Սուրիոյ մէջ ազրպէյճանցի ժիհատականներու հրամանատարը սպաննուած է


«Ալհատասնիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ «Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժեր»ը գործողութեան մը ընթացքին յաջողած են «Իսլամական պետութիւն» (ISIS – ԴԱՀԵՇ) զինեալ կազմակերպութեան մէջ ազրպէյճանցիներու գումարտակի հրամանատարը սպաննել։

Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերէն զինուորական աղբիւր մը կայքին յայտնած է, որ ազրպէյճանցիներու գումարտակի հրամանատարը սպաննուած է Ռաս ուլ Այնի արեւմտեան գիւղական շրջաններուն մէջ, «Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժեր»ուն կատարած զինուորական գործողութեան ընթացքին։

Աղբիւրը ըսած է, որ նշեալ ազրպէյճանցիներու գումարտակը իր հրամանատարին հրամանով Ռաս ուլ Այնի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ քաղաքայիններու դէմ գործած են ջարդ մը, որ ծանօթ է «Թլելիէ» ջարդ անունով եւ որուն զոհ գացած էր 15 անզէն քաղաքայիններ։

Կը հաղորդուի, որ նշեալ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ «Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժեր»ու միջեւ բախումները կը շարունակուին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.