Երկու եղբայրներ նոյն օրը կը զոհուին Հալէպի մէջ


Գանձասար.- Շաբաթ 9 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանին վրայ արձակուած կազի պայթուցիկ տակառի պայթումին պատճառով զոհուեցան Մելքոն Պալեանն ու Յարութիւն Սարգիսեանը. արձանագրուեցան նաեւ վիրաւորներ եւ նիւթական լուրջ վնասներ: Նոյն օրը, ժամեր անց իր մահկանացուն կնքեց նաեւ վերոյիշեալ պայթումին ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած Ժիրայր Պալեանը՝ զոհուած Մելքոն Պալեանի եղբայրը: Զոհուած հայորդիներու յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի 10 Օգոստոս 2014-ին, Նոր Գիւղի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.