Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակ, Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան 75-ամեակ


 

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ոգեկոչման Այնճարի մէջ կայանալիք միջոցառումներու ցանկը։

-Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2015,  նահատակ Ճապրա Խէյօեանի յիշատակին, հովանաւորութեամբ Լիբանանահայ երեք համայնքներու առաջնորդներուն Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի՝ Բարեջան Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի, Գեր. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանի՝ Առաջնորդ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի, Վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեանի՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Եկեղ. Միութեան Կեդր. Մարմինի Ատենապետ, Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներու բացման ժողովրդային հանդիսութիւն։

Սկիզբը Այնճարի պատմական բերդէն կ.ե. ժամը 6:00ին, որուն կը յաջորդէ ժողովրդային քայլարշաւ Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի փողերախումբի առաջնորդութեամբ դէպի յուշարձան-համալիր, ուր տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր:

-Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2015, նահատակ Յովհաննէս Գոճանեանի (Ֆէնտ) յիշատակին Ներկայացում’ «Ինչպես տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտը» (ժամանակագրութիւն, կազմակերպողին, դէպքեր եւ դէմքեր): Պիտի ներկայացնէ 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան։ Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 8:00ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:

-Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2015, նահատակ Յակոբ Գարակէօզեանի (Ըլլէօն-Առիւծ) յիշատակին, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի։ Գեղարուեստական երեկոյ՝ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:

-Շաբաթ, 8 Օգոստոս 2015, նահատակ Յակոբ Հաւաբեանի (Քեսապցի) յիշատակին, հովանաւորութեամբ Պետական Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի Մուսա Լերան եւ Այնճարի նուիրուած գիրքերու ցուցահանդէս եւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:

-Կիրակի, 9 Օգոստոս 2015, Նահատակ Յաբէթ Վանայեանի յիշատակին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան՝ «Գուսան» երգչախումբի ելոյթ, խմբավար Գրիգոր Ալլոզեան։ Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 8:00-ին , «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ:

-Հինգշաբթի 13 Օգոստոս 2015, նահատակ Պետրոս Հաւաթեանի յիշատակին։ Հովանաւորութեամբ Մեթր Ժագ Չուխատարեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահի տնօրէնութեան՝ Մուսալեռցի արուեստագէտներու հաւաքական Ցուցահանդէս, որուն կը մասնակցին Պօղոս Թասլաքեան (Աղասի), Ռաֆֆի Անտոնեան, Գրիգոր Սգայեան, Ժիրայր Փանոսեան, Մարալ Փանոսեան, Նանոր Հաճեան, Պետիկ Տուտագլեան, Աշոտ Թազեան, Վարուժան Մարտիրեան եւ Տոբթ. Յարութիւն Նիկոլեան: Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահին մէջ :

«Անձեռնմխելի Արմատներ» ժապաւէնի ցուցադրութիւն. նահատակ Պետրոս Փենէնեանի յիշատակին։ Տեղի պիտի ունենայ «Փիւնիկ» Սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

Ուրբաթ, 14 Օգոսոտս 2015, նահատակ Սամուէլ Պոյաճեանի յիշատակին։ Հ Վարուժան Արք. Հերկելեանի հրատարակութիւներուն նուիրուած գրական երեկոյ: Գիրգերու ներկայացում եւ շնորհահանդէս։ Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 8:00-ին , «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:

-Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2015, կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ Կաթողիկէ համայնքի «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան՝ «Ս. Աստուածածնայ» Ժողովրդային Տօնախմբութիւն (աւանդական մատաղի պատրաստութիւն , տօնավաճառ)։ Տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ:

-Կիրակի, 16 Օգոսոտոս 2015, Այնճարի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի» Ս. պատարագ, քարոզ, խաղողօրհնէք, մատաղի օրհնութիւն եւ ցրւում, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ:

-Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2015, նահատակ Պաղտասար Մարտիկեանի յիշատակին։ «Հայկազեան» համալսարանի կողմէ հրատարակուած «Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «The Musadagh Armenians A Socioeconomic And Cultural History» 1919-1939 նորատիպի շնորհահանդէս։ Հատորը պիտի ներկայացնէ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան։ Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:

-Կիրակի, 23 Օգոսոտոս 2015, նահատակ Սարգիս Շաննաqեանի (Կրօն) յիշատակին։ Հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի կողմէ հրատարակուած Դոկտ. Սալէհ Զահրըլտինի “من جبل موسى إلى حوش موسى- عنجر”” հատորի շնորհահանդէս։ Հատորը պիտի ներկայացնեն Դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան եւ Եսայի Հաւաթեան։ Տեղի պիտի ունենայ քաղաքապետարանի շրջափակին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

Ուրբաթ, 28 Օգոսոտոս 2015, նահատակ Գրիգոր Գըպուրեանի յիշատակին։ Կազմակերպութեամբ «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, Մուսալեռցի նշանաւոր գրող Եդուարդ Պոյաճեանի վերանորոգուած դամբարանի բացում Տեղի կ ունենայ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի ազգային գերեզմանատան մէջ: Շաբաթ 29 Օգոսոտս 2015 նահատակ Պարսում Iuօշեաեի յիշատակին Հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան Դալար Անկիչի Բացում։ Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, քաղաքապետարանի կողքին, որուն պիտի յաջորդէ Հ.Ց.Դ. «Ցառաջ Պատ. Միութեան Տօնավաճառը Երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ:

-Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2015, կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքին, յոյշ երեկոյ նուիրուած Մուսա Լերան հերոսամարտի կեդրոնական վարչութեան նախագահ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի։ Տեղի պիտի ունենայ երեկոյան ժամը 8:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ:

-Շաբաթ, 5 Սեպտեմբեր 2015, նահատակ Յովհաեեէս Լուրջեաեի յիշատակին – Մուսալեռցի ականաւոր գրող եւ գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանի տուն թանգարանի բացում։ Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 6:30-ին:

-Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի մասնաճիւղին՝ Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի փողերախումբի նուագահանդէս։ Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի պասքէթպոլի դաշտին վրայ:

-Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր 2015, նահատակ Միսաք Պայրամեանի յիշատակին։ Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետութեան -Նախատօնակ «Սրբոց Թարգմանչաց», օրհնութիւն եւ քողազերծում «Ապրիլեան Նահատակներու Եօթնվէրք Տիրամայր» խաչքարին ( գործ Աղասիի- Պօղոս Թասլաքեան) երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

-Ներկայացում «Էրէբունի» նորաստեղծ ինքնահոսին (գործ Գրիգոր Սգայեանի) եւ «Վերածնունդով դէպի Ցաւերժութիւն» յուշագիրքին (հեղինակ Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեան)։ Երեկոյեան ժամը 7:15-ին:

-Շնորհահանդէս «Այնճարի Ս. Վարդարանի Տիրամայր Հայ Կաթողիկէ Համայնքին Պատմագրութեան Համար» նորատիպին (Հեղինակ Հայր Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան), ժամը 7:30-ին:

-Հինգշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2015, նահատակ Գրիգոր Նզրուրեանի (Եխզպաշի) յիշատակին։ Կազմակերպութեամբ Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութաեան։ Ազգային բարերար «Գալուստ Կիւլպէնկեան»ի կիսանդրիի բացում եւ շքանշանի տուչութիւն ԱՄՆ-ի մէջ գործող վարժարանի օժանդակ յանձնախումբի անդամներու։ Տեղի պիտի ունենայ վարժարանի շրջափակին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

-Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2015, նահատակ Սամուէլ Մարգարեանի յիշատակին։ Լ.Օ.1.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ Մուսա Լերան Ազգագրական Տոհմիկ երեկոյ։ Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ , «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:

-Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2015, նահատակ Պօղոս Անտէկեանի յիշատակին Ներկայացում հայրենակցական տարբեր միութիւններու եւ Այնճարեան արտադրութիւններու տօնավաճառ՝ Այնճարի կեդրոնական հրապարակին վրայ, կ.ե. ժամը 5:00-էն սկսեալ:

-Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառի՝ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւն։ Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձան-համալիրի կողքին: Ելոյթ պիտի ունենայ հայրենի երգիչ Հայկ Մխոյեան, իսկ աւարտին պիտի հնչէ Մուսա Լերան աւանդական թմբուկ-զուռնան: Միաժամանակ տեղի պիտի ունենայ մատաղի պատրաստութիւն՝ կազմակերպութեամբ «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, յուշարձան-համալիրին մէջ:

-Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2015, նահատակ Աբրահամ Սեւուկեանի (Սէքլէմեան) յիշատակին։ Կազմակերպութեամբ «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին՝ առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ Ս. պատարագ եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու հոգիներուն համար հոգեհանգիստ, որուն պիտի յաջորդեն մատաղօրհնէքն ու մատաղի ցրւումը։

Ծանօթ: 14 եւ 16 Սեպտեմբերին Մուսալեռցի ուխտաւորներ Այնճարէն պիտի մեկնին Հայաստան, մասնակցելու համար հերոսամարտի 100-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններուն:

Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի դաստիարակչական-քարոգչական յանձնախումբ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակի Կեդրոնական Մարմին


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.