«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Բարոյական Հրամայական Է», Կ՚ըսէ Հրեայ Ցեղասպանագէտ Եաիր Օրոն


ArmenianGenocide100.org կայքը հարցազրոյց մը կատարած է իսրայէլացի պատմաբան, ակադեմական եւ Ողջակիզումի եւ Ցեղասպանութեան մասնագէտ Եաիր Օրոնի հետ, որ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ գիտաժողովին։

Խօսելով Թուրքիոյ եւ թուրք ակադեմականներու ժխտողականութեան եւ ուրացման մասին` Օրոն կը յայտնէ, որ ներկայիս թրքական հասարակութեան մէջ փոփոխութիւն կը նկատուի. հետզհետէ յաւելեալ մարդիկ պատրաստակամ են քննարկումներ կատարելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը քաջալերեն, երբ շուրջ 5 տարի առաջ անոնք կրնային բանտարկուիլ։ «Անոնք երբեք չեն կրնար ժողովրդավարական հասարակութիւն մը ըլլալ, եթէ պատմութեան հետ չառերեսուին», կը նշէ ան։

Պատասխանելով Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան մասին հարցումի մը՝ Օրոն ըսաւ.«Եթէ այս հարցումը ինծի մէկ ամիս առաջ հարցնէիք, պատասխանս ժխտական պիտի ըլլար։ Իսկ հիմա չեմ կարծեր, որ կառավարութիւնը պիտի ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, սակայն կը կարծեմ Քնեսեթը, խորհրդարանը պիտի ճանչնայ»։

Ինչ կը վերաբերի հրեայ փորձագէտներուն՝ Օրոն նշեց, թէ անոնց մեծամասնութիւնը անպայման դէմ չէ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, այլ պարզապէս այդ հարցին նկատմամբ անտարբեր է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.