Քեսապ – երրորդ տեղահանութեան երկրորդ տարելից
Օրերը թաւագլոր անցան: Շուտով կը հասնին Մարտ-ի 21-ը, 2016-ի: Մարտի 21-ը թուականագէտներու բնորոշումով, գարնան առաջին օրն է: Չքնաղ ու դալար գարնան սկիզբը, երբ ծաղկած կ’ըլլան ծիրանիները, սալորենիները, դեղձենիները… եւայլն, ճերմակ, վարդագոյն, կարմրաւուն ծաղիկներ, կանաչ սարերուն դիմաց, նորամշակ պարտէզներու հողին վրայ:
Այդ օրը, մարդկային ընկերութեան ամենայիշատակելի օրերէն մէկն է նաեւ, երբ կը յիշենք մեր մայրերը, ողջ թէ ննջած:
Մայրերու տօն:
Քանի-քանի բանաստեղծներ, գրագէտներ երգած ու գովերգած են մայրերու տօնը:
Պարոյր Սեւակ՝ Մօր ձեռքերը
Եղիշէ Չարենց՝ Գազէլ մօրս համար
Յովհաննէս Շիրազ եւ շատ-շատեր:
Քանի-քանի մանուկներ լսած են իրենց մայրերու շուրթներէն հոսող, գլգլան զմրուխտեայ աղբիւրի նման… մանկան օրօրը:
Քիւրտը, Պարսիկը (գուցէ նաեւ ուրիշ Արիական ազգեր) կ’երգեն Մարտի 21-ը որպէս Նեւրուզի տօն:
Տակաւին չեմ մոռցած, 30-40 տարիներ առաջ երբ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտներ էինք, եւ Մարտ 21-ի օրը արձակուրդ ըլլալով, դպրոցական արշաւներ կը կազմակերպէինք դէպի Հալէպ նահանգի հիւսիսը՝ Աֆրին, Մէտան-Քէյ, Պասուդա կամ Սէն-Սիմօնի) (Սիմոն Սիւնակիցի) ճգնաւորին նուիրական եկեղեցւոյ (այժմ քար ու քանդ)) աւերակներուն շրջանը. տարածքը բնակուած ըլլալով մեծ մասմաբ քիւրտերով, անոնք այդ շրջանի դաշտերուն մէջ, ընտանիքներով, մեծով-փոքրով կը տօնէին Մարտի 21-ի՝ Նէւրուզի տօնը:
٭٭٭
Սակայն Սուրիոյ հնգամեայ տագնապի երրորդ տարեդարձի (Մարտ 14) յաջորդող՝ 7-րդ օրը, քեսապահայութեան համար օրհասական օր մը, թուական մըն եղաւ, երբ քեսապցիք, թրքաբոյր բարբարոսներու, (նոյն ինքն Թուրքիոյ կողմէ առաքուած) հռթիրներու եւ կրակոցներու ճնշումին տակ, հարկադրուած կը լքէին տուն ու տեղ, շէն ու գիւղ, գաղթի ճամբան բռնելով, հանգրուանելով Լաթաքիա (փոքր մաս մը աւելի հեռուն՝ Լիբանան, Հայաստան…), պարտադիր երրամսեայ տեղահանեալի, տարագիրի կեանք մը անցնելու համար:
Մեծ էր ցաւը: Մեծ էին բարոյական թէ նիւթական կորուստները:
Պատմութիւն մը, աշխարհագրական հարազատ հող մը, փոքրիկ Հայաստան մը…
Հարկ չկայ վէրքը փոռփրել, գռգրել…
Թող չարայուշ սպի մը դառնայ ու մէյ մըն ալ չնորոգուի վէրքը:
Քեսապի 3-րդ տեղահանութիւնը մէկ դարու ընթացքին:
Փոխանակ վէրքը լալու, հպանցիկ ակնարկ մը պիտի նետել ներկայ իրավիճակին վրայ, որպէս երախտապարտութիւն արարիչին որ կամեցաւ որ քեսապցին տուն-դառձ ունենայ, ամենակարճ ժամանակին, նուազագոյն վնասներով՝ 2014-ի Յունիսի 14-ին:
٭٭٭
Նախ հպարտութեամբ արձանագրենք, որ հակառակ 5-ամեայ տագնապին, հակառակ հայութեան համար լարուած որոգայթներուն քեսապը իր հայութենէն պարպելու, այսօր, հակառակ շարունակուող պատերազմին, անապահովութեան, դռնամերձ (Թուրքիա) սպառնալիքներուն, համեցող տնտեսական տագնապին, քեսապահայութեան 85 առ հարիւրը վերադառձած է տուն, ու կառչած գիւղին:
Նախապէս ալ նշած էինք, որ համեստ թիւ մը կը բնակին Լաթաքիա, Լիբանան եւ Հայաստան, սակայն ափսոսանքով կ’արձանագրենք որ փոքր թիւ մը (երկու տասնեակի շուրջ) լքելով գիւղը, մեկնած են հիւսիս, հատկապէս Գանատա… ի՞նչ փնտռելու (Այ գիժ հայեր ինչ էք փնտռում հիւսիսում):
Խումբ մը երիտասարդներ ուսումնական, զինւորութեան թէ այլ պատճառներով մեկնած են: Ոմանք կարծես անվերադառձ:
Տնսեսական երկամեակը բաւական դժուար էր:
Վերադառձի ամիսներուն մինչեւ 2015-ի ամանօրը, ժողովուրդին տրուած բարոյական, կենցաղային եւ այլ նպաստները, ազդակ դառձան որ յուսահատութիւնը բոյն չդնէ սրտերուն մէջ:
Գնուեցան սակաւաթիւ երկրագործական գործիքներ, որոնք ցարդ կը գործածուին համագործակցականերու նման, փոխն ի փոխ:
Այդ ամառ, վարակներէն վնասուած բերքը, որոշ չափով առատ էր, ինչ որ նեցուկ հանդիսացաւ որ կամքով լի մնայ ժողովուրդը, եւ գիւղը չլքէ, այլ աշխատեցաւ զայն վերականգնելու:
Սակայն այդպէս չեղաւ, 2015-ի բերքը, որ սակաւ ըլլալով, ենթարկուեցաւ բնութեան քմայքին (կարկուտ):
Սակայն այսօր, գարնան շէմին, ծառերուն պարտէզներուն պատկերը յուսատու է, որ կամօքն Աստուծոյ, բեռքը բաւարար ըլլալու է:
Դպրոցները, 4 նախակրթարան եւ 2 միջնակարգ-երկրորդական կը գործածեն անխափան:
Հաւատքի եւ լոյսի օճախները, որոնք փառքն են այս գիւղին, կը շողան հոգիի եւ մտքի լոյսերով:
Շուկան, որ բազկերակն է գիւղին, վերադառձի առաջի ամիսներուն, կը հաշուէր մի քանի վաճառատուն:
Այսօր, աւելի քան տասնեակ մը (անցեալի հարիւրակին դիմաց), վաճառատուներ կը գործեն:
Նախկին արհեստանոցներուն հազի մէկ չորորդն է, որ կը գործէ:
Քանդուած բնակարաններուն մեծամասնութիւնը վերանորոգուած են. Նոյն ատեն նշենք թէ քեսապցիք տակաւին շատ հեռու են իրենց կերսնցուցածը վերագտնելու:
Քեսապի ժողովրդային սառնարանի ընկերութիւնը, ժողովուրդին եւ մեր հեռաբնակ եղբայրներուն նեցուկով, առաջին իսկ ամառը, բանեցաւ, իր կողոպտուած գործիքներուն փոխարէնը համալրելէ ետք, թէկուզ իր ծաւալին մէկ հինգերորդ համեմատուեամբ:
Երկրիս վատթար տնտեսութեան բերումով, քեսապի գիւղատնտեսական կարգ մը արտադրանքներուն գիները մեծ անկում կրած են, մինչ, հակավարկային դեղերը եւ պարարտանիւթերը տարապայման սղած են: Սուղ գիներ կ’արձանագրեն նաեւ կարգ մը այլ մթերքներ, ընդեղէն, հացահատիկներ, յատկապէս նահանգ է նահանգ փոխադրութեան գրեթէ անհնարութեան պատճառ:
Անշուշտ Սուրեական դրամանիշին՝ թղթոսկիի՝ գնողական արժէքի անկումը կ’անդրադառնայ Սուրիոյ ամբողջ բնակչութեան գնողական կարողութեան վրայ:
Անցեալին, Քեսապ, գիւղատնտեսութեան կողքին յենած էր զբոսաշրջիկութեան ոլորտին: Վարձու տրուած տուներուն ապահոված եկամուտը յաւելեալ նեցուկ մըն էր գիւղացիին:
Այժմ այդ կառոյցները պարապ կը մնան ամառ ու ձմեռ:
Նոյնպէս ամայի են հիւրանոցները պանդոկները իսկ ճաշարանները փակ: Կը գործեն 1 հիւրանոց, եւ երկու ճաշարան:
Վարելանիւթի եւ ներածուած ապրանքներու արասպելական գիները, կը մաշեցնեն բնակչութեան քսակները:
Միայն մէկ օրինակ տալու համար, խոտ հնձելու՝ նայլոնէ շինուած թելի կծիկը 600 ս.ո.-էն բարձրացած է 3000 ս.ո.-ի, մինչ խնձորին (քեսապի արտադրութեան 65%-ը) արժէքը անկում արձանագրուած է (միջին 125 ս.ոսկիէն՝ 85-90 ս.ոսկիի, արտածումի անհնարութեան պատճառաւ):
Հրաշքի համազօր է որ տակաւին սուրիական թղթոսկին կը տոկայ, եւ պետութիւնը, խաղաղ կամ նոր խաղաղաղծ շրջաններուն մէջ կը պահէ, ընկերվարական բնոյթ ունեցող տնտեսական ենթակառոյցները, քանդուածը վերաշինելով իր նեցուկը տալով հացի, շաքարի, բրինձի, վառելանիւթի եւ կարգ մը այլ կենցաղային նիւթերու գիներուն եւ նոյնիսկ երբեմն տնտեսական նոր հաստատութիւններ հիմնելով:
Քեսապի մխիթարական միւս երեսը, միութենական կեանքի պատկերն է:
Սկսած են անխափան գործել յարանուանական կիրակնօրեայ վարժարաններն ու միութիւնները:
Կը գործեն Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղերը:
Կը գործէ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը, որ շուտով իր թատերախումբով բեմ պիտի բարձրացնէ թատերական կտոր մը:
Կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քեսապի մասնաճիւղը: Կը գործեն Ս.Ե.Մ.ի երիտասրդական թէ Պատանեկան մասնաճիւղերը: Կը գործէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Քեսապի մասնաճիւղը:
Մտաւոր, դաստիարակչական եւ հոգեկան կեանքի աշխուժութիւնը միայն կրնայ հոգիները խայտացներ:
Քեսապ կայք հաստատած զօրքը, որքան որ հպարտութիւնն է ժողովուրդին, իր զինուորագրուած զաւակներուն ի տես, սակայն նոյն ժամանակ մտահոգութիւն կ’առթէ, հաստատելով որ տագնապը ցարդ չէ աւարտած, հակառակ այն իրողութեան, որ նահանգը համարեայ վնասազերծուած է ահաբեկչական խումբերէն:
Վարելանիւթի գիներուն մագլցումին ի տես, գիւղացիք եւ զորքը այս տարուայ գաղջ եւ անգեալ տարուայ ցուրտ ձմեռը տաքցուցին, տագնապի առաջին 3 տարիներուն՝ նենգաբար հրկիզուած անտառներու՝ խանձուած փայտի օգտագործումով: Թէեւ գտնուեցան մարդիք, որոնք իրենց «քիթերուն չդրին» դիւրավար ու խանձուած մայրիի անառի փայտը եւ սղոցեցին կաղնի կամ փշկաղնի, երկարամեայ դալար ծառեր, բնութեան բաժին հանելով «Սուրիական տագնապի» ալեկոծած պատուհասներէն:
Քեսապցիք անցնող երկու տարուայ ընթացքին արձանագրած են 10 ծնունդ, որուն դիմաց մօտ 30 մահ ու նաեւ 15 պսակ, ամուսնութիւն:
Սակայան այս ամէնուն չափ եւ այլ աւելի կարեւոր է ապահովութեան իրավիճակը:
Կրկնելու գնով կ’ընդգծենք. Թուրքիոյ հարեւանութիւնը, անապահովութեան իրողութեան փաստն է:
Հայութեան համար դարաւոր եւ դաւադիր թշնամի է ան, որքան որ հայութիւնը, իմա քեսապահայութիւնը խաղաղասէր ըլլայ:
Վկայ, Ատանայի կոտորածը եւ քեսապցիներու աւելի քան 160 կորուստները, տեղահանութիւնը, թալանը եւ տուներուն հրկիզումը (1909ին):
Վկայ, Մեծ Եղեռնի կոտորածը 1915ին, որ (կուլ տուաւ) քեսապահայութեան 3/4ը (8500 միայն 2300ը վերապրեցաւ):
Վկայ, 2014ի Մարտ 21ի տեղահանութիւնը նիւթական կորուստներ եւ մահեր:
Քեսապ, ժողովուրդի վերադառձէն ի վեր քանիցս ենթարկուեցաւ զինեալ հրոսկային ջարդարար խումբերու արձակած հռթիրներու տարափին, որուն վերջինը՝ Յունուար 20ին, երկուքը պայթեցան գիւղին մէջ, իսկ մին բնակարանէս 30 մէթր անդին, ջարդելով մեր դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները:
Բարեբախտաբար, հռթիրներուն մեծ մասը պայթեցան լեռներուն վրայ, առանց նիւթական եւ կեանքի վնասներ խլելու:
Շուրջ երկու տարիներ, գրեթէ ամէն օրեայ հերթականութեամբ ականջալուր եղանք գիւղիս բարձրունքներուն տեղակայուած թնթանոթներու եւ հրասայլերու արձակած ռումբերու ձայներուն:
Մեր լսողական բնազդը «զարգացում» արձանագրելով սկսանք կրահել, թէ որ շրջանին վրայ կը տեղային այդ արկերը (ռոպէները եւ ակնթարթները հաշուելով):
Վերադառձէն մինչեւ այսօր, ապրեցանք եւ կ’ապրինք ջղապիրկ պահեր, թէ արդե՞օք այդ զինեալ վարձականներուն մէյ մը եւս թոյլ պիտի տա՞ր Թուրք դաւադիր պետութիւնը Քեսապը տեղահանութեան ու քանդումի ենթարկելու:
Սուրիական պետութիւնը եւ անոր դաշնակցող պետութիւններն ու ոյժերը վճռակամ են արմատախիլ ընելու միջազգային ահաբեկչութիւնը, որոնց նեցուկ կանգնած են Թուրքիան, Սէուտական Արաբական եւ շարք մը խամաճիկ, վարձկան պետութիւններ:
Այսօր, արդէն մի քանի օր է, ի վեր իբրեւ թէ հրադադար է, սակայն ո՛չ ահաբեկչական կառոյցներուն հետ, որոնց մասսան դուրսէն եկած բազմացեղ ու մարդակերպ վարձկաններ են:
Սուրիոյ, ազգային բանակը, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ նահանգի սահամններէն բաւական անդին շպրտեց այդ զինեալ խմբաւորումները:
Համարեայ մի քանի փոքր եւ սակայն Թուրքիոյ սահմանամերձ բնակավայր մնացած է զորս պէտք է վնասազերծել:
Այժմ թնթանօթը, հրասայլը մեր ականջին տակէն չէ որ կը գոռան, այլ աւելի անդինէն, հեռուէն ռազմագիտական բարձունքներու կամ հովիտներու վրայ բազմած, կը հրակոծեն թշնամիին դիրքերը:
Վերը արդէն յիշեցինք, թէ Լաթաքիոյ նահանգը գրեթէ վնասազերծուած է զինեալ ահաբեկչական խումբերէն:
Բայց մեր հոգիներուն մէջ փոթորիկ կայ: Մեր հոգիները ցնցուած են եւ վիրաւոր:
Թնթանօթը գոռաց (մօտ թէ հեռու)՝ կը մտահոգուինք: Ո՞ւր կը հարուածէ: Որքան ծանր է մարտը…
Թնթանօթը լռեց… ինչո՞ւ… ի՞նչ պատահած է, արդե՞օք… արդե՞օք… ինչո՞ւ լռած է:
Կ’ըսուի թէ մի քանի օրեր ետք, միջազգային գերպետութիւններու հսկողութեան ներքեւ վեհաժողով տեղի պիտի ունենայ սուրիացիներու, իշխանամէտ եւ իշխանամերժ հոսանքներու մասնակցութեամբ, քաղաքական պայքարով, ելք փնտռելու այս անօրինական տագնապէն:
Սակայն, տակաւին 10 օրեր առաջ թրքական եւ Սէուտական խաւարային պետութիւնները սպառնալիք կը տեղացնէին Սուրիոյ գլխուն թէ ռամզական, ցամաքային միջամտութիւն պիտի կատարեն առանց նոյնիսկ դոյզն ուշադրութիւն կատարելու մեծ տէրութիւններու յորդորնեդուն եւ ապառնալիքներուն:
Ով կրնայ երաշխաւորել սատանային դաւերուն աւարտը:
Սակայն, ըլլայ Սուրիա, ըլլայ Քեսապը, ըլլայ Սուրիացին, Սուրիահայը եւ մանաւանդ Քեսապահայը, պարատաւոր են լաւաատես ըլլալ:
Այդ լաւատեսութիւնն էր, որ «ազատագրեց» քեսապը:
Այդ լաւատեսութիւնն էր, որ տուն դառձուց բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
Եւ այդ լաւատեսութիւննէ, որ կը կերտէ ու կը պահէ հայրենիքը՝ Սուրիան ու Քեսապը:
7-3-2016
Կարօ Վ. Մանճիկեան