«Հայ Դատ» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ


ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հայ դատ (Հայկական հարց) առաջին անգամ տեղ գտաւ 1878 Սան Սթեֆանոյի պայմանագրի մէջ,  16-րդ յօդուածով, հայաբնակ վայրերուն մէջ բարեփոխումներ ընելու համար:

Հայ դատը իր հողատարածքի վրայ հայ ժողովուրդին իրաւունքները վերահաստատելու, հայոց պետականութիւնը վերականգնելու եւ մէկ միասնական հայրենիք կերտելու նպատակով ձեւաւորուած գաղափարախօսութիւն է եւ շարժում:

Հայ դատը` որպէս համապարփակ ծրագիր, ձեւաւորուած է Մեծ եղեռնէն ետք, երբ Արեւմտեան Հայաստանը ամբողջութեամբ հայաթափուեցաւ, իսկ Արեւելեան Հայաստանի առանձին տարածքներ իրմէ խլուեցան եւ կցուեցան դրացի հանրապետութիւններուն:

Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութիւնէն ետք Հայ դատի պաշտպանութեան հարցը միջազգային շրջանակներուն մէջ ներկայացնելը դարձաւ ազգային գաղափարախօսութեան առանցքային խնդիր:

Հայ դատը ունի քաղաքական, բարոյական, տարածքային, մշակութային, ընկերա-տնտեսական, իրաւական եւ այլ հայեցակէտեր:

«Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»-ի (1998-ին ՀՅԴ ԻԷ. Ընդհանուր ժողովով հաստատուած) մէջ կը հաստատուի, որ` «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ձգտում է Հայ դատի լուծմանը` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական հայրենիքի կերտմանը»:

Նոյն ծրագրին «Պատմական հիմնաւորում»-ին մէջ նշուած է. «Ցեղասպանութեան պատճառով առաջացած նոր սփիւռքը հետզհետէ ստեղծեց կազմակերպական կեանք` կրթական, մշակութային, կրօնական եւ ընկերային-քաղաքական համապատասխան կառոյցներով ու կազմակերպութիւններով: ՀՅ Դաշնակցութիւնը հանդիսացաւ վերոյիշեալ կառոյցների գլխաւոր կերտողը. նա անզիջում պայքար մղեց համայնավարական գաղափարախօսութեան, ամբողջատիրութեան եւ հայ ժողովրդին մասնատելու նրա փորձերի դէմ ու ծաւալեց բազմակողմանի գործունէութիւն` Հայ դատի հետապնդման գործում»: Ինչպէս նաեւ «1923 թուականին Լոզանի դաշնագրով մեծ պետութիւնները փորձեցին թաղել Հայ դատը»:

Նոյն բաժնին մէջ կը կարդանք նաեւ. «Խորհրդային ամբողջատիրութեան շրջանում հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս մտաւորականութիւնը ենթարկուեցին պարբերական բռնութիւնների եւ աքսորի, իսկ Հայաստանը մասնատուեց` Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ջաւախքի արհեստական անջատումով: Այսուհանդերձ, Խորհրդային Հայաստանի ժողովուրդը զարգացրեց հայ մշակոյթը, արհեստներն ու գիտութիւնը եւ վառ պահեց ազգային ինքնագիտակցութիւնը: Խորհրդային Միութեան լուծարումով, 1991-ին, վերանկախացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»:

«Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»-ի «Հայ ժողովրդի պատմութեան հոլովոյթի ներկայ հանգրուանում պարզւում է հետեւեալ պատկերը» գլխուն 7, 9 եւ 10-րդ կէտերը Հայ դատի նկատմամբ ՀՅԴ-ի ամբողջական պատկերացումը կու տան, ուր գրուած է. «7. Ազգերի ինքնորոշման իրաւունքը, որը Միացեալ ազգերի կանոնագրի մաս է կազմում, տրամաբանօրէն եւ իրաւականօրէն պէտք է կիրարկուի նաեւ հայ ազգի նկատմամբ: Հայ դատի լուծումը ոչ միայն արդարութեան, Ցեղասպանութեան դատապարտման ու պատժման գործնական արտայայտութիւն է, այլեւ միջազգային իրաւունքի հարց` ազգերի ինքնորոշման անկապտելի սկզբունքի հիման վրայ:

9.  Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որը կոչուած է դառնալու Հայ դատի լուծման հիմնական կռուանը, պետականութեան կայացման ներկայ հանգրուանը դիմագրաւում է իր անկախութիւնը ամրապնդելու, ժողովրդավարութիւն հաստատելու, ընկերային-տնտեսական ինքնուրոյն ու արդար համակարգ ձեւաւորելու եւ հայ ժողովրդի մշակութային առաջընթացը ապահովելու մարտահրաւէրներին:

10. Հայ դատը ունի պատմական, բարոյական, իրաւական եւ քաղաքական էական կողմեր ու հիմնաւորումներ եւ կենտրոնանում է հետեւեալ կէտերի վրայ.

ա. Ամբողջական Հայաստանի ստեղծում` Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի տարածքներում: Արցախի հարցի արդար լուծումը հանդիսանում է Հայ դատի հանգրուաններից մէկը:

բ. Սփիւռքի տարագիր հայութեան համախմբում` իր հայրենի հողերի վրայ:

գ. Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտում»:

Արդարեւ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որուն նախաձեռնութեամբ կազմուեցան «Հայաստանի անկախութեան համար ամերիկեան կոմիտէն» (1918 թ.) եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը» (1920թ.): Ասոնք այն կառոյցներն էին, որոնց միջոցով ՀՅԴ-ն միջազգային մակարդակով քաղաքական, հասարակական եւ քարոզչական աշխատանքներ կը տանէր յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչման եւ Հայաստանի անկախութեան: Այնուամենայնիւ, չկար յստակ ձեւակերպուած քաղաքական ռազմավարութիւն, եւ չէր յաջողուած ստեղծել համազգային միասնական կառոյց:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմի աւարտէն ետք հայ հասարակութեան մէջ դեռ հասունցած չէր այն միտքը, թէ հայ ժողովուրդը հաւաքական կերպով ոտքի պիտի կանգնի` հրապարակ բերելու եւ պաշտպանելու Հայ դատը: Հայութեան մէկ մասը այն կարծիքին էր, թէ այլ պետութիւններու մէջ բնակող հայերը քաղաքական տեսակէտէն որեւէ ընելիք չունին Հայ դատի պաշտպանութեան հարցին մէջ. այդ իրաւունքը վերապահուած է միայն խորհրդային իշխանութեան, իսկ այլ պետութիւններու մէջ բնակող հայերու կողմէ որեւէ քայլ այդ ուղղութեամբ կը նշանակէ միջամտել խորհրդային իշխանութեան եւ Խ. Հայաստանի գործերուն: Մինչդեռ խորհրդային իշխանութիւնն ու Խ. Հայաստանը կ՛անտեսէին Հայ դատի գոյութիւնը: Հայութեան միւս մասը, ՀՅԴ-ի առաջնորդութեամբ, կը պնդէր, թէ պատերազմը եւ Միացեալ ազգերու յաղթանակը պատեհ առիթ են արծարծելու Հայ դատը: Քանի որ Հայաստանը ի վիճակի չէ նախաձեռնելու Հայ դատի պաշտպանութեան հարցը, սփիւռքահայութիւնն ինքը, իբրեւ սեփականատէր արեւմտահայկական հողերու եւ ժառանգորդ Հայ դատի, պէտք է ստանձնէ այդ պարտաւորութիւնը:

Հետագային ՀՅԴ-ն որոշեց դիմել գործնական քայլերու` ձեւակերպելով հայ ժողովուրդի ազգային պահանջները միջազգային նոր պայմաններուն համապատասխան եւ հրապարակ բերելով Հայ դատի բանաձեւը` արեւմտահայկական հողերու կցումը Հայաստանի Հանրապետութեան, տարագիր հայութեան վերադարձը հայրենիք: 1944-ին ՀՅԴ-ն ձեռնարկեց Հայ դատի պաշտպանութեան հիմնադրամի հանգանակութիւն: Նոյն թուականին ՀՅԴ-ն Միացեալ Նահանգների մէջ ստեղծեց յանձնախումբ, որ գրասենեակ բացաւ Նիւ Եորքի մէջ` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու խնդիրը ներկայացնելով նորակազմ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ):

Գրասենեակին նպատակն էր` «Վերականգնել հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքները, պաշտպանել անոր պահանջներն ու ազգային ձգտումները»:

Հետագային, ըլլա՛յ Հայոց ցեղասպանութեան 50- ամեակին, ըլլա՛յ տարիներ ետք սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքին ստեղծուեցան յատուկ յանձնախումբեր, որոնք ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախմբեր անունով մինչեւ օրս կը գործեն:

ՀՅԴ-ն աշխարհի քաղաքական կեանքի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներու մէջ հաստատած է Հայ դատի գրասենեակներ, ինչպէս` Ուաշինկթըն, Պրիւքսել, Մոսկուա, Պէյրութ, Երեւան եւ այլն:

Գրական եւ մշակութային արժէքներու պահապան եւ քարոզիչ Կարօ Մեհեան (Կարօ Ղազարոսեան) այսպէս կը բնութագրէ Հայ դատը. «Հայ դատը 1915-էն չի սկսիր: Վեց դար առաջ թուրքը իշխեց զինու զօրութեամբ եւ վեց դար շարունակ զինու զօրութեամբ նուազեցուց մեզ` նաեւ քանակով տիրելու համար այդ հողերուն: Հայ դատի մեր փաստարկութիւնները բացարձակապէս զերծ պէտք է մնան միայն «Ապրիլեան եղեռն»-ին կառչելու սխալ կերպէն: Եւ Ցեղասպանութիւնը պէտք է ներկայացնենք իբրեւ քաղաքական-պետական ծրագիր` անոր հակադրելու համար մեր Դատը` իբրեւ քաղաքական-իրաւական պահանջ»:

Իսկ քաղաքական ղեկավար, պետական գործիչ եւ գաղափարական մտաւորական Արշակ Ջամալեան (Իսահակեան) Հայ դատի իրագործման համար դաշնակցականներու սկզբունքին մասին կը գրէ. «Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի յետեւը ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանուէր անձնազոհութեամբ: Նա համոզուած է նաեւ, որ եթէ նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծուի Հայ դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար, դարձեալ դաշնակցականներն են շարժուելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նուիրաբերելու առաջին լուման` լինի դա չարքաշ աշխատանք, դրամ թէ արիւն, որպէսզի գործը քալէ»:

Միւս կողմէ, քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդ, գաղափարի շունչն ու կամքը մարմնաւորած դարբին Սարգիս Զէյթլեան Թուրքիոյ քաղաքականութեան մասին հետեւեալը կը պատգամէ մեզի իր վերլուծական տողերով. «Օսմանեան ըլլայ թէ հանրապետական, Թուրքիա միակ մտասեւեռում մը ունի. անխտիր ամէ՛ն միջոց, ամէ՛ն ռազմախաղ, ռազմավարական ամէ՛ն նենգութիւն գործ դնել` միանգամ ընդմիշտ գերեզմանելու համար Հայ դատը»: Իսկ միւս կողմէ` հայութենէ կը պահանջէ. «Հաւա՛տք` Հայ դատի արդարութեան եւ անոր յաղթանակի անխուսափելիութեան մասին»:

Հայ դատի անձնուէր վերլուծաբան, քաղաքական մտքի եւ հանրային-քաղաքական կեանքի հազուագիւտ մեծերէն Շաւարշ Թորիկեան Հայ դատի աշխատանքին մէջ երկու գործօններու անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ. «Այս գործին մէջ (Հայ դատի), սակայն, անհրաժեշտ են յստակատեսութիւնն ու իրապաշտութիւնը: Միշտ յիշել, թէ քաղաքականութեան նպատակը ուժերու վերաբաշխումը եւ կարելիին հետապնդումն է»:

Հայ մշակոյթի սպասարկու եւ ազգային-կուսակցական ղեկավար Բաբգէն Փափազեան Հայ դատը կը հիմնաւորէ հետեւեալ տողերուն մէջ. «Սփիւռքի հայութեան կողմէ Հայ դատի հետապնդումը ձեւականութիւն չէ, հինէն եկող սովորութեան մը շարունակութիւնը չէ, պարտադրուած կեցուածք մը չէ: Ան ժողովրդային լայն խաւերու ապրումներուն արտայայտութիւնն է: Ան շարունակութիւնն է այն պայքարին, որ հայութեանը եղաւ իր պապերու հողին վրայ գտնուած ժամանակաշրջանին, երբ դեռ Հայկական Բարձրաւանդակը ցեղասպանութեան արարքով դատարկուած չէր իր հարազատ ժողովուրդէն»:

Մեծ մտաւորական, ուսուցիչ ու գաղափարապաշտ գործիչ Մուշեղ Իշխան կարեւոր ընդգծումի մը ընդմէջէն կը շեշտաւորէ Հայ դատը սփիւռքի տարածքին. «Սփիւռքահայ երիտասարդութեան վերապահուած դերն ու առաքելութիւնը շատ կենսական են: Երէց սերունդի ներկայացուցիչները մի առ մի կը շիջին` իւղասպառ ճրագներու պէս: Անոնց տեղը վայրկեան մը իսկ թափուր պէտք չէ մնայ: Երիտասարդութիւնը պէտք է գիտնայ պատասխանատուութիւններ ստանձնել սփիւռքի մեր պայքարին մէջ, որ անհաւասար ուժերով կը մղուի այլասերիչ հզօր հոսանքներու դէմ: Այդ պայքարը մեր կեանքն է, գոյութեան իմաստն ու պայմանը: Այդ պայքարը կը մղուի գլխաւորաբար երկու ճակատներու վրայ` հայապահպանում-հայակերտում եւ Հայ դատի հետապնդում: Մէկը կապուած է միւսին բնականաբար»: Մուշեղ Իշխան ապա կ’աւելցնէ, թէ` «Հայ դատի հետապնդումը կապուած է քաղաքական, քարոզչական բազմաթիւ գործունէութիւններու հետ»:

Հայրենասէր ու ժողովրդասէր գործիչ եւ գաղափարական մտաւորական Վազգէն Էթիէմէզեան Հայ դատի կատարելագործումը այսպէս կը բնութագրէ. «Բոլոր ժամանակներէ աւելի դժուար յաղթահարելի կացութեան մը առջեւ կը գտնուի հայութիւնը: Մեզի կը թուի, թէ գործով սորվեցուած կենցաղն ու առանց «մասնագէտ»-ի փոխանցուած Դաշնակցութեան կենցաղագիտավարութիւնը, գէթ առաջին այս հանգրուանին, ամէնէն կարեւոր այն ենթահողերն են, ուր աշխատանք պէտք է տարուի, հայութիւնը համախմբելու համար հայութեան շուրջ եւ այդպիսով կարելի դարձնելու հողահաւաքն ու հայրենադարձութիւնը, Հայ դատի արդար լուծումը` միացեալ եւ կատարելապէս անկախ Հայաստանի կերտումով»:

Էթիէմէզեան կը հիմնաւորէ կուսակցութեան գաղափարաբանութեան արժէքները` աւելցնելով, որ` «Զոհաբերելու միշտ պատրաստ եւ հեռաւոր թէ մօտաւոր անցեալին մէջ ողջակիզումի բազում օրինակներ տուած այս կուսակցութիւնը չի կրնար երբեւէ գործել Հայ դատին եւ առնչակից նուիրական բոլոր արժէքներուն ի խնդիր եւ ոչ իսկ մէկ զոհ տուած խմբակցութիւններու տրամաբանութեամբ, որովհետեւ այդպիսով դաւաճանած կ’ըլլայ իր ինքնութեան ու անցեալէն եկող աւանդներուն»:

Ազգային-կուսակցական ղեկավար, Հայ դատի անվեհեր դրօշակիր Հրայր Մարուխեան կը նշէ, թէ` «Հայ դատով պայմանաւորուեցաւ տարագիր հայութեան գոյութեան իմաստը եւ գոյատեւման պատճառը: Պատճառ մը, որ միաժամանակ հետեւանք է եւ կ’ընդգրկէ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործուած անիրաւութիւններուն ամբողջութիւնը թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Այդ անիրաւութիւններուն դէմ բողոքելու եւ իր իրաւունքներու վերականգնման համար ըստ ամենայնի տրամադրելի ու պայքարող ուժի վերածուելու կոչումով կազմաւորուեցաւ սփիւռք»:

Մտաւորական, ազգային գործիչ Վահէ Օշական (Քիւֆեճեան) համոզուած է, թէ` «Մտաւորականը այն անձն է, որ գաղափարին հաւատալով հանդերձ, կը հաւատայ աքսիոնի մը: Յանձնառութեան հարց մը կայ: Մտաւորական մը միշտ պէտք է լծուած ըլլայ դատի մը: Իր չոր ու ցամաք սենեակին մէջ ստեղծագործող բանաստեղծը կրնայ մտաւորական ըլլալ, բայց բանաստեղծ ըլլալու պարագան երբեք երաշխիք մը չէ, որ ան նաեւ մտաւորական ըլլայ: Մտաւորականութիւնը բարոյական նկարագիր է աւելի, քան` զուտ իմացական բնոյթ: Այդ բարոյական գիծն է, որ այսօր կը հայթայթէ Հայ դատի եւ կուսակցական գործունէութիւնը»:

Դաստիարակ եւ բարոյական հեղինակութեան տէր դաշնակցական գործիչ Հրաչ Տասնապետեան այսպէս կը գրէ. «Կ’ակնկալեմ, որ նոր եւ կարեւոր գործեր` ըլլայ Դաշնակցութեան պատմութեան, ըլլայ Հայ դատի եւ ըլլայ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան վերջին 100 – 150 տարուան պատմակշիռ իրադարձութիւններուն մասին: Եւ այդ կը սպասուի մեր երիտասարդներէն»:

Տաղանդաշատ ու բազմաշնորհ մտքի մշակ, գաղափարական մտաւորական Խաժակ Տէր Գրիգորեան առիթով մը Հայ դատի մաս կազմող արցախեան ազատամարտի համար այսպէս պիտի ըսէր. «Հայկական պահանջատիրութեան, Միացեալ Հայաստանի ստեղծման ուղու վրայ արցախեան ազատամարտը հանդիսանում է առաջին հանգրուանը: Ուրանալ արցախեան դատը, փորձել թօթափել այդ անուրը զանազան պատրուակներով կամ հայավնաս լուծումներով, նշանակում է դաւաճանել Հայ դատին ընդհանրապէս: Նա, որ պաշտպան չի կանգնի արցախեան դատին, չի կարող երբեւէ պահանջատէր հանդիսանալ հայ ժողովրդի իրաւունքների եւ հայապատկան հողերի համար»:

Հայ քաղաքական մտքի արթնամիտ պահակը եւ Դաշնակցութեան մարտունակ պատգամաբերը` Էդիկ Յովհաննիսեան Հայ դատի մասին այսպէս ակնարկութիւն կ’ընէր. «Մենք չենք կասկածում, որ ի վերջոյ առագաստ բարձրացնողը, կամ բարձրացնողների մէջ գլխաւոր դերակատարը ՀՅ Դաշնակցութիւնն է լինելու, սակայն հայկական մեր նաւակում գտնւում ենք բոլորս, ուստի նաւաստիներին օգնելու համար մենք բոլորս պիտի ըմբռնենք այն ճշմարտութիւնները, որոնցմով արդէն վաղուց ղեկավարւում են ուրիշ ժողովուրդներ:

«Այն, ինչ այսօր կոչւում է Հայ դատ, ազգապահպանման եւ ընդհանրապէս սփիւռքի գոյութեան իմաստն է կազմում: Միայն Հայ դատով է իմաստաւորում սփիւռքի ազգային գործունէութիւնը եւ միայն Հայ դատի լուծմամբ վերանալիք սփիւռքն է, որ ընդունելի է»:

Է. Յովհաննիսեան, կուսակցական ըմբռնումէ մեկնած, ինքնաքննարկումի ճամբով եւ քիչ մըն ալ իր իսկ ոճին վայել կծու եւ բացառիկ բանաձեւումով մը  համեմատութիւն կ’ընէ Հայ դատի սիրոյն զոհաբերուողին մասին` ընդգծելով` թէ «Հայ դատին ծառայող հայը պէտք է առանց չակերտների լինի: Կարելի է, ի հարկէ, Հայ դատի գրասենեակներում ունենալ վճարովի քարտուղարներ ու գործիչներ, բայց սրանք դեռեւս Հայ դատի զինուորները չեն, որովհետեւ սրանց համար Հայ դատը դառնում է եկամուտի աղբիւր ու աշխատակիցը ոչ այնքան Հայ դատին է ծառայում, որքան որ` իրեն պաշտօնի նշանակող մարմինին»:

Միւս կողմէ, Է. Յովհաննիսեան վերոնշեալ ոճով կ’անդրադառնայ. «Հայ դատին վերաբերուող խորհրդաժողովներում ու հանդէսներում մարդիկ, սովորաբար, հայանպաստ ճառեր են ասում եւ հեռանում: Մի երկու խօսք էլ մամուլն է գրում, եւ դրանով մենք մեր քարոզչական գործը կատարած ենք համարում: Բայց, մեր կարծիքով, բոլոր նման գործերը պէտք է աւարտուեն մի որեւէ բանաձեւով, որը ժողովականների անունից յղուի պաշտօնական մարմիններին»:

Այս համոզումով եւ ոգիով ներշնչուած` կ’աւելցնէ, թէ` «Այն օրից, երբ սփիւռքը կը հրաժարուի Հայ դատից, այսինքն` Հայ դատի համար պայքարելուց, նա կը դառնայ կրօնական համայնք կամ, լաւագոյն դէպքում, մշակութային միաւոր, որը վաղ թէ ուշ դատապարտուած է անհետանալու: Իսկ անհետանալով` նա կը տանի իր հետ այն վերջին ազատ հողը, որի վրայ դեռեւս կարելի է աճեցնել հայ ժողովրդի քաղաքական ճակատագրի սերմերը»:

Կուսակցական քաղաքական գործիչ եւ մտաւորական Մելքոն Էպլիղաթեան ցայտուն հիմնաւորումներով եւ բացառիկ տուեալներով կը նկատէ, որ` «Հայ դատի աշխատանքները շատ աւելի յաջողութեան գրաւականներ կ’ունենան, եթէ ամբողջ սփիւռքի մէջ առնուազն երեք հարիւր հայեր, գիտականօրէն պատրաստուած, լիաժամ պաշտօնեայ ըլլան (ոչ պաշտօնեայի հոգեբանութեամբ, այլ` ամբողջ իրենց ժամանակն ու կեանքը տրամադրեն Հայ դատին յատուկ գրասենեակներու մէջ. օրինակ` Ժընեւ, Ուաշինկթըն, Փարիզ, Հարաւային Ամերիկա), որոնց հիմնական առաքելութիւնը ըլլայ Հայ դատը (թէկուզ անոնց արտաքին երեւոյթը կրնայ շպարիլ հայագիտական կամ արխիւային հիմնարկներով)»:

Վերի հիմնաւորումները ընելէ ետք կը տեսնենք, թէ Հայ դատի յանձնախումբը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հասարակական աշխատանքներու եւ կառավարական յարաբերութիւններու ազգային կառոյցն է, քանի որ Հայ դատը հայ ազգի կողմէ իր պատմական հայրենիքին մէջ, իր սեփական պետականութեամբ, ինքնիշխան եւ ազատ ապրելու համար մղուող պայքարն է` նուիրագործելու համար իր քաղաքակրթական առաքելութիւնը ազգերու ընտանիքին մէջ:

Այս բաժինով «Հայ դատ»-ի հասկացողութիւնն ու հոլովոյթը եւ անոր ընդմէջէն դաշնակցականներու խորհուրդներն ու պատգամները ներկայացնելէ ետք կ’եզրակացնենք, թէ մենք այսօր չունինք աւելի արդիական հարց, քան` Հայ դատի աշխատանքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.