Փաշինեան չի բացառեր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումը՝ նոր Սահմանադրութեան հարցով

Փաշինեան. «Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ 2027-2028 թուականներուն»

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ չի բացառեր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումը, եթէ ընդդիմադիր ուժերը մերժեն աջակցիլ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի ներկայացնելու նախաձեռնութեան։

Հոկտեմբեր 22-ին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Փաշինեան նշած է, որ իշխանութիւնները պիտի փորձեն համոզել խորհրդարանական ընդդիմութիւնը՝ աջակցելու սահմանադրական փոփոխութիւններուն։ Հակառակ պարագային, իր խօսքով, կրնան քննարկուիլ այլ տարբերակներ, ներառեալ՝ արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպումը։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն չէ յաջողած ապահովել նոր Սահմանադրութիւնը հանրաքուէի ներկայացնելու համար անհրաժեշտ երկու երրորդի մեծամասնութիւնը։ Խորհրդարանական ընդդիմադիր երկու ուժերը՝ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները, յայտարարած են, որ պիտի չաջակցին սահմանադրական փոփոխութիւններուն, զանոնք նկատելով Պաքուի պահանջներուն ընդառաջելու քայլ։

Ատրպէյճան կը շարունակէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը պայմանաւորել Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանէն 1990-ի Անկախութեան հռչակագրին կատարուած յղումը հեռացնելու պահանջով։ Պաքու կը պնդէ, որ հռչակագիրը տարածքային պահանջներ կը պարունակէ, քանի որ կ՚անդրադառնայ Հայաստանի եւ Արցախի վերամիաւորման վերաբերեալ 1989-ի որոշումին։

Փաշինեան միաժամանակ յայտարարած է, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ 2027-2028 թուականներուն։ Ան չէ յստակացուցած, թէ այդ ժամանակացոյցը կապուած է նոր Սահմանադրութեան ընդունման հետ։

«Խաղաղութեան» համաձայնագիրը նախաստորագրուած էր 8 օգոստոս 2025-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեամբ։ Սակայն Պաքու կը շարունակէ մերժել անոր վերջնական ստորագրումը՝ մինչեւ իր սահմանադրական պահանջին կատարումը։

Սահմանադրական փոփոխութիւններուն շուրջ ստեղծուած տարակարծութիւնները նոր քաղաքական դիմակայութեան հեռանկար կը բանան՝ խաղաղութեան գործընթացը անմիջականօրէն կապելով Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներուն։