Ուրկէ՞ Ստացան Իրենց Ուժը
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Պարզ, համեստ, բայց եւ խօսուն յայտարարութիւն մը. «2015 թուականի մայիս 6-ին մեր սկսած պայքարը, դիմադրութեան 175-րդ օրը` 2015-ի հոկտեմբեր 27-ին, պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Իսթանպուլի «Քամփ Արմէն» Ճամբարը վերադարձուեցաւ Կետիկփաշայի հայկական հիմնադրամին: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք պայքարի բոլոր աջակիցներուն, ինչպէս նաեւ` «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան»:
Անարդարութիւն մը սրբագրելու համար 175 օր պայքարելու, չյուսահատելու, չվհատելու, չվախնալու ոդիսականին յաջող աւարտի աւետիսն էր, որ կը տրուէր:
Չէ՞ որ ատելութեան թիրախ ըլլալու սպառնալիքին տակ էին այդ 175-օրեայ պայքարի իւրաքանչիւր վայրկեան:
Այս երիտասարդները արդեօք գիտէի՞ն, թէ իրենց վրայ կեդրոնացած էր հազարաւոր սրտակիցներու հայեացքները, որ` իրենց խիզախութեան վրայ հիացած հազարաւորներ կը հետեւէին իրենց դժուարին, սակայն իմաստալից առօրեային, եւ որ իրենց քաջութենէն կը ներշնչուէին բազմաթիւ երիտասարդներ®
Հաւանաբար գիտէին, կամ կը զգային: Յամենայն դէպս, անոնք կարիք իսկ չունէին որեւէ հրապարակային զօրակցական արտայայտութեան: Անոնք իրենց գործը ըրին հաւատքով, արդարութեան եւ իրաւունքի տիրանալու իւրօրինակ համոզումով: Իրենց գործը ըրին` յանուն իրաւազրկուած համայնքին, որ վստահաբար երախտագիտութեամբ պիտի գնահատէ իրենց յանդգնութիւնը:
Երկրի մը մէջ, ուր ամէնէն դաժան հաշուեյարդարի յիշողութիւնները ամէն օր թարմանալու, նորովի դրսեւորուելու օրինական ու անօրինական ճանապարհներ կը գտնէին, կարելի չէր պատկերացնել, որ ծնունդ պիտի առնէին նման «խենթեր», որոնք նոր զարթօնքի մը ռահվիրաները պիտի ըլլային ոչ միայն իրենց բնակավայրին մէջ, այլեւ` ամբողջ հայաշխարհի տարածքին:
Ուրկէ՞ կու գայ իրենց այս ուժը, այս խիզախութիւնը, այս քաջութիւնը: Հաւանաբար առհաւական ակունքներէ կը սնանին անոնք: