Տիյարպէքիրի պետականապատկան եկեղեցիները
Հէվսէլի պարտէզներուն եւ Տիյարպէքիրի պարիսպներուն Համաշխարհային Մշակոյթի Ժառանգի ցանկերուն մէջ գրանցուելէն ետք, քաղաքի մշակութային ժառանգ համարուելու արժանի շինութիւնները դարձեալ օրակարգի վրայ են։ Տիյարպէքիրի պատմամշակութային հարստութիւնը ցանկագրելու աշխատութիւնը աւարտած է։ Քաղաքի թանգարանի տնօրէնութեան եւ քաղաքապետարանի միատեղ ջանքերով գոյացաւ տարածաշրջանի մշակութային քարտէսը։ 2009-էն այս կողմ շարունակուող աշխատութեան հետեւանքով ստուգուած կոթողներու թիւը 664 է։ Անոնց մէջ կան 11 եկեղեցիներ եւ մէկ հրէից աղօթատեղի։ Ցանկագրութեան հետեւանքով պարզուեցաւ թէ ցանկագրուած եկեղեցիներէն եօթը կը պատկանին պետութեան եւ անոնցմէ մէկը ամբողջովին անհետացած է։ Մնացեալ վեց եկեղեցիներն ալ կը գործեն բոլորովին այլ նպատակներով։

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի
Դ. դարուն կառուցուած եկեղեցւոյ սեփականատէրն է Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը։ Նորոգուած այս եկեղեցին կը գործածուի իբրեւ գեղարուեստական ցուցասրահ։
Հայ Բողոքականաց եկեղեցի
Սուր թաղամասի մէջ գտնուող եկեղեցուոյ սեփականատէրն է Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը։ Վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ գորգագործութեան դասընթացք կը կատարուի։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի
Այս եկեղեցին եւս կը գտնուի Սուր թաղամասի մէջ եւ սեփականատէրն է Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը։ Տնօրէնութեան կողմէ վերանորոգուած եկեղեցին գաւառապետութեան կից գործող կիներու եւ մանուկներու ծառայութիւններ մատուցող կեդրոնի մը վերածուած է։
Ալիփընարի ասորի ուղղափառ եկեղեցի
Պաղլար թաղի մէջ գտնուող եկեղեցին համարեայ աւերակ վիճակի մէջ է եւ ամբողջովին անհետանալը կանխելու համար կը կարօտի շուտափոյթ վերանորոգման։ Եկեղեցին սեփականութիւնն է Տնտեսական Նախարարութեան։
Սուլէյման Նազիֆ նախակրթարան
Սուր թաղամասի մէջ գտնուող դպրոցը նախապէս եկեղեցի էր։ Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան պատկանող եկեղեցին վնասուած է սխալ նորոգութիւններու պատճառաւ։
Եաւուզ Սէլիմ նախակրթարան
Ասորի Կաթողիկէներու եկեղեցին աւելի ետք վերածուած է դպրոցի։ Այս եկեղեցին ալ կը պատկանի Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան եւ նորոգութեան կը կարօտի։
Ակօս