Յովիկ Թիւֆէնքճեան Գանատայի յառաջիկայ դաշնակցային ընտրութեանց թեկնածու
- (0)

Յովիկ պիտի ներկայնայ որպէս Ազատական կուսակցութեան թեկնածու Լաւալի VIMY ընտրաշրջանէն:
Ազատական կուսակցութեան նոր կանոնագրին համաձայն, իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի թեկնածուն կ՚որոշուի նախընտրական քուէարկութեամբ, այդ ընտրաշրջանի կուսակցականներուն կողմէ եւ կուսակցութեան թեկնածուն կը յայտարարուի առաւելագոյն քուէներ ստացողը։ VIMY ընտրաշրջանի մէջ Յովիկ Թիւֆէնքճեանին կողքին կան չորս այլ ազատական թեկնածուներ:
Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Յովիկ Թիւֆէնքճեանին, գնահատելով Հայ Դատի աշխատանքներու առնչութեամբ իր կատարած ներդրումն ու Լաւալի հայ գաղութին համար իր բերած անսակարկ ծառայութիւնները: