Գանատայի Պահպանողական կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ հիւպատոսարան հաստատելու խոստում կատարեց


Սեպտեմբեր 8֊ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած համայնքային հաւաքի մը ընթացքին, Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի յայտարարեց, թէ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութիւնը եթէ յառաջիկայ Հոկտեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն վերստին իշխանութեան գլուխ գայ, որոշած է Հայաստանի մէջ Գանատայի պետութեան հիւպատոսարան հաստատել։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ հիւպատոսարանի կողքին պիտի հիմնուի եւ գործէ գանատական առեւտրական գրասենեակ, որուն նպատակը պիտի ըլլայ յաւելեալ զարկ տալ Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական գործառնութեանց եւ տնտեսական մարզէն ներս միջ֊պետական համագործակցութեան։

photo: Ishkhan Ghazarian


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.