350 վանաձորցի երեխաներ կը մասնակցին ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Ճամբար 2015»ին


Վանաձոր – Հինգերորդ տարին ըլլալով Գանատայի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը (ԳԵՄ) իր երկշաբաթեայ ճամբարը կը կազմակերպէ Վանաձորի մէջ։ Այս տարի ճամբարին կը մասնակցին 9-15 տարեկան 350-է աւելի վանաձորցի երեխաներ, որոնք կը հետեւին ԳԵՄ-ի 12 վարիչներու պատրաստած ամէնօրեայ դասընթացքներուն եւ ծրագիրներուն, որոնք կ՚ընդգրկեն անգլերէն լեզուի դասընթացք, ազգային-յեղափոխական երգերու ուսուցում, ՀՅԴ պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, մարզանք… Ճամբարը սկիզբ առաւ Յուլիս 20-ին։

Այս տարուան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ «Առաջնորդներու պատրաստութիւն» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ պատանիները ծանօթացնել ղեկավարման ձեւաչափերուն։

Ճամբարի ամենօրեայ աշխատանքներուն կը հսկեն Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն եւ Լոս Անճելոսէն ՀՅԴ երիտասարդական միութեան 12 անդամներ։

 

 

Ճամբարի վարիչները ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Կիրօ Մանոյեանի հետ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.