Հայաստանի Մէջ Աւելցած Է Անգործներուն Թիւը
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մէջ աւելցած է անգործներուն թիւը։ Պաշտօնական տուեալներով՝ աւանդաբար մեծ է անգործ կիներուն թիւը, շուրջ 72 տոկոս: Աշխատանք փնտռող երիտասարդներուն թիւը 24 տոկոս է:
Հայաստանի զբաղուածութեան պետական ծառայութեան աշխատանքի վերլուծութեան բաժինի պետ Անահիտ Փարսադանեանի համաձայն՝ այս տարուան 1 Յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ անգործներուն թիւը 63 հազար է: Անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով՝ անգործներուն թիւը աւելցած է 11 տոկոսով։
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Փարսադանեան, աշխատանք փնտռողներու եւ պետական գործակալութեան մէջ արձանագրուածներուն թիւը նուազած է, ինչ որ պայմանաւորուած է 1 Յունուարէն անգործութեան նպաստի վերացման հանգամանքով:
«(Գործակալութիւնում գրանցուած) աշխատանք փնտռողների թուաքանակը անցած տարուայ նկատմամբ 4.9 տոկոսով նուազել է: Այո՛, մարդիկ կային, որ հէնց գալիս էին նպաստ ստանալու համար»:
Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ զբաղուածութեան տարածքային կեդրոնի տնօրէն Սուսաննա Յովսէփեան ըսած է, որ այս վեց ամիսներուն ընթացքին իրենց քով արձանագրուածներուն թիւը կտրուկ նուազած է 50– 70 տոկոսով: Պատճառը, ըստ անոր եւս, նպաստի բացակայութիւնն է:
«Անցած տարի այս նոյն սեզոնին մեզ մօտ օրուայ ընթացքում 10-20 մարդ էր այցելում, իսկ այս տարի, բնական է, պակասել է, եւ օրուայ ընթացքում մենք հաշուառում ենք 3-5 քաղաքացի», դիտել տուած է Յովսէփեան:
18 տարի աշխատանք փնտռող մասնագիտութեամբ բժիշկ կին մը գործակալութիւն եկած էր իր 2 դուստրերուն հետ: Անոնք եւս անգործ են: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անոնք յայտնած են, որ իրենց ընտանիքը դժուար կը գոյատեւէ, քանի որ իրենցմէ ոչ մէկը կրցած է աշխատանք գտնել։
Հակառակ անոր, որ անոնք հաստատած են, որ տարիներ շարունակ անգործ են, բայց եւ այնպէս Զբաղուածութեան գործակալութենէն նշած են, որ թափուր աշխատատեղերը կ՛աւելնան, եւ երկար ատեն չեն գտնուիր աշխատող՝ առարկայական պատճառներով։
«Մեր հաւաքագրած թափուր աշխատատեղերը աճում են, բայց 0.8 տոկոսով նախորդ տարուայ համեմատ քիչ ենք տեղաւորել: Աշխատավարձերը հիմնականում ցածր են, դա է խնդիրը: Աշխատավարձը, աշխատանքային պայմանները չեն խթանում աշխատանքի տեղաւորմանը», յայտնած է Զբաղուածութեան տարածքային կեդրոնի տնօրէնը:
Պաշտօնական տուեալներով՝ սովորաբար մեծ է անգործ կիներուն թիւը, շուրջ 72 տոկոս: Անգործ երիտասարդներուն թիւը եւս տարուէ տարի կ՛աճի, եթէ քանի մը տարի առաջ անոնք անգործներուն 20 առ հարիւրը կը կազմէին, այսօր արդէն 24 տոկոսը կը հանդիսանան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքա՞ն կը կազմէին անգործութեան նպաստ ստացողները եւ հիմա անոնցմէ որքա՞նը կը մասնակցի նպաստին փոխարինելու եկած ծրագիրներուն, որոնք պէտք է օգնեն մարդոց աշխատանք գտնելու՝ Փարսադանեան ըսած է. «Աշխատանք փնտռողների 11 տոկոսը ընդգրկուած է ծրագրերում, շուրջ 7228 անձ, որոնցից 3 տոկոսը ակտիւ ծրագրերում են: Նախկինում 25-30 տոկոսը նպաստի ծրագրում էին ընդգրկւում»։