Վանեւանի Նորայայտ Խաչքարը Իր Վրայ Կը Հրաւիրէ Հայ Ու Օտար Հնագէտներու Ուշադրութիւնը


ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».– Գեղարքունիքի մարզի Վանեւան գիւղի հիւսիսային եզրին՝ համայնքի ղեկավար Նորայր Յարութիւնեանի բնակարանի կողքին, փառաշուք կերպով կը հանգչի մեծ ու գեղաքանդակ խաչքար մը, որ գրաւած է ո՛չ միայն տեղացիներուն, այլ նաեւ սփիւռքահայերուն, հայ եւ օտար հնագէտներուն ուշադրութիւնը: Վիմագիր խաչքարը առանձնայատուկ է ո՛չ միայն իր վեհաշուք տեսքով, այլ նաեւ բացառիկ պատմութեամբ, որ արդէն դարձած է աւանդազրոյց տեղացիներու շրթերուն:

Վանեւանի գիւղապետ Նորայր Յարութիւնեան «Արմէնփրէս»ի թղթակից Խոսրով Խլղաթեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ խաչքարը անորոշ ժամանակով նետուած էր իր ներկայի տեղէն՝ մօտ 50 մեթր հեռաւորութեամբ գտնուող հորի մը մէջ՝ անտարակոյս իսլամներուն կողմէ: Անիկա հողին տակէն լոյս աշխարհ բերուած է 1989 թուականի Ապրիլին՝ Պաքուէն բռնագաղթած Կոլեա Բաղիրեանի դստեր պահանջով: «Բաքուից բռնագաղթի ենթարկուած հայ ընտանիքի դուստրը երազում տեսել է խաչքարը, նրա գտնուելու վայրը եւ պահանջել է փորել նշուած տեղը, որտեղ խոր հոր է բացուել, մէջը՝ մեր զօրաւոր, շքեղ խաչքարը: Վարդենիսի այն ժամանակուայ շրջկոմի երկրորդ քարտուղար Կորիւն Յակոբեանի օժանդակութեամբ վերամբարձ կռունկ բերուեց, որի օգնութեամբ խաչքարը դուրս բերուեց իր թաքստոցից եւ դարձաւ մեր հոգեւոր ու սուրբ մասունքը: Քանի որ հնագէտներն այդպէս էլ չկարողացան յստակեցնել, թէ այն մինչեւ կողոպտուելն ու հորում թաքցուելը որտեղ է կանգնեցուած եղել, որոշեցինք այն վեր խոյացնել Վանեւանի մատուռի աւերակների տարածքում, որտեղ նոյնպէս պահպանուել են մի քանի այլ խաչքարեր», նշած է համայնքի ղեկավարը:

Խաչքարը պատրաստուած է 12րդ դարուն, կոպտատաշ պազալթէ: Անոր կանգնեցուած տեղը աւելի քան երկու տասնամեակ արդէն դարձած է ուխտատեղի տեղացիներուն եւ արտերկրի հայերուն համար: «Նրա առջեւ էին երդւում մեր ազատամարտիկները մարտական գործողութիւնների մեկնելուց առաջ», հաստատած է համայնքի ղեկավարը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.