Սահմանամերձ Գիւղերու Բնակիչներուն Համար Պաշտպանութեան Դասընթացք


Յառաջիկային Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն համար պիտի կազմակերպուին պաշտպանութեան յատուկ դասընթացքներ, որոնց ընթացքին գիւղացիներուն պիտի սորվեցնեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, օրինակ, կրակոցներու ժամանակ: Նախաձեռնութիւնը արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեանն է:

Նախարար Արմէն Երիցեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ սահմանային վերջին միջադէպերէն ետք, նման դասընթացքներ կազմակերպելու առաջարկ ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարարին, եւ այժմ երկու նախարարութիւնները այս ուղղութեամբ պիտի համագործակցին:

«Հիմա նկուղները պէտք է երթանք, նայինք, այսինքն` այդ կրակոցներուն ընթացքին իրենք ի՛նչ պէտք է ընեն: Շատերը երկար ժամանակ կրակոցներու տակ են, բայց հոն կան մասնագէտներ, մասնագէտները կ՛երթան հոն, ցոյց կու տան, մենք ալ կ՛երթանք: Պէտք է երթանք մարդոց օգնենք», ըսաւ Երիցեան:

Ան նաեւ նշեց, որ այս աշխատանքին պիտի մասնակցի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան 4 հազար աշխատակից: Ըստ անոր, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան արդէն յանձնարարականներ տուած է: Սահմանային 21 գիւղի մէջ  ծրագիրները շուտով կը սկսին:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարը ընդգծեց, որ ուշադրութիւն պիտի դարձնեն նաեւ քաղաքացիական բնակչութեան կողմէ անզգուշութեան, անտեղեակութեան պատճառով սահմանը խախտելու դէպքերուն, պիտի  քարտէսագրեն սահմանային տարածքները եւ գիւղացիներուն պիտի բացատրեն, թէ ո՛ր շրջաններէն կարելի չէ երթալ:

«Մենք պէտք է իրենց բացատրենք, դասընթացքներ կազմակերպենք, որ այս տեղերը կարելի է երթալ, այս տեղերը` ոչ: Քարտէսները կ՛ունենանք, իրենց ցոյց կու տանք»,  ըսաւ Երիցեան եւ աւելցուց. «Հակառակ անոր որ խնդիրը բանակի իրաւասութեան մէջն է, բայց այս ձեւով մենք պիտի փորձենք օգնել պաշտպանութեան նախարարութեան»:

Նախանցեալ օր համագործակցութեան համաձայնութիւն գոյացուցին նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնն ու Երկրապահ կամաւորականներու միութիւնը: Յառաջիկային երկրապահները նախարարութեան աշխատակիցներուն  համար դասընթացքներ պիտի կազմակերպեն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.