ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Ծրագիրի Մեկնարկ


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) «Սօսէ» մանկապարտէզներէն՝ Արցախի Ստեփանակերտ քաղաքի մանկապարտէզի նոր շէնքի ծրագիրին մեկնարկը տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Համահայկական 71րդ Պատգամաւորական ժողովին ընթացքին, Հոկտեմբեր 7, 2015ին, Երեւանի DoubleTree By Hilton հիւրանոցէն ներս:

Մանկապարտէզի շէնքը պէտք ունէր լայնածաւալ վերանորոգումներու, եւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած էր ամբողջովին վերակառուցել շէնքը: Այսպիսով, Արցախի ազատագրման պայքարին զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներուն համար Ապրիլ 1998ին հիմնուած մանկապարտէզը, քանդուեցաւ որպէսզի հիմը դրուի արդիական կառոյցի մը:

Երեք յարկանի շէնքը, որուն յատակագիծը ունի գրեթէ 6 հազար քառակուսի ոտք տարածութիւն, պիտի ծառայէ 3էն 6 տարեկան 130 աշակերտներու: Երկրորդ յարկը պիտի տրամադրուի աւելի մեծ տարիքով աշակերտներու արտադպրոցական ծրագիրներուն: Այս նորակառոյց շէնքը նաեւ պիտի ունենայ արհեստագիտական (internet, networking) սարքաւորումներ:

Պատգամաւորական ժողովին ընթացքին, հանգանակիչ յանձնախումբը ներկայացուց շինարարական աշխատանքներու ծրագիրը:

«Ստեփանակերտի մանկապարտէզը պիտի ունենայ արդիական սարքաւորումներով շէնք մը, ուր ազատ Արցախի մէջ ապրող մանուկները պիտի ստանան որակաւոր ուսում», ըսաւ Անժէլ Մանուկեան, հանգանակիչ յանձնախումբի ատենապետուհին:

Հանգանակիչ յանձնախումբը շէնքը կառուցելու եւ կահաւորելու համար նախատեսուած 850,000 ամերիկեան տոլարի պիւտճէէն շուրջ 500,000 տոլար արդէն իսկ հանգանակած է: Բարերարներու շարքին են տէր եւ տիկին Ճէքի եւ Սեդա Կիւվրէքեան (2009ին՝ 100,000 տոլար), մի ոմն Արեւմտեան Ամերիկայէն (100,000 տոլար) եւ տէր եւ տիկին Օրէնլեան եւ Անահիտ Մարտիրոս (50,000 տոլար):

Ներկայացման ընթացքին յանձնախումբը տեղեկացուց, թէ հանգանակային աշխատանքը պիտի շարունակուի մինչեւ շէնքի կառուցման աւարտը՝ 2017ի գարնան:

Հուրի Նաճարեան, Պատգամաւորական ժողովի համաատենապետուհին, գնահատեց Կեդրոնական վարչութեան յանձնախումբը եւ աւելցուց. «ՀՕՄի 27 երկիրներու բոլոր շրջաններուն, մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն կոչ կ՛ուղղեմ, որ քաջալերեն հանգանակային արշաւը»:

Կարեւոր այս ծրագիրին մասնակցելու համար, կը խնդրենք որ ձեր նուիրատուութիւնները ուղարկէք հետեւեալ հասցէին. ARS Inc., 80 Bigelow Ave., #300, Watertown, MA 02472, USA։ Ձեր նուիրատուութիւնները նաեւ կրնաք կատարել կայքէջի միջոցով՝http://ars1910.org/projects/education/ars-soseh-kindergartens/:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կրնաք դիմել ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակ՝ (617) 926-5892 թիւին կամ ceb@ars1910.org ե-նամակի հասցէով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.