Նախագահ Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց գանատացի նախարար Ճէյսըն Քէնիին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իր ներդրումին համար
ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուեիս 30-ին ընդունեց Գանատայի աշխատանքի, ընկերային զարգացման բազմամշակութային հարցերու նախարար և խորհրդարանի անդամ Ճէյսըն Քէնիին:
Հանդիպման ընթացքին, նախագահ Սարգսեան յայտնած է, թէ գանատացի նախարարը իր անկեղծ և հետևողական աշխատանքով իր ուրոյն նպաստը կը բերէ հայ-գանատական բարեկամութեան ամրապնդման գծով։
Երկու կողմերը բարձր գնահատած են նաեւ հայ-գանատական միջպետական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը, որուն հիմքը, զրուցակիցներուն համոզումով, երկու ժողովուրդներու քրիստոնէական արժեհամակարգի ընդհանրութիւններն են:
Ճէյսըն Քէնին նշած է, թէ այս այցելութիւնը երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ առևտրատնտեսական կապերը խթանելու պատրաստակամութեան վկայութիւնն է:
Հանդիպման ժամանակ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը երախտագիտութիւն յայտնած է Գանատայի իշխանութիւններուն՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, հայ ժողովուրդի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող այդ հարցին վերաբերեալ յստակ դիրքորոշում արտայայտելու համար: Այս ծիրէն ներս, նախագահ Սարգսեան ընդգծած է Ճէյսըն Քէնիի անձնական մեծ ներդրումը ևս: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ գանտահայ գաղութին նկատմամբ Գանատայի մէջ ցուցաբերուող ջերմ վերաբերմունքին համար:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու մասին:
Նշենք, որ նախարար Քէնի հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ Սփիւռքի նախարարին հետ։