Հայաստանի Շուրջ 3 Միլիոն Բնակչութեան 92 Տոկոսը Հայ Առաքելական Է


ԵՐԵՒԱՆ.– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերու բիւրոն հրապարակած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կրօնական ազատութեան վերաբերող 2013ի զեկուցումը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանին։
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ, թէեւ Հայաստանի սահմանադրութիւնը կը պաշտպանէ քաղաքացիին կրօնական ազատութիւնը, այնուհանդերձ որոշ օրէնքներ կը սահմանափակեն զայն: Զեկոյցին հեղինակները կը նշեն, որ 2013ին արձանագրուած են կարգ մը դէպքեր, որոնց ընթացքին կրօնական փոքրամասնութիւնները խոչընդոտներու հանդիպած են իրենց երկրպագութեան վայրերու կառուցման համար, իսկ կրօնական փոքրամասնութիւնները ներկայացնող երեխաներուն դէմ դպրոցներուն մէջ խտրական վերաբերմունք կիրարկուած է: Այս մասին յայտնի դարձած է Եւրոպայի խորհուրդին կատարած ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք:
Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Մայիսին խորհրդարանը համաձայնութիւն տուած է այլընտրանքային ծառայութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելուն, որուն իբրեւ արդիւնք նուազած է այլընտրանքային ծառայութեան ժամկէտը, ինչպէս նաեւ ազատ արձակուած են բոլոր «Եհովայի վկաները», որոնք՝ մեկնելով իրենց կրօնական համոզումներէն, հրաժարած են բանակ ծառայելէ։
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ գրուած է, որ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպած են հասարակութեան կողմէ խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան երեւոյթներու:
Ըստ զեկուցումին՝ Հայաստանի շուրջ 3 միլիոն բնակչութեան 92 տոկոսը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ է, մինչդեռ ընդհանուր բնակչութեան 5 տոկոսը կը կազմեն ուղղափառ քրիստոնեաները, աւետարանական քրիստոնեաները, մոլոկանները, յիսունականները, բապտիստները, «Եհովայի վկաները», մորմոնները, սիւննի եւ շիի իսլամները, հեթանոսներն ու այլ կրօնական ուղղութիւններու ներկայացուցիչներ:
Կրօնական փոքրամասնութիւններու հարցին առնչութեամբ կառավարութեան դիրքորոշման մասին փաստաթուղթին մէջ գրուած է, որ, ըստ գործող օրէնքին, կրօնական խումբերու պաշտօնական արձանագրութիւնը բաւական բարդ գործընթաց է, եւ որ միայն արձանագրուած խումբերը ունին օրինական կարգավիճակ: Ոչ օրինական կրօնական խումբերուն չ՛արտօնուիր հազարէ աւելի օրինակով թերթեր կամ ամսագիրներ տպել, վարձել տարածքներ, պատկերասփիւռով կամ ձայնասփիւռով հաղորդումներ կատարել։
Զեկոյցին հեղինակները կը մէջբերեն 28 Փետրուարին Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի փրոֆեսէօր Արմինէ Դաւթեանը կրօնական պատճառներով աշխատանքէ արձակելու դէպքը: Կինը պատմած է, որ, թէեւ ինք որեւէ կրօնական կազմակերպութեան անդամ չէ, այնուհանդերձ իր տեսակէտը տարբեր է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տեսակէտէն։ Ըստ անոր՝ այդ պատճառով է, որ զինք աշխատանքէ հեռացուցած են։
Փաստաթուղթին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ մետիայի կողմէ կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ կողմնակալ վերաբերմունքին: Նշուած է, որ լրատուամիջոցներուն մեծ մասը կը վարկաբեկէ զանոնք՝ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ներկայացնելով որպէս յանցագործներ ու լրտեսներ: Զեկուցումին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ միայն հայ առաքելական եկեղեցւոյ մեծ առաւելութիւններ տրուած են իրաւական բնագաւառին մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.