ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի Ճամբարի մասնակիցներու թիւը հասաւ 402-ի


Վանաձոր – Յուլիս 20-ին սկիզբ առած Գանատայի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Վանաձորի ճամբարի մասնակիցներու թիւը հսաաւ 402-ի։

 Հինգերորդ տարին ըլլալով Գանատայի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը (ԳԵՄ) իր երկշաբաթեայ ճամբարը կը կազմակերպէ Վանաձորի մէջ։ Այս տարի ճամբարին կը մասնակցին 9-15 տարեկան վանաձորցի երեխաներ, որոնք կը հետեւին ԳԵՄ-ի 12 վարիչներու պատրաստած ամէնօրեայ դասընթացքներուն եւ ծրագիրներուն, որոնք կ՚ընդգրկեն անգլերէն լեզուի դասընթացք, ազգային-յեղափոխական երգերու ուսուցում, ՀՅԴ պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, մարզանք։

Այս տարուան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ «Առաջնորդներու պատրաստութիւն» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ պատանիները ծանօթացնել ղեկավարման ձեւաչափերուն։

Ճամբարի ամենօրեայ աշխատանքներուն կը հսկեն Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն եւ Լոս Անճելոսէն ՀՅԴ երիտասարդական միութեան 12 անդամներ։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.