Վրաստան-Ատրպէյճան Ռազմափորձեր


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Նովոսթի Կրուզիա» կը տեղեկացնէ, որ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ սպսարակութիւնը հաղորդած է, թէ Վրաստանի մէջ Սեպտեմբեր 5ին տեղի պիտի ունենան «Անվտանգ Կովկաս 2014» վրաց-ատրպէյճանական միացեալ ռազմափորձեր։
«Ռազմափորձերու նպատակը փրկարար ուժերու համակարգուած աշխատանքի բարելաւումն է, արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին փոխադարձ օգնութեան վերաբերեալ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած յուշագիրի ծիրին մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.