ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ ԵՒ ՔԻՒՐՏԵՐԸ
Սեւրի պայմանագիրը միջազգային-իրաւական առաջին փաստաթուղթն էր, որ կ՚անդրադառնար քիւրտերուն եւ կը ճանաչնար անոնց իրաւունքները պարտութեան մատնուած Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ։ Դաշնագիրի 433 յօդուածներէն երեքը՝ 62-րդը, 63-րդը եւ 64-րդը կ՚առնչուէին քիւրտերուն։ 62-րդ յօդուածին մէջ կ՚ըսուէր.«Կոսթանդնուպոլսոյ մէջ գտնուող եւ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ կողմէ նշանակուած երեք հոգիէ բաղկացած յանձնախումբը վեց ամսուան ընթացքին պիտի պատրաստէ կանոնակարգ մը ինքնավարութեան վերաբերեալ գերակշիռ քիւրտ բնակչութիւն ունեցող այն շրջաններուն, որոնք ինկած են Եփրատէն արեւելք եւ Հայաստանի հարաւային սահմանէն հարաւ։ Յանձնախումբին մէջ անհամաձայնութիւն ծագելու պարագային հարցը կը լուծեն իրենք՝ համապատասխան երկիրներու կառավարութիւնները։ Միաժամանակ պէտք է մշակուին կատարեալ երաշխիքներ վերոյիշեալ շրջաններու ասորա-քաղդէական եւ այլ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան համար։ Այդ նպատակով յատուկ յանձնախումբը, որու մէջ բացի բրիտանական, ֆրանսական եւ իտալական ներկայացուցիչներէն պէտք է մտնեն նաեւ պարսկական եւ քրտական ներկայացուցիչները, պիտի ուսումնասիրեն եւ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի ճշդեն թուրք-պարսկական սահմանը»։
63-րդ յօդուածով Թուրքիան կը պարտաւորուէր երեքամսեայ ժամկէտի մէջ ընդունիլ եւ իրագործել այդ զոյգ յանձնախումբերու որոշումները։
64-րդ յօդուածը կ՚ազդարարէր, որ եթէ մէկ տարի ետք 62-րդ յօդուածին մէջ նշուած շրջաններու քիւրտ բնակչութիւնը դիմէ Ազգերու լիկայի խորհուրդին՝ նշելով, որ անոնց բնակչութեան մեծամասնութիւնը կ՚ուզէ Թուրքիայէն անկախ ըլլալ, իսկ Ազգերու լիկայի խորհուրդը վերջիններուս անկախութիւն ունենալու ընդունակ համարէ, ապա Թուրքիան պարտաւոր է հրաժարիլ այդ շրջաններու նկատմամբ իր իրաւունքներէն։ Եթէ քրտական պետութեան կազմի մէջ ցանկութիւն ունին մտնելու նաեւ Մուսուլի վիլայէթի քիւրտերը, ապա գլխաւոր դաշնակիցներ պիտի չառարկեն։
Այսպիսով, Սեւրի դաշնագիրը կը նախատեսէր սկիզբը Թուրքիոյ տարածքին մէջ ստեղծել ինքնավար Քիւրտիստան, անոր տրամադրելով իրաւունք, որ մէկ տարի ետք անիկա անջատուի Թուրքիայէն եւ վերածուի անկախ պետութեան։ Յստակացուած չէր, սակայն, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ միջոցներով պէտք է իրականացուէր անցումը ինքնավարութենէն դէպի անկախութիւն։ Առնոլտ Թոյնպին կը նշէ, որ քիւրտ բնակչութիւնը ոգեւորուած էր ոչ այնքան քրտական պետութեան ստեղծման հնարաւորութենէն, որքան տագնապած էր Արեւմտեան Հայաստանը Հայաստանի հանրապետութեան միացուած տեսնելու մտքէն։ Մուսթաֆա Քեմալ նախ սիրաշահեցաւ քիւրտերը եւ անոնց ուժերը օգտագործեց Թուրքիոյ թշնամիներուն, ներառեալ Հայաստանի հանրապետութեան դէմ պայքարին մէջ, ապա պոլշեւիկներու հետ համատեղ վերջ դրաւ նորաստեղծ հայկական պետութեան եւ վերջապէս, ազատութիւն ստացաւ քրտական հարցին մէջ՝ ատոր լուծումը տեսնելով քրտական կոտորածներու եւ բռնագաղթերու մէջ։ Թուրքերը ատոր փորձառութիւնը ունէին։ Քիւրտերը խաբուած էին, սակայն արդէն ուշ էր։