Սպառնալիք «Ակօս»ին Եւ Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմ Պատրաստած Բեմադրիչին Դէմ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թրքական «Վաթան» թերթը կը գրէ, թէ թուրանականներու լրատուական «Օթուքեն» պարբերաթերթի կայքին վրայ սպառնալիքներ կատարուած են Ցեղասպանութեան մասին «Հատում» (The Cut) ֆիլմի թուրք-գերմանացի յայտնի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի եւ այդ ֆիլմը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու նախաձեռնութիւն ցուցաբերող Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հասցէին:
«Մենք՝ Թուրք-թուրանական միութիւնը, պիտի չարտօնենք, որ 2015ի սեմին, Հայկական Ցեղասպանութեան սուտը Թուրքիոյ պարտադրող «Հատում» ֆիլմի ցուցադրութիւնը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենայ։ Բացայայտօրէն կը սպառնանք «Ակօս»ին, հայ ֆաշականներուն եւ այսպէս կոչուած՝ մտաւորականներուն։ Այդ ֆիլմը Թուրքիոյ որեւէ շարժապատկերի սրահի մէջ պիտի չցուցադրուի։ Մենք ատրպէյճանական դրօշակներով եւ ճերմակ գլխարկներով կը հետեւինք զարգացումներուն», նշուած է սպառնալիքին մէջ:
Նշենք, որ «Ճերմակ գլխարկ»ը թուրք ազգայնամոլներուն մօտ դարձած է Հրանդ Տինքը սպաննած ոճրագործին խորհրդանիշը, որովհետեւ ան ոճիրի պահուն ճերմակ գլխարկով էր։
Նշեալ ֆիլմը կը ներկայացնէ պատմութիւնը Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած հայու մը, որ կը փնտռէ իր երկու զաւակները: Հարցազրոյցի մը ընթացքին, բեմադրիչը յայտնած էր, թէ Թուրքիոյ հասարակութիւնը պատրաստ է դիտելու նման ֆիլմ մը եւ յոյս յայտնած էր, որ ֆիլմը կը ցուցադրուի Թուրքիոյ տարածքին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.