Արցախի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ԼՂՀ անկախութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձը
934
0
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) անկախութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձը Ստեփանակերտի մէջ սկսաւ Սեպտեմբեր 23-ի առաւօտեան, Արցախի Պաշտպանութեանէ Բանակի զինուորներու հանդիսաւոր քայլերթով:
Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի և Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան հետ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն այցելած են Ստեփանակերտի զոհուած Ազատամարտիկներու յուշահամալիր:
Երկու հայկական պետութիւններու բարձագոյն ղեկավարութիւնները ծաղիկներ և ծաղկեպսակներ զտետեղած են արցախեան ազատամարտին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն: Այնուհետև տեղի ունեցած է բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայերթը: