Մի՛ Խաթարէք Սուրիահայու Նկարագիրը


Սուրիահայը բոլոր երկիրներու մէջ միշտ ինքզինք դրսեւորած է դրական յատկանիշներով՝ ան հայրենասէր է, երախտապարտ, աշխատասէր, նուիրուած, “քարէն հաց քամող” արհեստաւոր…Վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ ծայր առած պատերազմէն ետք, բազմաթիւ հայեր եկան Հայաստան, մեծ մասը ինքզինք դրսեւորեց այնպէս ինչպէս վայել է սուրիահայուն… դժբախտաբար եղան նաեւ մարդիկ, որոնց մէջ սկսանք որոնել սուրիահայը, բայց աւաղ չգտանք…

Քանի որ անսխալական մարդ չկայ, հետեւաբար անսխալական հաւաքականութիւն ալ չկայ, իսկ նոյն տրամաբանութեամբ՝ նաեւ անսխալական պետութիւն չկայ. բայց շատ շատեր չեն կրնար ընկալել այս պարզ ու տրամաբանական իրողութիւնը եւ իրենց բոլոր արարքներուն պատճառը մայր Հայրենիքի վզին փաթթելով՝ ոչ միայն Հայաստանէն կը հեռանան, այլեւ սուրիահայուն անյարիր կեցուածքով իրենց վերջին մաղձը կը թափեն օդակայանին մէջ եւ դժբախտաբար՝ յայտկապէս հայաստանեան լրատուամիջոցները՝ կը նպաստեն այդ բոլորի տարածման։ Ասկէ կարելի է եզրակացնել, որ հայատառ ու հայերէն հնչող ոչ բոլոր լրատուամիջոցներն են, զորս կարելի է հայկական համարել….

Երբեւէ չեմ մեղադրած Հայաստանէն արտագաղթող ոեւէ հայ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը իր կեանքի ձեւն ու վայրը տնօրինելու լիարժէք իրաւունքը ունի, բայց չեմ կրնար չմեղադրել այն սուրիահայը, որ Հայաստանի դրամատունէն վարկ կը վերցնէ եւ առանց փակելու կամ իր երաշխաւորի վիճակի մասին մտածելու շատ հանգիստ կը հեռանայ երկրէն, իսկ նման դէպքերը քիչ չեն եւ քիչ թիւ չի կազմեր այն գումարը, զոր անոնք իբրեւ վարկ ստացած են ու բեռի տակ ձգած երաշխաւորներն ու դրամատուները…

Չեմ կրնար չմեղադրել այն սուրիահայը, որ Հայրենիք կու գայ եւ հնարաւորինս կ’օգտուի Հայաստանի ընձեռած աջակցութիւններէն, նուազագոյնը կը ստանայ ա՛յն ինչ չ՝ստանար ոեւէ ա՛յլ հայ՝ ոչ տեղաբնիկ, ոչ սփիւռքահայ, ապա կը գաղթէ այլ երկիր եւ հաւանական ամենափոքր խոչընդոտի չհանդիպելու համար կ’ոչնչացնէ իր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱԳԻՐԸ, որմէ իր նախնիները ցեղասպանուելու գնով անգամ չհրաժարեցան… Սիրելինե՛ր, հայկական անձնագիրը լիմոն չէ, անիկա ձեր պատկանելիութեան փաստաթուղթն է՝ սրբազան վայրի մը, ձեր նախնիներու հողին…

Չեմ կրնար չմեղադրել այն սուրիահայը, որ փոխանակ օդակայանի մէջ հայրենիքի օդը շնչելու րոպէները վայելէ, վերջին մաղձը կը թափէ ու կ’ուղղուի “դրախտ” …

“Հրանոյշ Յակոբեանը պէտք է հրաժարական տայ”,- “ոնց ասես”… վաղը կու տայ… Բայց այդ հրաժարականէն ի՞նչ պիտի օգտուիս դուն, կամ ոեւէ այլ սուրիահայ, որուն ի նպաստ փոխուած Հայաստանի օրէնքներու հեղինակն ու մղիչ ուժը եղած է սփիւռքի նախարարութիւնը իր նախարարով, ի՞նչ պիտի օգտուինք այն մարդու հրաժարականէն, որ շաբաթը 7 օր կ’աշխատի ու աշխատանքի կը մղէ շատ շատեր, որպէսզի սուրիահայը ինքզինք աւելի լաւ զգայ իր երկրին մէջ… կը ներես, որ նախարարը գերբնական ուժ չունի՝ Սուրիոյ պատերազմը կանգնեցնելու, բոլոր Սուրիահայերուն մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ բնակարաններ եւ բարձր աշխատավարձով գործ տրամադրելու…

Երբ իրաքահայերը, սուրիահայերու նոյն ճակատագրին ենթարկուելով եկան Հայաստան, Սփիւռքի նախարարութիւն գոյութիւն չունէր, հետեւաբար չստացան այն աջակցութիւնները, զորս սուրիահայը կը ստանայ այսօր, այդ իսկ պատճառով գրեթէ բոլորը հեռացան, սակայն այսօր փոքր չէ թիւը այն սուրիահայերուն, որոնք մնացին Հայաստանի մէջ… չեմ կրնար գլուխ չխոնարհել այն մնացողներուն, որոնք բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելով, կառչած մնացին իրենց հողին եւ արժանավայել կերպով ու հպարտութեամբ պահեցին իրենց երազած անձնագրերը՝ դառնալով ՀՀ լիիրաւ քաղաքացի… Չեմ կրնար գլուխ չխոնարհել յայտկապէս այն սուրիահայերուն, որոնք հասան Եւրոպա եւ իրենց կամքով վերադարձան Հայաստան՝ այստեղ արարելու եւ հայօրէն ապրելու…

Բնաւ նպատակ չունիմ ուռճացնելու տարբեր ոլորտներու այն օգնութիւնը, որ կը տրամադրուի Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերուն, սակայն պետութիւնը կ’աջակցի այնքանով ինչքան հնարաւորութիւն ունի, այլ հարց է, որ եղածը գոհացուցիչ եւ հրապուրիչ չէ, իսկ գոհացնելը միայն Հրանոյշ Յակոբեանի առաքելութիւնը չէ, թէեւ ան այդ ուղիի վրայ ամենամեծ ներդրումը ունեցողն է… Հայաստանը մեղաւոր չէ, որ միջազգային մեծ կազմակերպութիւնները սուրիահայը Հայաստանի մէջ գաղթական չեն համարեր եւ անոնց չեն տրամադրեր այն աջակցութիւնները զորս կը տրամադրեն եւրոպական կամ այլ երկիրներու մէջ։ Այլ հարցէ, որ պէտք է միջոցներ որոնել այդ նպատակին ալ հասնելու համար…

Սուրիահայերու կարիքները բաւարարելու համար պէտք է համխմբուի ողջ սփիւռքահայութիւնն ու Հայաստանը եւ պէտք է համախմբուի շատ արագ, քանի դեռ չէ խաթարուած սուրիահայու մաքրամաքուր նկարագիրը…

«ԵՌԱԳՈՅՆ» կայքէջի խմբագրական


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.