Նահատակ գրագէտ Երուխանի գրչին պատկանող նոր գիրք մը հրատարակուեցաւ


Երուխան (1870-1915), արեւմտահայ գրականութեան կարեւոր անուններէն մէկը, իր նահատակութեան 100րդ տարին, կը ներկայանայ բոլորովին նոր հատորով մը: Երուանդ Սրմաքէշխանլեան իրապաշտական հոսանքի առաջատարներէն մէկն էր: «Ամիրային Աղջիկը» վէպը, ձկնորսներու կեանքէն քաղուած իր նորավէպերը արժանի տեղ մը ապահոված էին իրեն՝ Արփիարեանի, Բաշալեանի, Կամսարականի, Օտեանի նման հեղինակներու կողքին: 1896ին, համիտեան հալածանքներուն հետեւանքով, Պոլիսէն դէպի Պուլկարիա եւ Եգիպտոս հեռացած արուեստագէտը, 1908ին, սահմանադրութեան վերահռչակման տարին, մայրաքաղաք վերադարձող հեղինակներէն մէկն էր նաեւ: Ահա այդ թուականին իսկ Երուխան դարձած էր «Ժամանակ»ի աշխատակիցներէն մէկը՝ ստորագրելով քաղաքական ու ազգային նիւթերուն վերաբերեալ հրապարակագրական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ քանի մը նորավէպեր: ՀՅ Դաշնակցութեան մամուլին համար յօդուածներ ստորագրող Երուխան «Ժամանակ»ի էջերուն վերստին կը յայտնուի 1913ին, երբ արդէն սկսած էր իր կեանքը ապրելու Խարբերդի մէջ, որպէս մանկավարժ:

Երուխանի «Ժամանակ»ին բերած աշխատակցութիւնը կարեւոր է նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ անիկա մանրանկարն է իր գրական ամբողջ գործունէութեան: Նախ զինքը կը ճանչնանք իբրեւ գեղարուեստական գրականութեան պատկանող անուն մը՝ իր նորավէպերով: «Ժամանակ»ի էջերուն Երուխան ստորագրած է չորս նորավէպեր, որոնցմէ երկուքը առաջին անգամ է որ մաս կը կազմեն հատորի մը, իսկ միւս երկուքը նախապէս տպագրուած են հեղինակի կենդանութեան օրօք տպագրուած հատորին, ինչպէս նաեւ Փարիզի, Երեւանի ու Անթիլիասի հրատարակութիւններուն մէջ:
0801yeroukhan1Երուխանի հրապարակախօսութիւնը… Մամլոյ տարբեր միջոցներու էջերուն ցրուած քաղաքական ու հասարակական բնոյթով այս յօդուածները ցարդ չեն ամփոփուած առանձին հատորի մը մէջ: Այս հատորը առաջին փորձ մըն է այդ ուղղութեամբ: Երուխան իր յօդուածներուն ընդմէջէն կը յայտնուի որպէս մէկը, որ սրտցաւօրէն կը հակի երկրի առօրեայ հարցերուն վրայ, սահմանադրութեան խոստացած իրաւունքներուն հանդէպ խստապահանջ եւ օսմանեան հայրենիքին հաւատացող մը, ինչպէս էին մեծ մասամբ իր սերնդակիցները:
Եւ վերջին նորութիւն մը եւս: Երուխան նեղուած ու ձանձրացած Պոլսոյ միջավայրէն, մխիթարութիւն կ՛որոնէ հայրենի մթնոլորտին մէջ՝ ուսուցչական պաշտօն ստանձնելով Խարբերդի մէջ, ուր կը դառնայ տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանի տեսուչը: Դէպի հայրենիք իր ճանապարհորդութիւնը եւ գաւառական կեանքը ան Պոլսոյ ընթերցողներուն կը ներկայացնէ «Փոքր Ասիոյ Մէջէն» խորագրեալ յօդուածաշարով մը, որ ինչպէս միւսները, առաջին անգամ ի մի կը բերուին այս հատորին մէջ:
«Փոքր Ասիոյ Մէջէն» հատորը կազմած, խմբագրած ու ծանօթագրած է բանասէր ու գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեան: Յառաջաբանի հեղինակն է սփիւռքահայ անուանի բանասէր Վարդան Մատթէոսեան: Կողքը պատրաստուած է տաղանդաւոր նկարիչ Արէտ Կըճըրի կողմէ: Տպագրութիւնը իրականացուած է «Ժամանակ»ին կողմէ, իբրեւ երկրորդ հրատարակութիւնը 100ամեակին ձօնուած մատենաշարին, Քասիմի «Օրուան Մտածումներ»էն ետք:
Մեծ Եղեռնի նահատակ գրողներէն Երուխան՝ եղերական վախճանին 100րդ տարելիցին, իր մոռցուած գործերով վերստին կը խօսի հայ հասարակութեան հետ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.