«Իսլամական Պետութիւն»ը Ի՞նչ Ստացած Է Թուրք Պատանդներուն Փոխարէն


ՊՈԼԻՍ.- «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ գործող «Լիուա Թաուհիտ» խմբաւորումը ազատ արձակած է իրեն քով գտնուող «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան 50 անդամներ, ներառեալ՝ Հալէպի մէջ սպաննուած անոր ղեկավարներէն մէկուն կինն ու երեխաները, որոնց փոխարէն ազատ արձակուած են 49 թուրք պատանդները:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած են 26 ատրպէյճանցիներ, որոնք Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ կռուած են ծայրայեղական խմբաւորումներու կողքին: Անոնք կրնան մինչեւ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուիլ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.