Թուրքիան կը շարունակէ ժողովուրդներու դիակներուն վրայ ինքզինք կառուցել
Օրերէ ի վեր Թուրքիան կը փորձէ իր բանակով եւ ոստիկանական յատուկ ուժերով յարձակիլ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջաններու Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK) ուժերուն վրայ: Ֆրանական մամլոյ գործակալութիւնը (AFP) թիւեր կը հաղորդէ. կ’ենթադրուի, որ սպաննուած են PKK-ի 102 անդամներ: Թրքական բանակը, 10.000 զինուորներով, հրասայլերով, Իրաք ներխուժած եւ ջարդած է Քիւրտերը: Թուրքիա մտադրած է քաղաքներու մէջ ապաստանած ազատամարտիկները բնաջնջել: Այս կռիւները տեղի կ’ունենան Սուրիա-Իրաք-Թուրքիա սահմանին վրայ: Թուրքիա մտադրած է շրջանի բոլոր քիւրտերը բնաջնջել:
Ֆրանսական համացանցային լրատու մը, առանց դիւանագիտական որձեւէգութեան, խօսելով Քիւրտերու դէմ ի գործ դրուող պետական չափանիշով առաջ տարուող զինուորական գործողութիւններուն, զանոնք բնաջինջ ընելու համար, կ’ըսէ՝ «կը յիշեցնենք որ Թուրքիան մասնագէտ է ցեղասպանութեան. յիշե՛լ Հայերը»։ Բայց մարդիկ եւ պետութիւններ կը յիշեն եւ կը յիշեցնեն ուրիշի դժբախտութիւնը եւ ցաւը, երբ զանոնք կրնան ծառայեցնել իրենց մեծ կամ պզտիկ շահերուն:
Եթէ Ֆրանսական մամլոյ գործակալութիւնը հրապարակած է լուրը, կը նշանակէ որ աշխարհ տեղեակ է: Ռազմական օդանաւեր կը ռմբակոծեն PKK-ի կայանները: Այդ ռմբակոծումները տեղի կ’ունենան Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, հիւսիսային Իրաքի վրայ, առանց ստացած ըլլալու իրաքեան կառավարութեան արտօնութիւնը: Այսինքն, Թուրքիա կը գործէ իրեն համար սովորական անտառի օրէնքի ընձեռած իրաւունքով, եւ իրենք զիրենք աշխարհի իրաւարարութեան կոչած երկիրներ եւ մեծեր կը լռեն, կը հաշուեն ազգաբնակչութեան վրայ ինկող ռումբերը:
Իրաք կ’ամբաստանէ Թուրքիան առանց արտօնութեան իր հողամասին վրայ կատարուող միջամտութեան համար եւ կը սպառնայ յարձակիլ: Կը յարձակի՞ թէ ոչ, այլ խնդիր է: Կը թոյլատրե՞ն, որ յարձակի թրքական ուժերուն վրայ, երբ Թուրքիան երեւութապէս դաշնակից է ծայրայեղական-ահաբեկչական համարուած ճակատին դէմ կռուող ուժերուն: Պահ մը կը մտածե՞ն, որ օգտուելով միջազգային ներկայ խառնակ կացութենէն, Թուրքիա կ’ուզէ հաշուեյարդարի ենթարկել քրտական պահանջատիրութիւնը: Իսկ ո՞վ չի գիտեր, որ քրտական ուժերը ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող կարեւորագոյն ուժերն են շրջանին մէջ, երբ բացայայտուած է, որ Թուրքիա զէնք կու տայ ՏԱՀԷՇ-ի եւ անոր արտադրած նաւթի հիւթալի առեւտուրով կը զբաղի:
Եթէ քիչ մը պատմութիւն գիտնայինք եւ մանաւանդ այդ գիտութեամբ փորձէինք մեր ներկայի իրադարձութիւնները հասկնալ, դատել եւ դիրքորոշուիլ, հաւանօրէն կը կարողանայինք չարիքներու առաջքը առնել, հակազդել, կանխել, սահմանափակել: Թուրք կառավարութեան վարչապետը, արդարացնելու համար PKK-ի դէմ շղթայազերծուած ջարդի պատերազմը, կ’ըսէ թէ այդ կ’ընեն կանխելու համար քաղաքացիական պատերազմ մը: Հայոց ցեղասպանութիւնը արդարացնելու համար պատրուակ մը գտնուած էր, այն որ՝ Հայերը պատերազմի ժամանակ գործակցած էին Ռուսերուն: Կամաւոր կոյր-խուլերը եւ անտեղեակները ինչո՞ւ չեն ուզեր յիշել, որ Առաջին Աշխարհամարտի նախօրեակին Հայերը յայտարարած էին, որ Օսմանեան կայսրութեան Հայերը իրենց պարտականութիւնը պիտի կատարէին, անոնք բանակ կանչուեցան, գացին, բայց պատահեցաւ բանակներու պատմութեան մէջ մարդկութեան դէմ աննախընթաց ոճիր: Հայ զինուորներուն զէնք չտրուեցաւ, զանոնք ղրկեցին աշխատանքի ճամբարներու շինութեան համար, կազմելով բանուորական ջոկատներ (ամէլէ թապուրու), եւ ապա սպաննուեցան իրենց զինուոր ընկերներուն կողմէ: Այս ոճիրը դատարան չտարուեցաւ, նոյնիսկ Թուրքիոյ պարտութենէն ետք: Կրնա՞նք մենք օր մը դատարան տանիլ հարցը, արդարութեան իրապէս հաւատացողներու հետ: ՕԹԱՆ-ի հրամանատարութեան եւ անդամներուն թղթածրար մը կրնա՞նք յանձնել, որպէսզի գիտնան, եթէ չեն գիտեր, թէ ով է իրենց զինակիցը:
Ցեղասպանութիւն գործելու համար Թուրքիան միշտ կրնայ պատճառ-պատրուակ գտնել, որուն նախ ինք կը հաւատայ, ապա ուրիշներ ալ կը հաւատան, անոնք որոնք մէկ կողմէ կը ճառեն մարդկային իրաւունքի եւ մարդկութեան դէմ ոճիրի մասին, միւս կողմէ լուռ կը մնան ոճիրին ի տես:
Հիմա որ Թուրքիա մաս կը կազմէ միջազգային զինակցութեան ընդդէմ ՏԱՀԷՇ-ի, պատեհութիւնը յարմար կը գտնէ հաշուեյարդարի ենթարկելու Քրտական Հարցը: Եւ զինակցութիւնը, չշեղելու համար ՏԱՀԷՇ-ի դէմ պատերազմի առաջնահերթութենէն, կրնայ ճկոյթի ետին թաքնուիլ եւ չտեսնել նոր ցեղասպանութիւն մը:
Ոչ ոք կը կասկածի, որ Թուրքիա յարած է ՏԱՀԷՇ-ի դէմ կազմուած զինակցութեան՝ առաջնահերթ նպատակ ունենալով քրտական հարցի զինու զօրութեամբ լուծումը եւ Սուրիոյ ներկայ նախագահին հեռացումը: Այս երկրորդ պարագային ալ Թուրքիան ծաւալապաշտական ցանկութիւններ ունի, եւ աններելի սխալ պիտի ըլլայ այդ չտեսնել, այսինքն՝ մեղսակցութիւն:
Թուրքիա իր քաղաքական խաղին համար զանազան բեմեր ունի: Եւրոպան զինք կը դարպասէ դրամով եւ Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու խոստումով, պայմանաւ որ գործակցի դէպի Եւրոպա զանգուածային գաղթը կասեցնելու: Այդ գործակցութիւնն ալ պատճառ է, որ Եւրոպան չուզէ տեսնել Քիւրտերու սպառնացող ցեղասպանութեան վտանգը:
Յետո՞յ: Յետոյ ինչ:
Եւրոպան եւ Ամերիկան կը կանգնին կատարուած իրողութեան առջեւ:
Իսկ «չափաւորական իսլամական» կոչուած Էրտողան եւ իր կուսակցութիւնը ի՞նչ կապեր ունին ՏԱՀԷՇ-ի հետ, փաստուած է որ կապեր ունին, եւ ի՞նչ ձեւով օգտուած են եւ կ’օգտուին անկէ:
Մեծ քաղաքագէտ կամ հետաքննող լրագրող ըլլալու կարիք չկայ իրականութիւններէն իրազեկ ըլլալու համար:
Անտեղեակները, եթէ կան այդպիսիներ, թող դիմեն թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթին, որուն խմբագրատունը յարձակման ենթարկուեցաւ եւ տնօրէնը դատարան տարուեցաւ:
Պիտի չզարմանանք եթէ այդ տնօրէնն ալ ղրկուի Հրանդ Տինքի քով…
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ