնը պահելու համար քրիստոնեաներուն հոսքը ձեռնտու էր։ Այս իրողութիւնը մնայուն չէր, այլ՝ իր բնոյթով ժամանակաւոր «յարմար» կարգադրութիւն մը։ Ուրեմն կը մնայ հարցնել թէ արդեօ՞ք այս ժամանակաւոր կարգադրութիւնը կայուն  հիմք մը ունի հայերու համար։ Այն յեղաշրջումները եւ փոփոխութիւնները որոնց ենթարկուեցան Լիբանանը եւ Սուրիան 20-րդ դարու ընթացքին, մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ Սուրիոյ ազգայնական արաբացումի ծրագիրը, կարծես նշանակալից ժխտական ազդեցութիւն մը չունեցան հայ համայնքներուն վրայ։ Անոնց ներկայութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կը շարունակէ մնալ ուշագրաւ եւ ընդհանրապէս անփոփոխ։ Տոքթ. Միլիորինոյի համաձայն այս գաղութներուն գոյութեան հիմնական սպառնալիքը տնտեսական ճգնաժամն է, իսկ համայնքներուն յարատեւումը պայմանաւորուած է նուազագոյն հայ զանգուածի մը ներկայութեամբ։ Դպրոցներու գոյութիւնը պայմանաւորուած է աշակերտներով, նոյնպէս՝ հրատարակիչներու գոյութիւնը՝ ընթերցողներով, եւ այլն։ Նուազագոյն զանգուածի թիւի անկումով, նմանատիպ հաստատութիւններ ստիպուած եղած են փակել իրենց դռները։ Այսինքն, «հայկական շուկայի» անկում մը կայ, հետեւաբար՝ հայ համայնքներու թուլացում։

Նմանատիպ հարցեր մղեցին Տոքթ. Միլիորինոյի անդրադառնալ աւելի ընդհանուր հարցի մը, ի՞նչ կը նշանակէ մշակութային ինքնութեան պահպանում։ Ան նշեց մշակոյթի պահպանումի երկու ձեւեր. կա՛մ թանգարանի մը միջոցաւ, կամ ալ որպէս ապրող միաւոր։ Եթէ մշակոյթի մը նահանջը անխուսափելի է, ուրեմն հաւանաբար ճիշդ կ՚ըլլայ այդ մշակոյթին լեզուն եւ իւրայատկութիւնները կրող յիշողութեան իրեր պահել որպէս ապագայ սերունդներու յղումի կէտ։ Իսկ եթէ մշակոյթը շիջումէ փրկելու առիթը կայ տակաւին, ուրեմն պէտք է համայնքները մղել զայն վերակենդանացնելու նախաձեռնող մօտեցումներ որդեգրելու։ Հակառակ որ մշակոյթ մը շատ մը տարրերէ կը բաղկանայ, Տոքթ. Միլիորինօն եւ ներկաները համաձայնեցան որ լեզուն անոնց մէջէն կարեւորգոյնն է՝ ըլլա՛ ապրող, շնչող կամ մեռած։ Ան նշեց որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերու պարագային պէտք չէ մոռնալ թէ զանազան տեսակի համայնքներ կան, տարբեր պատմութիւններով, ինքնութիւններով եւ բարբառներով։

2011-ին երբ Սուրիոյ մէջ ըմբոստութիւններ սկսան, Տոքթ. Միլիորինօ ներկաներուն խոստովանեցաւ թէ գալիքի նկատմամբ չարագուշակ նախազգացում ունէր։ Ան Սուրիոյ հայ համայնքի գոյատեւումին ուղղուած լուրջ սպառնալիք մը կանխատեսեց։ Ըստ իրեն այս ըմբոստութիւններուն մէջ հայերուն դերը չնչին է. բացի սկզբնական փուլի անհատական բնոյթի բացառութիւններէն, անոնք մաս չեն կազմեր այս զարգացումներուն։ Այս ըմբոստութիւնները իրականութեան մէջ սպառնալիք են համայնքներու շահերուն, շատ բան ունին կորսնցնելիք։ Հետեւաբար ականատես կ՚ըլլանք այն փաստին որ մեծ թիւով հայեր կը հեռանան Սուրիայէն, հակառակ համայնքը պահպանելու ջանքերուն։ Այս իրավիճակը շատ չի տարբերիր 1975-էն մինչեւ 1990 տեւող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հայերու վիճակէն։ Այդ ժամանակամիջոցին հայերը որդեգրած էին «դրական չէզոքութիւն» կեցուածքը՝ մերժելով կողմնակալութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մասնակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնելով։ Այսուհանդերձ, որպէս ճնշումի միջոց, հայերը թիրախ դարձան յարձակումներու որոնք կը նպատակադրէին զիրենք փաղանգաւորներու կողմը մղել։ Հայ համայնքը այս ճնշումին կրցաւ դիմադրել։ Սակայն Սուրիոյ մէջ կացութիւնը տարբեր է, տրուած ըլլալով որ հոն հայ համայնքը ճգնաժամի մը պարագային միաւորուելու համար մէկ տեղ կեդրոնացած չէ եւ շօշափելի քաղաքական ուժ մը չի ներկայացներ։

Հայերու ապագան Միջին Արեւելքի մէջ անյուսադրիչ կը թուի, այս իմաստով Տոքթ. Միլիորինօ արտայայտեց ապագայի հանդէպ ունեցած իր յոռետեսութիւնը։ Երբ իրեն հարցուցին ապագային Սուրիան որպէս հաւանական քաղաքական միացեալ ուժ միաւորուելու կարելիութեան մասին իր կարծիքը, բան մը որ վստահաբար կարեւոր անդրադարձ պիտի ունենայ հայ համայնքներու գոյատեւումին, Տոքթ. Միլիորինօ պատասխանեց թէ տակաւին այսպիսի կանխագուշակութիւններ ընելը կարելի չէ, ուրեմն կացութիւնը մտավախութեամբ ընկալելը խելացի մօտեցում մը պիտի ըլլար։

Ամգլերէն բնագրէն թարգմանեց՝ Շողեր Մարկոսեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.