Իրաքի Եզիտիներուն Հարցով ՀՀ Նախարարութեան Յանձնարարական
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ յանձնարարականներ տրուած են արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն, միջազգային շրջանակներուն մէջ պատշաճ մակարդակով արծարծելու Իրաքի եզիտի բնակչութեան նկատմամբ շարունակուող զանգուածային բռնութիւններու եւ մարդկային բազմաթիւ զոհերու հարցը:
Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Արման Սաղաթելեանի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Նշելով, որ Հայաստան «խորապէս անհանգստացած է» Իրաքի հիւսիսը եզիտի բնակչութեան նկատմամբ շարունակուող զանգուածային բռնութիւններու փաստով, Հայաստանի նախագահի մամլոյ բանբերը յայտարարած է. «Որեւէ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեան եւ մասնաւորապէս Իրաքի եզիտիներուն նկատմամբ բռնութեան կիրարկումը բացարձակապէս անընդունելի է, եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ քայլերու ձեռնարկէ զանոնք ժամ առաջ դադրեցնելու, տուժածներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար»:
Սաղաթելեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ նախագահ Սարգսեան Հայաստանի վարչապետին հետ երէկ քննարկած է Հայաստանի կողմէ տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան նախապէս ծրագրուած ծաւալները աւելցնելու հարցը, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի լուծէ:
«Խնդիրը պիտի շարունակէ մնալ պաշտօնական Երեւանի ուշադրութեան առարկան, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ուժերուն չափով հետեւողականօրէն պիտի աջակցի փորձանքի մատնուած բարեկամ եզիտի ժողովուրդին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Յայտնենք, որ նախապէս Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Իրաքի եզիտիներուն 50 հազար տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու որոշում տուած էր: